Թուրքիան մերժած է Կիպրոսի Հանրապետութեան փրկարարներու օգնութիւնը` 6 փետրուարին տեղի ունեցած ողբերգական երկրաշարժէն ետք: Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Կիպրոսի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան քարտուղար Քոռնելիուս Քոռնելիուն:
«Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժէն ետք, Կիպրոսի Հանրապետութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է մասնակցելու փրկարարական աշխատանքներուն, սակայն թրքական կողմը չէ ընդունած այդ օգնութիւնը», կը նշուի Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ մէջ մեծ արձագանգ գտած են «Հապերթիւրք» եւ «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայաններու ուղիղ սփռումներուն ընթացքին երկրաշարժէն վնասուածներու բողոքներու ժամանակ ձայները անջատելը կամ ուղիղ սփռումէն ամբողջովին դուրս գալը:
Օրինակ, «Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը դէպքի վայրին մէջ հարցազրոյց կ՛ընէ վնասուածներէն մէկուն հետ: Երբ վնասուածը կը սկսի խօսիլ, որ իրենք անտէրութեան մատնուած են եւ ոչ ոք եկած է օգնութեան, ուղիղ սփռումի ձայնը կ՛անջատեն:
Մէկ այլ դրուագի մէջ «Էն.Թի.Վի.»-ի լրագրողը ուղիղ սփռումով տեղեկագրութիւն կը կատարէ, սակայն կողքէն վնասուածները կը բողոքեն, որ զիրենք բախտի քմահաճոյքին ձգած են, այդ ժամանակ հաղորդման վարիչը արագօրէն կ՛անջատէ ուղիղ սփռումը: