Կարօ Արմենեան
Ռուսական Դաշնութեան ԱրտԳործՆախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի վերջին յայտարարութիւնները կու գան անգամ մը ևս հաստատելու, որ յանձին Ռուսաստանի՝ մենք ունինք շատ դժուար «սպասարկուող» բարեկամութիւն մը Կովկասեան տարածաշրջանի մնայուն անհաւասարակշռութիւններուն դիմաց։
Մոսկուա կը շարունակէ խօսիլ 3+3 բանաձևի դիրքերէն, որ յստակօրէն կ՚ենթադրէ Ռուսաստանի միահեծան հսկողութեան տակ պահել տարածաշրջանի «խաղաղեցման» գործընթացը։ Կը չակերտեմ խաղաղեցում բառը, քանի որ հարցականի տակ է, թէ ի՞նչ պայմաններով — և ի՞նչ գնով Հայաստանի և Արցախի համար – տեղի կրնայ ունենալ խոստացուած այս խաղաղեցումը։ Վերոյիշեալ բանաձևը կը յաւակնի սեղան բերել Կովկասի երեք պետութիւնները՝ Հայաստան, Վրաստան և Ազրպէյճան որպէս առաջին օղակ։ Յետոյ նաև՝ Թուրքիա, Իրան և Ռուսաստան որպէս բանակցային գործընթացի երկրորդ որոշիչ օղակ։ Պարզ խօսքով, հաւաքե՛լ տարածաշրջանի հարսնևորները Մոսկուայի քաւորական հանգամանքին տակ և Մոսկուայի գերակշիռ շահերու խաղատախտակին շուրջ։ Այս առումով, 3+3 բանաձևը իր էութեան մէջ 3+2+1 պատկերը կը ներկայացնէ Մոսկուային վերապահելով գերիշխան «իրաւարար»ի տիրական դերակատարութիւն։
Ասիկա հին բանաձև մըն է և կրնայ այսօր ևս «արդիւնաւորապէս» գործել, եթէ Արևմուտքը (և Չինաստանը) որոշեն դուրս մնալ ձևաւորուող այս խաղէն։ Առայժմ դաշտը պարապ կը թուի և Մոսկուայի ախորժակները՝ արթո՛ւն։ Հետևաբար Մոսկուայի ձեռքերը առանձնապէս կաշկանդող և նկատառման արժանի ուժեր գոյութիւն չունին բեմին վրայ, որոնք պիտի խոչընդոտէին Մոսկուայի ակնկալութիւնները։ Աւելի ճիշտ՝ նմանօրինակ ուժերու սակարկութիւնը Մոսկուայի հետ կը թուի գտնուիլ Կովկասէն հեռու՝ աշխարհակարգի այլ ոլորտներուն մէջ այս օրերուն։ «Կովկասը՝ Մոսկուայի՛ն և վերջ», ըսել կ՚ուզէ Տիկ. Զախարովա իր քողարկուած բառապաշարով քաջ գիտնալով, որ նոյնիսկ ամենէն իտէալական պայմաններու մէջ (Մոսկուայի համար) Արևմուտք և Չինաստան բնականաբար իրենց ձեռքերը բոլորովին հեռու պիտի չպահեն տարածաշրջանի հարիսայէն։
Պահ մը մոռնալով մեծապետական ուժերու այս մշտական առճակատումը տարածաշրջանին մէջ, հարց տանք մենք մեզի, թէ որո՞նք են հայկական կողմի այլընտրանքները ներկայ կացութեան մէջ։ Աւելի ճիշտ՝ Հայաստան և Արցախ ինչպէ՞ս կրնան ապահովել իրենց գոյութիւնը լայնօրէն ականապատուած այս դաշտին մէջ…
Դժբախտաբար Մոսկուայի դիտաւորութիւնները կը շարունակեն մնալ մեծապէս խնդրայարոյց։ Մոսկուայի առաջին խնդիրն է «ապահովել» ազրպէյճանական ճակատը՝ Ալիևը գոհացնելով Հայաստանի և Արցախի գրպանէն։ Արդէն իսկ Մոսկուա կը խօսի տնտեսական համագործակցութեան լայն և յուռթի դաշտ մը բանալու մասին Ռուսաստանի և Ազրպէյճանի միջև վերջինիս կողմէ «ազատագրուած» (յաճախ կը գործածուի «Ազրպէյճանին վերադարձուած» բառակապակցութիւնը) Արցախի և Հայաստանի հողերուն վրայ…Պարզ խօսքով, ըստ Մոսկուայի՝ արդէն իսկ վերջ գտած է ամէն բան։ Ըստ Մոսկուայի խօսոյթին՝ այդ հողերը կը պատկանէին Ազրպէյճանի և հետևաբար Ազրպէյճանի նախայարձակումով (aggression) տեղի ունեցած է արդարացի սրբագրութիւնը։ Այսինքն՝ տեղի ունեցածը, ըստ էութեան, թուրքևազրպէյճանական նախայարձակում չէր, այլ ազատագրական պատերազմ։ Աւելի վա՛տը։ Հարցերուն մօտենալու այս փութկոտ մտայնութիւնը Ռուսաստանի ԱրտԳործՆախարարութեան կողմէ ինքնաբերաբար ենթադրել կու տայ, որ Ազրպէյճանի ձեռքերը կը շարունակեն ըլլալ ազատ…Ըսել կ՚ուզեմ հետևեալը. սկզբունքով, Ազրպէյճան ո՞ր հայկական հողերուն վրայ, որ ուզէ և կարենայ դնել իր թաթը (ինչպէս կը յաւակնի ընել ան), ի յառաջագունէ կը վայելէ Մոսկուայի օրհնութիւնը։ Ազրպէյճան կը թուի ունենալ Մոսկուայէն շնորհուած «քարթ պլանշ» իր նախայարձակ (aggressive) և ծաւալապաշտական գործողութիւններոուն համար։ Դժբախտաբար այս եզրակացութիւնները յստակօրէն կը բխին թէ՛ իրականութեան աղաղակող փաստերէն և թէ՛ Մարիա Զախարովայի յայտարարութիւններէն։
Ի՞նչ կը փորձէ ընել Մոսկուա իր ներկայ քաղաքականութեամբ։ Իմ կարծիքով, ան կը ջանայ ամէն գնով «փակել» հաշիւը Ալիևի հետ և ամէն գնով պառակտել թուրքևազրպէյճանական միասնականութիւնը։ Առնուազն՝ Ազրպէյճանը կապուա՛ծ պահել Մոսկուայի բևեռին։ Այսինքն՝ Մոսկուայէն ամրօրէն կախեալի դիրքերու վրայ՝ պարտաւորութիւններու բարդ ցանցի մը միջոցով։ Եւ հետևաբար բարդացնել Ալիևի կապը Թուրքիոյ հետ։ Առաւե՛լ՝ Սիւնիքի միջանցքը առնել իր՝ Մոսկուայի ռազմավարական վերին տնօրինութեան տակ Թուրքիան և Իրանը կառավարելի դարձնելու վախճանական դիտաւորութեամբ։ Այս ռազմավարութիւնը դեռ շատ հեռու է տարածաշրջանին («մերձաւոր արտասահմանեան») տիրութիւն ընելու կամքը ունեցող երբեմնի Ռուսաստանի պատմական խօսոյթէն…Բայց նաև դեռ շատ շուտ է բնորոշում տալու Մոսկուայի քաղաքականութեան։ Ինչ-ինչ միջոցներու ապաւինելով, Ալիև կրցաւ Մոսկուայէն կորզել 44-օրեայ Պատերազմի իր յաղթանակը։ Հիմա ժամանակն է, որ ան «հատուցէ» Ռուսաստանը շարունակելով հանդերձ իր յաղթարշաւը հայ-ազրպէյճանական սահմանագծի երկայնքին։ Մոսկուա կը յաջողի՞ այս կէտին վրայ սանձի տակ առնել Ալիևը և խզում պարտադրել Թուրքիայէն։ Մեծ հարցական մըն է ասիկա։ Մէկ բան յստակ է։ Մոսկուա պէտք է անպայման ստիպէ, որ Բաքու խաղայ իր՝ Մոսկուայի՛ խաղը գէթ Սիւնիքի միջանցքի կապակցութեամբ։ Այլապէս 3+3 կամ 3+2+1 բանաձևին ապագան վտանգուած է։
Պահ մը փորձենք շրջել տարածաշրջանի յարաբերութիւններու աղիւսակը։ Ի վերջոյ պէտք է յստակացնել, թէ լծակային ի՞նչ առաւելութիւններով է, որ կը գործեն տարածաշրջանի պետութիւնները Մոսկուայի հետ իրենց յարաբերութիւնները կարգաւորելու մարզին մէջ։ Այս առումով, 3+3 ռուսական բանաձևի երկրորդ օղակը կը բաղկանայ այն երկիրներէն, որոնք ունին յստակ ուժականութիւններ, որոնց հետ հաշուի պիտի նստի Մոսկուան։ Այդ պետութիւններն են Թուրքիան և Իրանը։ Այս պետութիւնները կը տիրապետեն լծակային գերոյժի (leverage) թէ՛ Մոսկուայի և թէ՛ իրարու նկատմամբ…Խօսելով առաջին օղակին մասին, կը տեսնենք, որ պատկերը անհամեմատօրէն աւելի բարդ է հոս։ Ազրպէյճանի լծակային կարողականութիւնները որակականօրէն