Ազրպէյճան պէտք է վերջ տայ Լաչինի միջանցքի փակման, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները ձգած է առանց առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու եւ ծառայութիւններու: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է հեղինակաւոր «Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը:
«Ազատ տեղաշարժն ու տնտեսական ու ընկերային պաշտպանութիւնը պէտք է երաշխաւորուին», նշուած է կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ: