Ամերիկեան Fox 11 հեռուստաալիքի հաղորդավարուհի, Emmy-ի մրցանակակիր Արաքսեա Կարապետեանը անդրադարձած է հայատեաց բովանդակութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ փակցուած թռուցիկներուն։
«ազրպէյճան + թուրքիա + փաքիստան + իսրայէլ = Աստուծոյ կամքով Հայաստանը աշխարհի երեսէն վերացնելուն»,- գրուած է թուղթերուն վրայ։
Հաղորդավարուհին այս մասին խօսած է իր «Good Day LA» ծրագիրին ծիրէն ներս եւ տեղեկատւութիւն հրապարակած է իր ինստագրամի էջին վրայ՝ անոր կից գրելով․
«Դատապարտելով «Հայաստանը աշխարհի երեսէն ջնջելու» ատելութեան խօսքը.
Հանգստեան օրերուն հայ համայնքը համախմբուած էր՝ իրազեկելու Արցախի մէջ մարդկայնական ճգնաժամին մասին։ Այդ ընթացքին Պէվըրլի Հիլզում փակցուած են հակահայ բովանդակութեամբ թռուցիկներ։ Ոստիկանութիւնը կ՝ուսումնասիրէ տեսագրութիւնները՝ իրագործողները պատասխանատւութեան ենթարկելու համար»։