Յայտարարութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի
Իւրաքանչիւր Ապրիլ 24-ի` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման նախաձեռնութիւններու նախօրեակին, թրքական ու թրքամէտ շրջանակներ թափ կու տան իրենց քարոզչաքաղաքական արշաւին` շրջանառութեան մէջ դնելով հայ եւ թուրք ժողովուրդներու կարծեցեալ բարեկամութեան այժմէականութեան, անցեալի ցաւոտ էջերը փակելու, աշխարհագրական ու հոգեմտաւոր սահմանները բանալու ու տարածաշրջանին մէջ գործակցութեան արգելքները վերացնելու անհրաժեշտութեան մասին կոչեր: Թուրքիոյ պետական այրեր, թուրք եւ օտար բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, վերլուծական կեդրոններ, քաղաքական գործիչներ, հեղինակաւոր թերթեր իւրաքանչիւր տարի յատկապէս ապրիլ ամիսին կը փորձեն շեղել բոլորին ուշադրութիւնը օրուան թեմայէն` ծառայելով Անգարայի ու նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին բարոյական պարտադրանքէն խուսանաւել փորձող բոլոր կողմերու շահերուն: Այս տարի ապրիլեան այս հերթական աճպարարութեան առաջին դիրքերուն վրայ է նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը` իր առաջին դէմքով ու հեղինակազուրկ այլ պաշտօնատարներով: Գրեթէ օրական յաճախականութեամբ ականջալուր ու ականատես կ՛ըլլանք Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ «շտկումներ» ընելու, հարեւաններու` յատկապէս Թուրքիոյ նկատմամբ հայ ժողովուրդի ընկալումները վերանայելու ու բարի կամք ցուցադրելու անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւններու, քաղաքական խմբակի մը կողմէ, որ երեք տարուան մէջ յաջողեցաւ իր անհեռատես ու ազգակործան քաղաքականութիւններուն միջոցով ու հազարաւոր հայորդիներու արեան գնով հայրենի հողին մէկ կարեւոր մասը կորուստի մատնել` յանձնելու մեր նոյն` պատմական թշնամիներուն:
Թուրքիան ո՛չ միայն չէ փոխած իր նախապայմանային քաղաքականութիւնը, այլ նաեւ դրդած է, սատարած, աջակցած եւ մասնակցած արցախեան պատերազմին: Ան մղած է Ազրպէյճանը հայկական Արցախին դէմ պատերազմ սանձազերծելու, ռազմական յանցագործութիւններ կատարելու եւ ցեղային զտման նոր ծրագիրներ իրականացնելու:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ հայ ժողովուրդի պատմական անսակարկելի իրաւունքներուն, պատմական յիշողութեան անձեռնմխելիութեան ու պահանջատիրութեան իրաւացիութեան հանդէպ բոլոր նկրտումները` անկախ հեղինակներէն ու անոնց ազգային ու քաղաքական պատկանելիութենէն: Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի նախօրեակին, Հայաստանի իշխող վարչակարգին կը զգուշացնենք` զերծ մնալ արցախեան նուաստացուցիչ պարտութիւնը խաղաղասիրական եւ արուեստական բնագիրով առաջնորդուող, սակայն միայն թրքական շահերը սպասարկող քաղաքական արարքներով ամբողջացնելէ:
Թուրքիան է՛ ու կը մնայ մեր թշնամին, այնքան ատեն որ չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը, չէ հատուցած մեր պատմական բոլոր իրաւունքները:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
Ապրիլ 8 2021թ
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Հիւսիսային Իրանի Կենտրոնական կոմիտէի
Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակի նախօրէին ՀՀ վարչապետի աթոռն զբաղեցնող անձը՝ Նիկոլ Փաշինեանը եւ իշխանական շրջանակները հանդէս են գալիս հայ-թուրքական եւ հայ-ադրբեջանական յարաբերութիւնների կարգաւորման, Թուրքիայի եւ Ադրբեջանի թշնամական պետութիւնների հետ «ոչ թշնամական» յարաբերութիւնների ձեւաւորման յայտարարութիւններով, եւ «խաղաղասիրութեան» ուղղակի կամ սքողւած ազգադաւ քարոզով, որոնք հեռաւոր աղերս անգամ չունեն հայ ժողովրդի ազգային շահերի, իղձերի, նկարագրի եւ արժեհամակարգի հետ:
Ակնյայտ է, որ ՀՀ գործող իշխանութիւնները ոչ միայն չեն գիտակցել եւ չեն վերաիմաստաւորել իրենց անցեալի սխալները եւ անհրաժեշտ հետեւութիւններ չեն արել դրանցից, այլեւ գնում են նոր՝ աւելի վտանգաւոր սխալների եւ արկածախնդրութիւնների ճանապարհով, ինչը կարող է խիստ բացասական ազդեցութիւն ունենալ հայկական հարցի, Հայ Դատի եւ պահանջատիրական մեր պայքարի վրայ, որի հիմքում ընկած է մեր հայրենազրկումը, եւ որին այս պատերազմից յետոյ աւելացել է եւս մէկ հայրենազրկում՝ Արցախի տարածքի աւելի քան 75 տոկոսի եւ ազատագրւած շրջանների կորստի տեսքով։
Կասկածից վեր է, որ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան չփարատւող մտահոգութեան, ապագայի յստակ տեսլականի բացակայութեան, հայկական իրականութիւնում տիրող հիասթափութեան, յուսահատութեան եւ անորոշութեան մթնոլորտի ֆոնին, հայ-թուրքական եւ հայ-ադրբեջանական հաշտեցման փաշինեանական ձեւաչափը կարող է իրականութիւն դառնալ միայն մեր ազգի պատմական յիշողութեան, պահանջատիրական պայքարի եւ ազգային արժանապատւութեան ոտնահարման հաշւին՝ նոր մարտահրաւէրների առջեւ կանգնեցնելով հայոց պետականութեանը, եւ վտանգելով նրա գոյութիւնն ընդհանրապէս:
Եւ քանի դեռ Թուրքիան եւ Ադրբեջանը չեն փոխել իրենց ընդգծւած հակահայկական քաղաքական ուղեգիծը եւ չեն հրաժարւել հայկական պետականութիւնը վերջնականապէս վերացնելու իրենց հրէշաւոր ծրագրից, յարաբերութիւնների կարգաւորման, սահմանների բացման եւ հաշտութեան մասին խօսելը ոչ այլ ինչ է, քան դաւաճանական գործողութիւն՝ սեփական Հայրենիքի եւ ժողովրդի նկատմամբ:
ՀՅԴ Հիւսիսային Իրանի Կենտրոնական կոմիտէն խստօրէն դատապարտում եւ մերժում է ՀՀ գործող իշխանութիւնների ազգադաւ վարքագիծն ու «Խաղաղասիրական» կեղծ օրակարգը:
Հարկ ենք համարում մէկ անգամ եւս վերահաստատել, որ մեր պահանջատիրական պայքարն աննահանջ է, իսկ մեր իրաւունքները՝ անշրջանցելի եւ անժամանցելի:
Վստահ ենք, որ ի հեճուկս այս իշխանութիւնների նւաստացուցիչ վարքագծի եւ թուրքահաճոյ յայտարարութիւնների, հայ ժողովուրդը կը շարունակի իր պայքարը՝ յանուն մեր ազգային մեծ տեսլականի՝ Միացեալ Հայաստանի կեանքի կոչմանը:
ՀՅԴ Հիւսիսային Իրանի Կենտրոնական կոմիտէ
Թեհրան, 07 ապրիլի 2021 թ.
