Արհաւիրքը մեծ է եւ վնասները բազմազան, սակայն հայու կամքը պիտի կարենայ յաղթահարել այս բոլորը

Արհաւիրքը մեծ է եւ վնասները բազմազան, սակայն հայու կամքը պիտի կարենայ յաղթահարել այս բոլորը

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հաղորդագրութիւնը

Համազգայինը իր կրթական ու մշակութային առաքելութեամբ եւ աշխարհատարած գործունէութեամբ անմասն չի մնար հայ ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններէն ու աղէտներէն: 6 փետրուար 2023-ի վաղ առաւօտեան տեղի ունեցած երկրաշարժը ցնցած է համայն աշխարհը, յատկապէս` շրջանի ժողովուրդն ու Միջին Արեւելքի երկիրները:

Տասնամեակէ մը ի վեր ընթացող Սուրիոյ պատերազմի ահաւոր հետեւանքներուն վրայ աւելցաւ նոր ցաւ մը: Հալէպն ու հալէպահայութիւնը կրկին թիրախ են` այս անգամ բնութեան կողմէ հարուածուելով:

Նիւթական մեծ կորուստներէն առաջ, կան մարդկային զոհեր, որոնց թիւերը օրըստօրէ կ՛աւելնան: Երկրաշարժին պատճառած վնասները սաստկացուցին արդէն գոյութիւն ունեցող տնտեսական եւ ընկերային տագնապները:

Դժնդակ պայմաններու մէջ ապրող Սուրիան եւ սուրիահայութիւնը կը շարունակեն պայքարիլ: Այս բոլորին կողքին, անգամ մը եւս համաշխարհային զօրաշարժի մէջ ենք ազգովին: Արցախի աւելի քան 60 օրերու շրջափակումը եւ արցախցի մեր հայրենակիցներու յամառօրէն պայքարիլը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ միշտ մեր մտահոգութեան կիզակէտը, իսկ յաճախ` պայքարի եւ անկոտրում կամքի ներշնչարան:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը իր աշխարհատարած կառոյցներով եւ անդամներով իր բողոքի եւ դատապարտումի ձայնը կը բարձրացնէ Հայաստանը Արցախին կապող միջանցքը փակուելու առնչութեամբ` վստահ ըլլալով, որ հայ ժողովուրդի վաղեմի թշնամիները, որոնք առիթ չեն փախցներ կատարելու իրենց երազը` ջնջել հայութիւնն ու Հայաստանը, պիտի ձախողին անպայման: Հայ ժողովուրդը կառչած է իր հողին. սփիւռքը թիկունքն է արցախահայութեան եւ հայոց աշխարհին:

Սուրիոյ հայ գաղութին եւ հայրենակիցներուն մեր անվերապահ աջակցութիւնը կը տրամադրենք եւ վստահ ենք, որ մեր հայրենակիցները տոկալով նաեւ այս դժուարութեան` ոտքի պիտի կանգնին եւ դարձեալ պիտի շարունակեն իրենց բնականոն կեանքն ու աշխուժ գործունէութիւնը: Արհաւիրքը մեծ է եւ վնասները բազմազան, սակայն հայու կամքը պիտի կարենայ յաղթահարել այս բոլորը:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share