ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպած Արցախի զօրակցական հաւաքին ներկայ գտնուեցաւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի առողջապահութեան նախարարը

ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպած Արցախի զօրակցական հաւաքին ներկայ գտնուեցաւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի առողջապահութեան նախարարը

Յունուար 14-ին, Վանգուվըրի քաղաքակեդրոնին մէջ կայացաւ Արցախի զօրակցութեան հաւաք, որուն ներկայ գտնուեցաւ եւ Արցախահայութեան իր զօրակցութիւնը յայտնեց Պրիթիշ Գոլոմպիայի առողջապահութեան նախարարտ Ատրիան Տիքս։ Հաւաքը կազմակետպուած էր ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին կողմէ։ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի անդամները բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցին, պահանջելով վերջ տալ ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ՀՈՐԻԶՈՆ»-էն։

Խօսք առաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի անդամ Քամի Քէոշկերեան դատապարտեց Արցախի շարունակուող շրջափակումն ու ազրպէյճանի կողմէ կատարուած մարդկային իրաւանց ոտնակոխման արարքները եւ կոչ ուղղեց Գանատայի պետութեան ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը, միաժամանակ յիշեցնելով, որ շրջափակումը ինքնին ազգ մը սպանդի ենթարկելու բռնարարք է։

Հաւաքին ընթացքին խօսք առնելով՝ նախարար Տիքս յայտնեց, որ ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ պարտադրուած շրջափակումին պատճառով՝ Արցախի ժողովուրդը կանգնած է սովի մատնուելու վտանգին դէմ յանդիման։ Ան հաստատեց իր զօրակցութիւնը Արցախին եւ յայտնեց, թէ Գանատայի կառավարութիւնը պէտք է իր բողոքը յստակօրէն արձանագրէ ի տես ազրպէյճանական բռնադատութիւններուն եւ պաշտպան հանդիսանայ Արցախի ժողովուրդի մարդկային իրաւունքներուն։

Share