Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) գործող նախագահ, Հիւսիսային Մագետոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Պույար Օսմանին ուշադրութեամբ կը հետեւի Լաչինի միջանցքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսուած է Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) գործող նախագահի՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ ունեցած հեռախօսազրոյցներու վերաբերեալ ԵԱՀԿ-ի մամուլի ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
Նշուած է, որ ԵԱՀԿ գործող նախագահը մտահոգութիւն յայտնած է քաղաքացիական բնակչութեան առօրեայ կեանքի վրայ միջանցքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի ազդեցութեամբ։ Օսմանին կողմերուն կոչ ըրած է թուլացնելու լարուածութիւնը եւ կառուցողական եւ արդիւնաւէտ երկխօսութիւն սկսելու:
Օսմանին նշած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ երկիրներու միջեւ վստահութեան ամրապնդման քայլերը՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի գործիքակազմի մաս, առանցքային տարրեր են առկայ խնդիրները յաղթահարելու համար, որոնց «գետնի վրայ» կը բախին մարդիկ։
Այս ծիրէն ներս ԵԱՀԿ գործող նախագահը վերահաստատած է լարուածութիւնը թուլացնելու եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն մէջ անձնապէս ներգրաւուելու պատրաստակամութիւնը։ Ան նաեւ յայտնած է, որ պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան։