Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու հերթական նիստ մը «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու հերթական նիստ մը «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ

Չորեքշաբթի, 8 փետրուար 2023-ին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչները գումարեցին հերթական նիստ մը «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ։

Ժողովը առաջին առիթով անդրադարձաւ փետրուար 6-ին տեղի ունեցած երկրաշարժին իբրեւ հետեւանք սուրիահայութեան կրած մարդկային եւ նիւթական վնասներուն՝ արձանագրուած զոհեր, բնակարաններու, հաստատութիւններու, եկեղեցիներու եւ համայնքային կեդրոններու ծանր վնասներ։ Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները այս առիթով կը յայտնեն իրենց ցաւակցութիւնը, ինչպէս նաեւ կը վերահաստատեն իրենց զօրակցութիւնը՝ կանգնելու տագնապահար սուրիահայութեան կողքին։ Ժողովը իր վշտակցութիւնը կը յայտնէ նաեւ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայութեան, որ անմասն չմնաց երկրաշարժին պատճառած արհաւիրքէն։

Ժողովը անդրադարձաւ Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող շրջափակման, որ օրէ օր աւելի կը ծանրացնէ ժողովուրդին առօրեան՝ ստեղծելով նոր տագնապներ եւ դժուարութիւններ։

Ժողովը հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը պիտի շարունակէ զանազան նախաձեռնութիւններով իր պահանջատիրական երթը ու արցախահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները պիտի շարունակեն մնալ ուշադրութեան առանցք։

Այս տարին կը զուգադիպի Սումկայիթի եղեռնագործութեան 35-ամեակին։ Թշնամի Ազրպէյճան, Սումկայիթի մէջ իր կատարած անմարդկային ու վայրագ սպանդներէն ետք, մինչեւ այսօր կը շարունակէ ցեղասպանական մոլուցքով Արցախի բնաջնջման իր վարքագիծը։

Յարգելու համար Սումկայիթի զոհերուն յիշատակը, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները որոշեցին կիրակի, 26 փետրուար 2023-ին, Ս․ Նշան Մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղադրուած յուշակոթողին դիմաց յատուկ ձեռնարկով մը յարգել Սումկայիթի նահատակներու յիշատակը։

Հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ խուռներամ շարքերով ներկայ գտնուելու ոգեկոչման այս ձեռնարկին եւ լիբանանահայութեան դատապարտանքի ձայնը լսելի դարձնելու ամէնուրեք։

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share