Հայաստանի գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան Լիբանան կը գտնուի` հրաւէրով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, հայագիտական դասընթացքին դասախօսելու համար:
Փրոֆ. Մելքոնեանի այցելութիւնը «Ազդակ» յատկանշուեցաւ տնօրէնութեան հետ իր ունեցած տեսակցութեան ընթացքին կատարած ընդգծումներով: Պատմութեան հիմնարկի տնօրէնը գնահատեց «Ազդակ»-ի հետ հայաստանեան գիտական կեդրոններու եւ յատկապէս ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկին հետ համագործակցութիւնը, նաեւ առաջարկներ կատարեց` լսարանային քննարկումներուն պատմաքաղաքական բնոյթի նիւթեր արծարծել:
«Ազդակ» պիտի շարունակէ իր ելեկտրոնային եւ տպագիր հարթակները տրամադրել ակադեմիայի գիտաշխատողներուն: