Արցախի Հարազատներուս

Արցախի Հարազատներուս

Ուրբաթ, 30 դեկտեմբերին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի արցախահայութեան ուղղուած հետեւեալ շնորհաւորական գրառումը կատարեց ընկերային ցանցերու վրայ.

Շնորհաւոր Նոր տարի՝

Արցախի աննկուն ժողովուրդի սիրելի հայրենակիցներուս,
Պատերազմի եւ գրաւումի դէմ ժայռ դարձած ազատ մարդոց,
Դաւադրութեան եւ անձնատուութեան դէմ ծառացող ամուր բռունցքներուն,
Շրջափակումի մէջ ապրող, գործող, բնութեան արհաւիրքներուն եւ քաղաքական ապաշնորհութեան Ո՛Չ ըսող արցախցի հարազատներուս,
Արցախի եւ հայութեան արժանապատուութեան պահպանման համար նահատակուող հերոսներու ծնողներուն, զաւակներուն եւ պարագաներուն,
Երիտասարդ ու պատանի սերունդին, որ Արցախէն զատ ոչ մէկ բնակավայր կը նկատէ հայրենիք,
Հայ մանուկին ու նորածինին, որոնք տակաւին շրջափակման մէջ, ազատութեան եւ ինքնորոշման Արցախի դրօշը բարձր կը պահեն,
Արցախի սահմանապահ ազատամարտիկին, թուրքին եւ ազրպէյճանցիին կողը մխրճուող դաշոյնին,
Սրտիս խորերէն` շնորհաւոր Նոր տարի։
2023-ը Արցախի վերաազատագրութեան տարին թող ըլլայ։
Ապրեցէ՛ք պինդ ու խիզախ, կռուեցէ՛ք քաջաբար։
Վերանորոգելով ուխտը, ձեզի սիրելինե՛ր, Նոր տարուան ջերմ մաղթանքներ` «Մենք ձեզ երբեք չենք մոռանայ»։

Share