Իրանի Յեղափոխական պահակագունդն ու իրանեան բանակը յայտարարեցին, որ աւերիչ կերպով ու ամբողջ ուժով պիտի հակադարձեն ոեւէ թշնամիի, որ թիրախ կը դարձնէ իրանեան ջուրերը, կղզիները, ծովեզերքն ու կեդրոնները:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Խաթեմ Անպիա» կեդրոնատեղիի հրամանատար զօր. Ղուլամ Ալի Ռաշիտ երէկ յայտնեց. «Թեհրան յարձակում պիտի գործէ որեւէ պետութեան մէջ իւրաքանչիւր կեդրոնի վրայ, որ սիոնական գոյացութեան հետ կը գործակցի` սպառնալու համար իրանեան ազգային անվտանգութեան»: