Յունուար 3ին, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի պատասխանատուներ Ցողիկ Աշըգեան եւ Արշակ Մեսրոպեան, եւ Երիտասարդական Խորհուրդի անդամ ընկեր Տիգրան Խոտանեան ԱՄՆ աշխատանքային այցի ժամանակ հանդիպում մը ունեցան ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի Երիտասարդական, Ուսանողական եւ Պատանեկան Միութիւններու վարչութիւններուն հետ։
Հանդիպման ընթացքին ընկերները ներկայացուցին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի գալիք աշխատանքներն ու ծրագիրները եւ լսեցին Վարչութիւններուն հարցումներն ու մտահոգութիւնները։
Յատկապէս քննարկուեցան Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ եւ առհասարակ հայրենիքի տարածքին ծաւալուող աշխատանքներուն յետագայ քայլերը եւ ակնկալիքները։
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակ
18 Յունուար, 2023թ.