աւելի բարդ են այսօր և գործունակ՝ Մոսկուայի, Վրաստանի, Հայաստանի, Իրանի, Ռուսաստանի և նոյնիսկ Թուրքիոյ նկատմամբ քան օղակի միւս երկիրներուն (Վրաստանի և Հայաստանի)։ Վրաստան – ի տարբերութիւն Հայաստանի – դեռ ունի շարժելու որոշ – ոչ արհամարհելի – լուսանցք։ Հայաստանը միակն է, որ առայժմ կը գործէ պարտեալի և պատանդի դիրքերէն։ Պարտեալ՝ Ազրպէյճանէն և պատանդ՝ Ռուսաստանէն։ Բա՛ն մը՝ որ մեզ կը բերէ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու կնճռոտ խնդրին։
Ի՞նչ առաջադրութիւններով կը գործէ Փաշինեանի իշխանութիւնը այսօր տարածաշրջանի ուժերու այս բարդ աղիւսակին մէջ։ Դժուար է ճշգրիտ պատասխան տալ այս հարցումին։ ՀՀ արտաքին քաղաքականութիւնը այսօր կը գտնուի շարունակական խարխափանքի մէջ։ Ան կը փորձէ ողոքումի բանաձևերով «խաբել» թշնամին և զայն բերել համագործակցութեան և ատով իսկ տպաւորել Մոսկուան և — ինչու՝ ոչ – Արևմուտքը որպէս ինքնիր «այլընտրանք»ները ունեցող պետութիւն։ Պարզ է, որ իր խորամանկութեամբ փայլող թշնամին պիտի չիյնայ Փաշինեանի խաղին մէջ։ Թշնամին (այսինքն՝ ե՛ւ Բաքուն, ե՛ւ Անքարան) մէկ կողմէ զէնքի լեզուով կը խօսի Հայաստանի հետ և միւս կողմէ իր սակարկութիւնը կ՚ընէ ուղիղ Մոսկուայի հետ բանակցային գործընթացէն դուրս ձգելով Հայաստանը…Եւ Մոսկուա իր դիւանագիտութեամբ վաւերականութիւն կը շնորհէ թշնամիի ընտրած այս գործելաձևին միանալով Հայաստանը մեկուսացնելու թշնամիի ռազմավարութեան։ Իսկ Փաշինեան ինքզինք կը դնէ աւելի ևս նուաստացուցիչ կացութեան մէջ «ոչ-թշնամական» ելոյթներով ընդառաջելով թշնամիի նախայարձակ գործողութիւններուն թախանձելով, որ թշնամին ուզէ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Հայաստանի հետ…
Պարզ է, որ նմանօրինակ պայմանագիրը կարելի դարձնողը միայն Մոսկուան կրնայ ըլլալ և այդ «պայմանագիր»ը – ինչպէս 1921-ի Կարսի Պայմանագիրը – կրնայ ըլլալ միայն Հայաստանի հողային ամբողջականութեան և ինքնիշխանութեան հաշւոյն։
Այս առումով, կարևոր է ճիշտ հասկնալ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերոութիւններու էութիւնը։ Հակառակ Ռուսաստանի հետ դաշնագրային մեր կապերուն, «ռազմավարական դաշնակցի» բանաձևը, զոր ցարդ որդեգրած ենք մեր դիւանագիտութեան մէջ, մեզ պէտք չէ նախապաշարէ այլևս։ Դժբախտաբար մենք չունինք ռազմավարական դաշնակից այսօր։ Այդ գաղափարը վարկաբեկուեցաւ 44-օրեայ Պատերազմի բովին մէջ։ Ալիև յաջողապէս ջախջախեց այդ պատրանքը թէ՛ մեզի համար և թէ՛ Մոսկուայի։ Մենք ունինք տարածաշրջանի հսկայ գերտէրութիւնը մեր դռներուն առջև, որուն ախորժակները կառավարելու պարտաւորութիւնը միայն մերն է։ Եւ այս գերտէրութեան հետ մենք կրնանք խօսիլ միայն լծակային կարողականութիւններով։ ՄԻԱ՛ՅՆ։ Այն ՝ որ Հայաստանը աշխարհաքաղաքական յենարան մըն է Մոսկուայի համար և պատուա՛ր մը՝ փանթուրքիզմի վտանգին դէմ և հետևաբար երաշխաւորուած է ի բնէ բոլոր հաւանական թշնամիներուն դէմ…Այս թէզը արդէն վաղուց կը կարօտի վերանայման։ Մենք պիտի ընդոունինք, որ յարացոյցի (paradigm) հիմնական փոփոխութիւն տեղի ունեցած է տարածաշրջանին մէջ և մենք առայժմ դուրս մնացած ենք նոր յարացոյցէն։
