Կայացաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Հզօր Հայրենիք» սեմինարը

Կայացաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Հզօր Հայրենիք» սեմինարը

ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Մոնթրէալի «Լեւոն Շանթ» եւ Լաւալի «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերու «Հզօր Հայրենիք» սեմինարը ընթացք առաւ Ուրբաթ, 13 Յունուար 2023ին։ 60 երիտասարդներ տրոփուն սրտերով ուղղուեցան Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնէն դէպի Քինքորա բանակավայր։

Ուրբաթ երեկոյեան, երիտասարդները պատրաստեցին ձեռային աշխատանք մը, որուն նպատակն էր կազմել «dreamcatcher» մը եւ անոր վրան հանգուցել հզօր հայրենիքի մը տէր դառնալու իրենց իղձերն ու երազանքները արտայայտող զարդարանքներ։

Շաբաթ առաւօտեան տեղի ունեցաւ սեմինարի պաշտօնական բացումը՝ դրօշակի արարողութեամբ, Արցախի Հանրապետութեան օրհներգով։

Առաջին դասախօսն էր ընկեր Մովսէս Արզումանեանը, որ մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ աշխարհազօրային ուժերու մասին։ Ան իր շեշտը դրաւ ռազմական ու կանգուն ժողովուրդ ունենալու անհրաժեշտութեան վրայ, որովհետեւ Հայաստանը միշտ եղած է թշնամիներուն թիրախը։ Ընկերը բացատրեց թէ սփիւռքի երիտասարդութիւնը ինչպիսի միջոցներու կրնայ դիմել, որպէսզի թիկունք կանգնի մեր ազգին ու հայրենիքին։

Ապա, ընկեր Շանթ Գարայեանը վարեց աշխատանոց մը, որ երիտասարդներուն առիթ տուաւ կերտելու իրենց ինքնուրոյն կառավարութիւնը։ Այս վերջինս սրամիտ եւ անխախտ կերպով ներկաներուն անդրադարձուց, որ ժողովուրդ մը առաջնորդելը հարկաւոր է երկրի մը գոյատեւման համար։

Վերջապէս, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկեր Ռաֆֆի Տօնապետեան վերլուծեց աշխարհի չորս կողմը գտնուող սփիւռքի հայօճախներու իրավիճակը՝ սկսելով առաջին հայ գաղութէն մինչեւ ամենէն արդի գաղութը, եւ իրենց թողած ազդեցութիւնը մեր հայրենիքին վրայ։

Սեմինարի կարգախօսն էր «Հզօր Հայրենիք»։ Զինուած, նուիրեալ ազգ, վճռակամ ու անսասան ղեկավարութիւն եւ յարատեւող ու օժանդակ սփիւռք ունենալը հիմնական միջոցներն են հզօր հայրենիք մը ունենալու, զօրացնելու եւ կերտելու Հայաստանը։

Ըստ աւանդութեան, ընկերները հաւաքուեցան խարոյկին շուրջ եւ ազգային-յեղափոխական երգերով աւարտեցին այդ օրուան յայտագիրը։

Կիրակի առաւօտեան, երբ սեմինարը հասաւ իր աւարտին, երիտասարդները «Մշակ Բանուոր» քայլերգը երգեցին ու վերադարձան իրենց տուները։

Share