Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յոյս յայտնած է, որ Հայաստանը պիտի ներգրաւուի «Թրանս-Կովկաս» նախագիծին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Չաւուշօղլու ըսած է, որ Թուրքիան, Ազրպէյճանը, Վրաստանը եւ Իրանը կը ծրագրեն օգտագործել շրջանի հաղորդակցական կարելիութիւնները` կազմակերպելով եռակողմ եւ քառակողմ համագործակցութեան մեքանիզմներ:
«Հիւսիսային միջանցքին այլընտրանք չունենալով` մենք կ՛աշխատինք «Թրանս-Կովկաս» նախագիծի բացման վրայ: Յոյսով եմ, որ ապագային, երբ մենք պիտի սկսինք իրականացնել ծրագիրը, Հայաստանը եւս մեզի պիտի միանայ», ըսած է ան: