Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան հրաշափառ տօնը վենթուրայի ծուխէն ներս

Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան հրաշափառ տօնը վենթուրայի ծուխէն ներս

       Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը մեծ շուքով նշուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի՝ Վենթուրայի Ծուխէն ներս։

      Կիրակի՝ 8 Յունուար 2023, Թաուզընօքսի Հայց․ Եկեցեցւոյ մէջ Ս․ Պատարագ մատուցանեց եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարեց՝ Վենթուրա գաւառի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ. Գեւորգ Քհնյ․ Աբեան, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերու։

     Եկեղեցւոյ կամարներէն ներս մէկտեղուել էին տասնեակ հաւատացեալ հայորդիներ, որպէսզի մասնակիցը դառնային օրուան ընթացքին կատարուելիք հոգեզմայլ արարողութեանց:

    Յընթացս Սուրբ Պատարագի՝ Տէր Հայր ընթերցեց Ն․Ս․Օ․Տ․Տ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին նուիրուած պատգամը հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով, այնուհետեւ յաւուր պատշաճի քարոզ խօսեցաւ եւ եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած հաւատացեալներուն աւետեց մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան Աւետիսը: 

     Սուրբ Պատարագի վերջաւորութեանը կատարուեցաւ ջրօրհնեաց կարգ, որպէս խորհրդանիշը Քրիստոսի մկրտութեան, որմէ յետոյ օրհնուած, միւռոնաբոյր ջուրը բաժնուեցաւ հաւատաւոր ժողովուրդին:

      Արարողութեանց աւարտին եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ խանդավառ ու մտերմիկ զրոյց Հոգեւոր Հովուին հետ։

Դիւան Առաջնորդարանի

Share