Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կոչը երկրաշարժէն տուժած  մեր ժողովուրդի զաւակներուն անմիջական օժանդակութիեան

Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կոչը երկրաշարժէն տուժած մեր ժողովուրդի զաւակներուն անմիջական օժանդակութիեան

Մեծ վիշտով տեղեակ դարձանք քանի մը օրէր առաջ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ ուժգին երկրաշարժի մը գործած մեծ աւերի մասին:

Երկրաշարժին պատճառով ծանր վնասներու ենթարկուած են Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան եւ Հալէպի Հայոց Թեմերուն Եկեղեցիները, տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ բազմաթիւ Հայ  ընտանիքներ կորսնցուցած են իրենց բնակարանները եւ կը գտնուին կորուստի, ցաւի եւ կենցաղային շատ ծանր դժուարութիւններու դիմաց:

Բարեբախտաբար, բազմաթիւ երկիրներ իրենց պետական օգնութեան ձեռքը արդէն երկարած են կորուստի տառապանքի մէջ գտնուող բնակիչներուն:

Կործանարար աղէտին հետեւանքները մեղմելու եւ մեր ժողովուրդին ընդհանուր կարիքները թեթեւցնելու նպատակով, մարդկային եւ ազգային  պարտականութիւնն է անմիջական օգնութեան հասնիլ մեր ժողովուրդին: Այս նպատակով կոչ կ’ուղղենք Արեւմտեան Թեմի մեր բոլոր եկեղեցիներուն, կազմակերպութիւններուն եւ ազգասէր անհատներուն, որ կարելիին չափ շուտով նիւթական հանգանակութեամբ օժանդակութիւն ցուցաբերենք Կ. Պոսլոյ Հայոց Պատրիարքութեան եւ Սուրիոյ Հայոց Թեմերուն, որոնք մեծ աշխատանք կը տանին հասնելու համար երկրաշարժէն վնասուած  մեր ժողովուրդին:

Բոլոր նուիրատուութիւնները կրնան փոխանցուիլ Արեւմտեան Թեմի մեր Առաջնորդութեան (Պըրպենք), որպէսզի պաշտօնապէս փոխանցումները կատարենք եկեղեցական պատկան Մարմիններուն՝ գլխաւորութէամբ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանի եւ Դամասկոսի Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշն. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի:

Մեր ժողովուրդին զաւակները ենթարկուած են ահաւոր կացութեան եւ կը կարօտին մեր շուտափոյթ օգնութէան։

«Տէ՛ր, ողորմեա՛, Տէ՛ր, ողորմեա՛, Տէ՛ր, ողորմէա՛,

Լե՛ր օգնական Ազգիս Հայոց»։

Օրհնութէամբ՝  

Գերշն. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան

Առաջնորդ

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմին

Փետրուար 9, 2023 Պըրպենք

Share