Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ մամլոյ խորհրդաժողովի

17-18 հոկտեմբեր 2021-ին, Երեւանի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ մամուլի խորհրդաժողովը։ Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը եւ անդամներ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամներ, ՀՅԴ մամլոյ դիւանը ու հանրային կապերու եւ քարոզչական գրասենեակի անձնակազմերը, ՀՅԴ աշխարհատարած կառոյցի մամուլի խմբագիրները եւ շրջաններու հանրային կապերու պատասխանատուները, ընկերային ցանցերու մասնագետներ։

Տրուած ըլլալով, որ խորհրդաժողովը տեղի կ’ունենար Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք, բնականաբար, իբրեւ համահայկական հրատապ օրակարգ, պատերազմի ընթացքին հայկական տեղեկատուութեան արժեւորումը եւ արձանագրած բացթողումները արժանացան համապատասխան քննարկումի։

Խորհրդաժողովի օրակարգին մաս կը կազմէին ՀՅԴ մամլոյ դիւանի կազմած ռազմավարութեան եւ մարտավարութեան նախագիծի քննարկումը, ազգային-պետական արժէքներու եւ գաղափարներու քարոզչութիւնը եւ առկայ խնդիրներն ու մարտահրաւէրները, Դաշնակցութեան քարոզչութեան ընդհանուր ուղղութիւնները, ՀՅԴ մամուլի բովանդակութեան եւ թեքնիք հիմնախնդիրները ինչպես նաեւ ՀՅԴ մամուլի աշխատանքներու համադրումը:

Խորհրդաժողովը հաստատեց.

1- Դաշնակցութեան մամուլը պիտի շարունակէ ազգային ազատագրական պայքարի եւ ընկերվարական գաղափարախօսութեան հունաւորման եւ ժողովրդականացման իր կենսական առաքելութիւնը:
2- Դաշնակցութեան մամուլը Արցախի ներկայ կացութիւնը եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրները կը շարունակէ պահել իր կիզակէտին` հետամուտ ըլլալով անոնց համապատասխան արձագանքին`ներազգային ու միջազգային հարթակներու վրայ:

3- Դաշնակցութեան մամուլը պիտի մնայ ջատագովը ազգային արժէքներու եւ ազգային միասնականութեան: Հայաստանի ու հայութեան սպառնացող բոլոր վտանգները կը մնան համահայկական օրակարգ, առ այդ պիտի մղել Հայաստանի իշխանութիւնները վեր բարձրանալու ազգը պառակտող վարքագիծէ: Հայութեան միասնականութեան հարցը անսակարկելի անհրաժեշտութիւն է:
4- Դաշնակցութեան մամուլը լայն զանգուածներուն առաւել հասանելի դարձնելու համար, հարկ է յաւելեալ զարկ տալ արդի արհեստագիտական հաղորդակցական միջոցներուն եւ ընկերային ցանցերուն։

5- Դաշնակցութեան մամուլին մէջ քաջալերել դաշնակցութեան քաղաքական մտքի զարգացումը եւ կառուցողական բանավէճը, նախանձախնդիր մօտեցում ցուցաբերելով դաշնակցական կեցուածքի օրինակելի դրսեւորման նկատմամբ, շարունակելով հեռու մնալ կարգ մը լրատուամիջոցներու եւ ընդհանրապէս ընկերային ցանցերու վրայ տեղ գտած անպատշաճ արտայայտութիւններէ եւ հակազդեցութիւններէ։

6- Նկատի ուենալով պատերազմի ընթացքին հայկական լրատուադաշտի պարզած անհամարժէք ու անկազմակերպ իրողութիւնը, ժողովը անհրաժեշտ համարեց մշակել ճգնաժամային իրավիճակի համարժեք քարոզչական մեքանիզմ։ Ժողովը հաստատեց, որ տեղեկատուական պատերազմը չէ աւարտած եւ հայութիւնը պէտք է ծաւալէ կազմակերպուած աշխատանք եւ միջազգային տեղեկատուական դաշտին վրայ ունենայ գործօն ներկայութիւն։

7- Մամուլի բնագաւառին մէջ մարդուժի պատրաստութիւնը եւ երիտասարդ սերունդին ներգրաւումը հարկ է դարձնել ուշադրութեան առանցք։ Այս ծիրին մէջ շեշտը դրուեցաւ նաեւ արդի արհեստագիտական կարելիութիւններու օգտագործման համար քարոզչական համակարգը յաւելեալ մասնագէտ անձնակազմով օժտելու անհրաժեշտութեան վրայ։
8-Խորհրդաժողովը հաստատեց.

ա. մեկնելով հայութեան ու Հայաստանի առջեւ ծառացած հիմնական մարտահրաւէրներէն, Դաշնակցութեան մամուլը վճռականօրէն պիտի հետապնդէ Արցախի հիմնահարցի հայանպաստ լուծման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պետականութեան, ինքնիշախնութեան եւ անվտանգութեան սպառնացող վտանգներու յաղթահարման քարոզչական իր առաքելութիւնը:
բ. Սփիւռքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէները, մասնաւորապէս Միջին արևելքի դիմագրաուած ներկայ տագնապը, կը մնան Դաշնակցութեան մամուլի մշտական ուշադրութեան տակ:

Share