Սուրիոյ Հանրապետութեան մէջ Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած երկրաշարժը պատճառ դարձաւ մարդկային կորուստներու եւ աւերածութիւններու, որոնցմէ զգալիօրէն տուժեց նաեւ տեղի հայ համայնքը:
Աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն հայեացքը այժմ ուղղուած է երկրաշարժին հետեւանքով ծանր կացութեան մէջ յայտնուած Սուրիոյ հայկական համայնքին:
Հակառակ շրջափակման ծանր պայմաններուն՝ Արցախի Կառավարութիւնը, համագործակցելով Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի մասնաճիւղին հետ, որոշում կայացուցած է միանալու համահայկական օժանդակութեան աշխատանքներուն՝ կազմակերպելով դրամահաւաք:
Զօրակցութիւն յայտնելով Սուրիոյ մէջ ապրող մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն՝ կոչ կ՝ընենք Արցախի մէջ ապրող քաղաքացիներուն աշխոյժ կերպով մասնակցելու դրամահաւաքին եւ օգնութեան ձեռք մեկնելու բնական աղէտէն տուժած մեր հայրենակիցներուն: Միայն մեր համազգային ամուր միասնականութեամբ ու իրարու սատար կանգնելու անկեղծ ջանքերով հնարաւոր է յաղթահարել ինչպէս բնութեան արհաւիրքները, այնպէս ալ՝ արհեստածին մարտահրաւէրները։
Ձեր նուիրատւութիւնները ՀՀ դրամով կրնաք կատարել «Արցախբանկ»-ի մէջ բացուած հաշուէհամարին՝ 22300100156701։