Ժան Պալճեան
Երկու օր առաջ անակնկալ ֆէյսբուքի վրայ լսեցի մահուան գոյժը մեզմէ շատերուն ծանօթ ու մեզի շատ սիրելի մեր ընկերոջ, Դրօ Յարութիւնեանին։
Իսկապէս անակնկալ էր ինձ համար։ Ու իր մահուընէ երկու օր առաջ մտքէս կ’անցներ, մօտ երկու ամիս է մէջտեղ չկայ, ձայնը չելլեր։ Ունէր առողջապահական հարցեր, բայց ձեւով մը «եօլա» կ’երթար։
Ընկեր Դրոն, երիտասարդ տարիքին արժանացած է մեզմէ շատերուն յարգանքին, իսկ իր խիզախութեան պատճառաւ, ակնածանքին։ Հայկազեան գոլեճի դասընկերներ էինք, նաև Երիտասարդականի և ուսանողականի գործունեայ, աշխոյժ գործակիցներ։ Դրոն կը հատկանշուեր իր ղեկավարի ձիրքերով։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն Հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան, իր անզուգական ներդրումը բերած է մեր սիրելի ընկերը, ու իր անսակարկ նուիրուածութեամբ, բոլորիս կողմէ գնահատանքի ու յարգանքի արժանացած։
իր ընկերասիրութեանը չափ սահման չկար։ Ըմբոստ նկարագրով, յանդուգն և խրոխտ, բառին բուն իմաստով, պարզ ասած, «էրքակ» տղայ էր Դրոն։ Բառերը քիչ են նկարագրելու իր արժանաւոր անցեալը իսկ իր քաջագործութիւններու դրուագները բազմազան։
Այս գրութեամբ, կ’ուզեմ ցաւակցութիւններս յայտնել Սիրանին ու իր զաւակներուն, և վստահ եմ որ իրեն ճանչցող մեզմէ ամեն մէկս անպայման պիտի յիշէ պահ մը, ուր վայելած է մեր սիրելի ընկերոջ ներկայութիւնը։ Յիշատակդ անթառամ սիրելի ընկեր։
Աստուած հոգիդ լուսաւորէ։ Մենք քեզ երբեք չենք մոռանար ու միշտ կը յիշենք։ Վէրքերով լի ջան ֆետայի դարձար զինուոր Գաղափարի։