Իշխան Սաղաթէլեան Ցաւակցութիւն Յայտնած Է Սուրիոյ Դեսպանին` Երկրաշարժի Հետեւանքով Ինկած Զոհերուն Համար

Իշխան Սաղաթէլեան Ցաւակցութիւն Յայտնած Է Սուրիոյ Դեսպանին` Երկրաշարժի Հետեւանքով Ինկած Զոհերուն Համար

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Հայաստան-Սուրիա բարեկամական խումբի ղեկավար Իշխան Սաղաթէլեան ցաւակցութիւն յայտնած է Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանին` երկրաշարժի հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն համար:

«Քիչ առաջ` իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Հայաստան-Սուրիա բարեկամական խումբի ղեկավար, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած եմ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Արաբական հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ն.Գ. Նորա Արիսեանի հետ:

Տիկին դեսպանին իմ ցաւակցութիւններս փոխանցած եմ այսօր տեղի ունեցած ողբերգական երկրաշարժին հետեւանքով ունեցած մարդկային կորուստներու կապակցութեամբ, զօրակցութիւն յայտնած Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին եւ սուրիահայ համայնքի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն», նշած է Իշխան Սաղաթէլեան:

Share