Նախանցեալ օր տեղի ունեցած երկրաշարժներէն մեծապէս տուժած է պատմական Մուսա լերան միակ հայկական գիւղը նկատուող Վաքըֆը: Երկրաշարժներու հետեւանքով այստեղի որոշ կառոյցներու պատեր քանդուած են: Գիւղին մէջ նաեւ վրաններու կարիք յառաջացած է: Այդ մասին Akunq.net-ի հաղորդումով կը յայտնէ պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը:
Ըստ աղբիւրի, նախանցեալ օր արձանագրուած երկրաշարժներուն պատճառով կոտրուած է Վաքըֆի հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Ճեմ Չափարի մայրիկին ոտքը: Որոշ շէնքեր անշահագործելի վիճակի մէջ յայտնուած են:
20 փետրուարի ժամը 20:04-ին տեղի ունեցած 6,4 ռիխթըր աստիճանով երկրաշարժը այս անգամ էական վնասներ հասցուցած է հայկական Վաքըֆ գիւղին: Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանէն ստացուած պարզաբանումին համաձայն, գիւղի եկեղեցին մեծապէս տուժած է երկրաշարժներէն:
Յայտնենք, որ Վաքըֆը այն համեմատաբար քիչ բնակավայրերու շարքին էր, որոնք չէին տուժած 6 փետրուարին տեղի ունեցած ուժգին երկրաշարժներէն: Սակայն այս անգամ բնութեան արհաւիրքը չէր շրջանցած նաեւ այս հայկական բնակավայրը:
Վաքըֆի գիւղապետ Պերճ Քարթուն թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան թղթակիցին յայտնած է, որ երկրաշարժներէն յետոյ եկեղեցին փակուած է: Քարթուն նաեւ աւելցուցած է: «Վերջին երկրաշարժէն եկեղեցին գրեթէ քանդուած է: Ներկայ պահուն անիկա անշահագործելի վիճակի մէջ յայտնուած է: Արտաքին պատերը աւերուած են: Ներսը եւս բաւական մեծ վնասներ արձանագրուած են: Անկարելի է եկեղեցիին մէջ պատարագ մատուցել կամ եկեղեցի մտնել»:
Քարթուն «Անատոլու»-ի թղթակիցին նաեւ հաղորդած է, որ նման վիճակի մէջ կը գտնուին նաեւ Վաքըֆի տուները, որոնցմէ որեւէ մէկը ուղղակի անկարելի է մտնել: Ըստ Քարթունի, բոլոր տուներուն վրայ ճեղքեր յայտնուած են: «Այլեւս դատապարտուած ենք վրաններու մէջ ապրիլ: Բայց եւ այնպէս, փառք կու տանք Աստուծոյ, որ գոնէ ոչ մէկ զոհ ունինք: Անով կը մխիթարուինք»:
Վաքըֆի հայ համայնքի նախկին ղեկավարներէն Կարպիս Քուշ «Անատոլու»-ի թղթակիցին ըսած է. «Մեր վիճակը վատ է, սակայն այստեղ ամէնուրեք է այդ դրութիւնը: Չենք կրնար մեր տուները եւ աշխատավայրերը մտնել: Ոչ մէկ զոհ ունինք, ուրախ ենք ատոր համար, բայց ամէնուրեք վատ վիճակ է: Կը ցաւակցիմ բոլոր զոհերու հարազատներուն»: