ՀՀ յանցաւոր իշխանութիւնը կը շարունակէ թիրախաւորել Հ.Յ.Դ. երիտասարդութեանը

ՀՀ յանցաւոր իշխանութիւնը կը շարունակէ թիրախաւորել Հ.Յ.Դ. երիտասարդութեանը

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի յայտարարութիւնը

Առանց ոեւէ պատճառաբանութեան՝ այս անգամ Հայաստան մուտք գործելու իրաւունքէն կը զրկուի Ֆրանսայի «Հ.Յ.Դ. Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկեր Նժդեհ Գարագաւորեան եւ Հայաստանի մէջ անցանկալի անձ կը հռչակուի։

Այս գործելաոճը անգամ մը եւս կը փաստէ ՀՀ ներկայ իշխանութիւններու հակահայ դիրքաւորումը, որ կը ջանայ բոլոր հնարաւոր միջոցներով եւ մակարդակներով կասեցնել ու խոչընդոտել Հ.Յ.Դ. երիտասարդական համաշխարհային կառոյցի աշխատանքը։

Հ.Յ.Դ. երիտասարդականի անդամները սովորաբար հայրենիք կը ժամանեն հայրենանուէր, կամաւորական ծրագիրներ եւ աշխատանքներ իրականացնելու։ Այս անգամ եւս ընկեր Նժդեհ պիտի ժամաներ հայրենիք՝ 6-10 Փետրուարին տեղի ունենալիք Հ.Յ.Դ. Երրդասարդական համաշխարհային համագումարին մասնակցելու, ուր աշխարհի չորս կողմերէն Հ.Յ.Դ. երիտասարդական միաւորներէ ներկայացուցիչներ պիտի համախմբուին Սիւնիք՝ միասնաբար ճշդելու Հ.Յ.Դ. երիտասարդութեան յառաջիկայ գործունէութիւնն ու ընելիքները։

Այստեղ սպառնալից նոյնականութիւն կը նկատենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեանց մէջ։ Ատրպէյճան կը շրջափակէ Արցախը՝ հոգեբանական ճնշում բանեցնելով արցախահայութեան վրայ եւ արգիլելով ողջ հայութեան մուտքը իր պատմական հայրենիք՝ Արցախ։ Իսկ Հայաստան շարունակելով ի գործ դնել թշնամու շրջափակումի քաղաքականութեան տրամաբանութիւնը՝ կ՛արգիլէ հայրենասէր եւ նուիրեալ երիտասարդութեան մուտքը մայր Հայաստան։

Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ կ՛արգիլուէր Հ.Յ.Դ. ղեկավարներու և Հ.Յ.Դ. Հոլանտայի «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան անդամ Սիւնէ Աբրահամեանի մուտքը Հայաստան՝ կրկին առանց ոեւէ բացատրութեան։

ՀՀ իշխանութիւնները նոյնիսկ եթէ իր հալածանքներու, բռնաճնշումներու եւ ապօրինի գործողութիւններու ուժգնութիւնը հարիւրապատկէ, ապա ան ի պատասխան պիտի բախի դաշնակցական երիտասարդութեան համոզումի եւ ընթացքի հազարապատիկ ամրացման եւ կարծրացման։ Հ.Յ.Դ. երիտասարդականը անշէղօրէն կը մնայ իր յանձնառութեան եւ սկզբունքներուն հաւատարիմ՝ հակառակ այս մեղապարտ վարչակազմի ստորին բոլո՛ր փորձերուն։

Շատերը փորձած են հայրենիքը մեր էութենէն անջատել, սակայն եւ ՈՉ մէկը յաջողած է։

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակ
29 յունուար, 2023թ.

Share