Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւն հայ քոյրերու վարժարանին մէջ

Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւն հայ քոյրերու վարժարանին մէջ

«Աշխարհ ցնծաց վասնզի Քրիստոս ծնաւ»

Տարուան ամենագեղեցիկ, ամենաջերմ եւ ամենատօնական ամսուան եւ Ս. Ծննդեան իւրայատուկ մթնոլորտը Հայ Քոյրերու Վարժարանին մէջ համերգով դրսեւորուեցաւ Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2022-ին, Դանիէլեան սրահին մէջ:, ներկայութեամբ գերապատիւ վարդապետներ Հայր Արմենակ Պետրոսեանի եւ Հայր Լեւոն Ստեփանեանի:

Ամերիկայի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, տօնական հանդիսութիւնը սկսաւ դաշնամուրի նուագով՝ կատարողութեամբ   Քրիստափոր Թերզեանի: Ապա կրօնի դասատու պարոն Անթուան Պեզճեան բացման խօսքին մէջ նշեց, որ մեր վարժարանին հիմնակէտը եղող քրիստոնէական կրթութիւնը այսօր գիրքէն դուրս գալով պիտի դառնայ գործնական: «Մեր կրթական համակարգին մէջ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը ունի իր յատոկ տեղն ու կարեւորութիւնը, որովհետեւ կը հաւատանք որ այդ է հիմքը ապագայ առողջ սերունդին եւ խաղաղ աշխարհին», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ տնօրէնութիւնը որոշեց մանուկ Յիսուսի ծնունդը ներկայացնել թատերական բեմադրութեամբ, որպէսզի Ս. Ծննդեան հոգիով եւ խորհուրդով լեցուած մեր պատանիներուն մտքերը լուսաւորուին մանուկի Յիսուսի պայծառութեամբ:

Այնուհետեւ իր սրտի խօսքը փոխանցեց վարժարանիս ընդհանուր պատասխանատու Քոյր Լուիզա Գասարճեան, որ վստահութւին յայտնեց, որ ներկայ ծնողները գոհ պիտի մնան իրենց զաւակներու ներկայացումէն եւ պիտի գնահատեն իրենց աշխատանքը: Ան խնդրեց ծնողներէն, որ իրենց զաւակներուն ընդմէջէն տեսնեն երկնային դերակատարներու մարմնաւորումը, ինչպէս՝ հրեշտակները, հովիւները, մոգերը եւ յատկապէս Սուբր ընտանիքը՝ մանուկ Յիսուսով: «Երկնքի եւ երկրի ստեղծիչ Աստուած կը խոնարհի, կը մանկանայ եւ կը ծնի քարայրի մը մէջ ու կը դրուի աղքատ մսուրին մէջ, որպէսզի մեզ ազատէ մեր մեղքերէն եւ երկնքի արրքայութեան արժանացնէ», ըսաւ ան՝ յոյրդորելով պահ մը մոռնալ առօրեայ մտահոգութիւնները, նեղութուները, ցաւերը եւ «փոխադրուիլ» Բեթղեհէմ տեսնելու եւ օրհնուելու մանուկ Յիսուսէն: Քոյր Լուիզա մաղթեց, որ նորածին մանուկ Յիսուսին խաղաղութիւնը տիրէ բոլորիս սրտերուն, տուներուն եւ համայն աշխարհին մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրը պատրաստած ուսուցչուհիներուն, պարոն Անթուան Պեզճեանին եւ երաժշտութեան ուսուցչուհի Տիկ. Կարինէ Տէր Գէորգեանին որոնք աշակերտներուն հետ տքնաջան աշխատեցան այս յայտագիրը յաջողութեամբ ներկայացնելու համար:

Աշակերտները կենդանի պատկերով բեմականացուցին Յիսուս Քրիստոսի ծննեան պատկերը, պահ մը բոլոր ներկաները վերացնելով եւ մտովի ու հոգեպէս փոխադրելով բեթղեհէմեան պզտիկ, աղքատիկ քարայրը, որ մեր Փրկչին ծնունդով դարձաւ արքունիք:

Տօնակատարութեան վերջին բաժնով երգչախումբը ներկայացուց Ծննդեան երգերու շարան: Աւարտին բեմ բարձրացաւ  Հայր Արմենակ Պետրոսեան, որ իր խօսքը աշակերտներուն ուղղելով ըսաւ, որ թատերական բեմականացումով ներկաները ականտես դարձան պատմական իրաողութիւն եղող Յիսուսի ծննդեան: Ան շեշտեց, որ Ս. Ծնունդը նուէրներ չէ, այլ՝ մանուկ թագաւորին ծննդեան տօնը նշելու առիթ: Ապա, ան «Պահպանիչ»ով փակեց հանդիսութիւնը:

Share