Ս. Ծննդեան տաղաւարը Բեթղեհէմի մէջ

Ս. Ծննդեան տաղաւարը Բեթղեհէմի մէջ

ԵՐԹ ԴԷՊԻ ԲԵԹՂԵՀէՄ

Հին տոմարի համաձայն Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւնները կը սկսին 18 Յունուարին՝ Ճրագալոյցով։ Նոյն առթիւ, Երուսաղէմի մէջ, Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան ու Պոլսոյ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքները, ժամը 09.30-ին Ս. Յակոբեանց Մայրավանքի մուտքին կազմուած ինքնաշարժերու թափօրով ճամբայ ելան դէպի Բեթղեհէմ։

Ճամբու վրայ, ըստ աւանդութեան, կանգ առնուեցաւ այնտեղ, ուր կայ Ռաքելի գերեզմանը։ Այստեղ Պաղեստինէն պաշտօնական անձեր բարի գալուստ մաղթեցին Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքներուն։ Ապա, ձիաւոր ոստիկաններու առաջնորդութեամբ, ինքնաշարժերու թափօրը իր ճամբան շարունակեց դէպի Բեթղեհէմ։

Քաղաքի մուտքին Երուսաղէմի միութիւններու սկաուտներու խումբերը իրենց նուագներով ու քայլերթով առաջնորդեցին մեր Եկեղեցւոյ զոյգ Աթոռներու Գահակալները դէպի Ս. Ծննդեան վանք։ վանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Ասպետ Ծ. Վրդ. խունկ ու վարդի ջուրով բարի գալուստ մաղթեց զոյգ պատրիարքներուն։ Ապա վեղարաւոր միաբաններու, քահանաներու եւ ժառանգաւորներու թափօրը առաջնորդեց Պատրիարք Հայրերը դէպի Ս. Ծննդեան վանք։

ՄՈՒՏՔ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՎԱՆՔ

Ժամը 14.00-ին կազմուած մեծահանդէս թափօրը Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքներու գլխաւորութեամբ իջաւ Ս. Ծննդեան վանք, ուր սկսաւ Հրաշափառի արարողութիւն։

Տաճարը անցնելէ ետք, հայոց բաժնին մէջ կատարուեցաւ կանոնական աղօթասացութիւն։

Մեծապէս տպաւորիչ էր այն պահը, երբ հոգեւոր հայրեր իջան Ս. Ծննդեան այրը, ուր երկրպագեցին Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան եւ մսուրի սրբավայրերուն։

ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ

Նախագահութեամբ Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքներուն, կատարուեցան կանոնական ճաշու եւ երեկոյեան ժամերգութիւններ։ Ընթերցուեցան Ս. Ծննդեան աւետիսը փոխանցող Սուրբ Գրական բաժիններ։

ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Սուրբ գրոց ընթերցումներէն ետք, Ծննդեան սրբավայրին վրայ սկսաւ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը, զոր մատոյց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։ Մեր Հոգեւոր Պետին առընթերակայ էին Արժ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Պատարագի բազմաձայն երգեցողութիւնները կատարուեցան Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ Արմաշ Դպրաց Խումբի անդամներու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Բրշ. Էտվին Յարութիւն Սրկ. Կալիպեանի։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ, Պոլսոյ Պատրիարք Հայրը տուաւ Ս. Ծննդեան աւետիսը, ապա քարոզեց։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ, որ Քրիստոսի Ս. Ծնունդը մարդ արարածին կը բերեր բան մը, որ ցանկալի էր ամէնուն համար. այդ բանը յաւիտենական կեանքն էր։ Մարդ առաջին մեղքով կորսնցուցած էր կենաքի ծառէն ճաշակելու եւ անմահ ըլլալու իրաւունքը։ Բեթղեհէմի մէջ ծնած մանուկը այս էր որ կը բերէր մարդուն։ Տէր Յիսուս Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը յաւիտենական կեանք պիտի պարգեւէր հաւատացեալին։

Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ, որ մանուկը կարեւոր էր ընկերութեան մէջ, քանի ան կեանք ունէր։ Եւ մենք այսօր մանուկներու օրն է որ կը տօնենք։ Մանուկները կարեւոր են մեզի համար, անոնք մեր ապագան են, որով պիտի շարունակէ մեր ազգը ապրիլ։

Քարոզի աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարքին եւ Ս. Աթոռոյ զինուորեալ միաբանութեան, որոնք իրենց կեանքը նուիրած են Քրիստոսակոխ սրբավայրերու եւ այն տեղերու իրաւունքներու պահպանութեան։ Իրենք մեզ համար կ’աղօթեն։ Մենք ալ կ’աղօթենք իրենց համար։

ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ եւ ՓԱՌՔ Ի ԲԱՐՁՈՒՆՍ

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Սեւան Արքեպս. Ղարիպեանի հանդիսապետութեամբ, Ս. Ծննդեան Այրի մուտքին նախատօնակ կատարուեցաւ։

Նորին Ամենապատուութիւնը թափօրով առաջնորդուեցաւ Ս. Ծննդեան Վանքի Հայոց տեսչարանի բակը։ Տէր Յիսուսի Ծնունդը աւետող Ս. Աւետարանի ընթերցումէն ետք, ներկաներ միասնաբար երգեցին աւելի քան երկու հազար տարի առաջ հրեշտակներու կատարած օրհներգութիւնը. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն ի մարդիկ հաճութիւն…»։

Այսպէսով Քրիստոսի Ս. Ծննդեան սրբավայրէն անգամ մը եւս յայտարարուեցաւ մեծ աւետիսը. Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, տեսչարանի մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, ուր ներկաներ զիրար շնորհաւորեցին։

Share