Մենք կրկին կը գտնուինք «մուրճ»ի և «սալ»ի միջև։ Տարածաշրջանը կրկին վերադարձած է այն իրականութեան, որուն հանճարեղ ախտորոշումը ըրած էր Սիմոն Վրացեան իր դասական երկին մէջ՝ «Հայաստանը Բոլշևիկեան Մուրճի և Թրքական Սալի Միջև»։ Բոլշևիկեան «մուրճ»ին յաջորդած է շատ աւելի բարդ բնազդներով գործող և շատ աւելի մանուածապատ շահադրդիչներու անսացող Մոսկուա մը։ Երբեմնի թրքական «սալ»ին յաջորդած է Էրտողանի և Ալիևի ռազմավարութիւններով հզօրացած համաթրքական առանցք մը, որ ի վիճակի է իրավիճակ պարտադրելու տարածաշրջանին և յատկապէս Մոսկուային։ Վրացեանի մատնանշած յարացոյցին վրայ աւելցած են նաև Իրանն ու Իսրայէլը։
Առակս ի՞նչ ցուցանէ։ Ցուցանէ այն՝ որ Հայաստանը արդէն դուրս եկած է «ծով»էն և կը գտնուի «ովկիանոս»ի ջուրերուն մէջ լողալու պարտաւորութեան տակ։ Մոսկուան չի կրնար մեզի օգնել հին յարացոյցով, եթէ նոյնիսկ կամենայ։ Գերտէրութիւններու լինելիութեան գործօնները կը պահանջեն չմխրճուիլ «տեղական» հրամայականներու մէջ։ Մենք՝ ինքնե՛րս ենք, որ պիտի ստեղծենք քաղաքական գործօն միջավայրը հայ-ռուսական համագործակցութեան։ Մոսկուա ոչ թէ պիտի ուզէ, այլ պիտի պարտաւորուի իր իսկ այսօրուան շահերէն ելլելով արժանապատիւ տեղ տալու Հայաստան-Ռուսաստան երկ-կողմ դաշինքին։ Այս է մեր այսօրուան լինելիութեան մարտահրաւէրը։ Եւ մենք անզէն չենք այս մարտահրաւէրին դիմաց։
Լաւագոյն պարագային, այսօր Ռուսաստան դժուար բարեկամ մըն է Հայաստանի համար։ Բայց Հայաստանի բոլոր «բարեկամութիւն»ները այսօր կը պահպանուին դժուար նորմերով։ Հայաստան չէ կրցած ձերբազատուիլ պարտութեան իր համակարգէն։ Ան չէ կրցած ինքզինք դնել նոր ճանապարհի վրայ։ Ան չէ ցուցաբերած կարողութիւնը նոր ղեկավարութիւն, նոր բանակ, նոր տնտեսութիւն, նոր ռազմավարութիւն ձևաւորելու։ Հետևաբար ան միայն կրնայ ունենալ պառակտուած «բարեկամութիւն»ներ արտաքին քաղաքականութեան դաշտին մէջ։ Մենք մեր բարեկամները մեր նկատմամբ կը դնենք դժուարին ընտրութիւններու առջև և ինքնաբերաբար մեր թշնամիներուն կը նուիրենք ռազմավարական հսկայ դաշտ մը սանձարձակօրէն գործելու մեզի դէմ։
Այս է գինը ՀՀ իշխանութեան դիրքերուն վրայ Փաշինեանի և իր վարչախումբին գոյութիւնը մշտնջենաւորելու հասարակական վրիպանքին։ Այս ճակատագրական ռիսքն է, որ առած է ՀՀ քաղաքացին և այս մեծ սխալն է, որ ան պէտք է անյապաղ սրբագրէ։ Եւ առաւելագոյն փոյթո՛վ։
Հայաստանի և Արցախի վերականգնումի բանալին Նիկոլ Փաշինեանի «ապաշրջափակման քաղաքականութեան» կեղծ լոզունգներուն մէջ պէտք չէ փնտռել։ Անոնք միայն մեզ կը տանին փակուղի։ Հայաստանը պէտք է ձևաւորէ իր լծակային անկախ կարողականութիւնները և ներկայանայ աշխարհին նոր, հեղինակաւոր և ապագայասևեռ ղեկավարութեամբ և իր հայրենի հողը պաշտպանելու հզօր կամքով տոգորուած և ոգեզինուած ժողովուրդով։ Այս բոլորը մեր հասողութեան սահմաններուն մէջ են։ Պէտք է անմիջապէս ճամբայ ելլէ այս համազգային զօրաշարժը։