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի
Վերջին օրերուն, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարական ղեկին կառչած վարչախումբի որոշ ներկայացուցիչներ՝ հանդէս եկան «տարածաշրջանային համագործակցութեան», Թուրքիոյ հետ «չթշնամանանք»ի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը նսեմացնելու յայտարարութիւններով, միաժամանակ, կասկածի տակ առնելով հայրենիքի պատմական տարածքներու պատկանելիութեան իրողութիւնը։ Օրէ օր աւելի ակնյայտ կը դառնայ թէ Արցախի երրորդ պատերազմի պարտութեան մեղքի ու ամօթի խարանը իր ճակտին կրող այս խմբակցութիւնը՝ ի գործ կը դնէ Նոյեմբեր 9-ի անձնատուական իր համաձայնութեան մութ պայմանաւորուածութիւնները: Ակնյա’յտ է նաեւ որ օտարամուտ պատուէրներու այս կամակատարները՝ իրենց նորագոյն խաբէութիւններն ու խարդաւանքը կը ծառայեցնեն միմիայն վերարտադրուելու իրենց աղէտալի կամակորութեան:
Դեռ ամիսներ առաջ, նոյնինքն Անգարայի անմիջական ներգրաւուածութեամբ՝ սանձազերծուեցաւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը , որու պատճառով ալ՝ Հայաստանի ու Արցախի գոյատեւելիութիւնը յայտնուեցաւ անմիջական սպառնալիքի տակ: Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հակահայ մոլուցքին ու թշնամանքին պատճառով թափուած աւելի քան հինգ հազար հերոսներու արիւնը դեռ չչորցած, բարբաջել տարածաշրջանային խաղաղ համագոյակցութեան ու բարիդրացիական յարաբերութիւններու մասին՝ չի’ կրնար տեղաւորուիլ գիտակից ու յանձնառու ոեւէ հայու հասկացողութեան մէջ:
Այսօր, Ապրիլի 24-ի նախօրէին, երբ հակահայ արշաւի յորձանքը դիմակայելու իրենց առաքելութեան հաւատարիմ Հայ Դատի Յանձնախումբերը ամենուր անհաւասար պայքար կը մղեն թուրք–ատրպէյճանական տանդեմին դէմ, անդին՝ «իմքայլական» իշխանութեանց ներկայացուցիչներու թշնամիին քծնող եւ ազգադաւ ելոյթները՝ պարզապէս լուրջ հարուած կը հասցնեն տարիներու հետեւողական ճիգով ձեռքբերուած Հայ Դատի նուաճումներուն։ Առաւել եւս՝ օտարման սեպ կը խրեն Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ: Աւելի’ն՝ անոնք նաեւ լրջագոյն սպառնալիք կը հանդիսանան մեր հայրենիքի ազգային անվտանգութեան: Ցեղասպանութիւնն ու պահանջատիրութիւնը մոռացութեան տալու եւ քաղաքական ծնկաչոք «իրապաշտութիւն» ձեւակերպելու նման փորձերը, լի են միմիայն վնասաբեր զարգացումներով, որոնք կը սարսեն Հայաստանի գոյութեա’ն հիմերն իսկ: Կո’յր պէտք է ըլլալ չտեսնելու Սիւնիքի ու նոյնի’սկ՝ Երեւանի հանդէպ Ալիեւեան նկրտումներն ու Զանգեզուրի միջանցքով՝ թրքական աշխարհի միաւորման փանթուրքական մահացու վտանգները:
Հայաջնջումն ու Հայաստանի ի սպառ վերացումը տակաւին օրակարգի վրայ ունեցող թրքական երկուորեակ կողմերուն հետ յարաբերութիւնները վերանայելու ու «շտկումներ» ընելու կոչերով հանդէս եկող վարչախումբը՝ ամբողջովի’ն դիմակազերծ եղած է: Ան պարզապէս կը շարունակէ իր «թաւշեայ» խաբեբայութիւնները՝ իրականացնելու դուրսէն թելադրուած իր անձնատուական ծրագիրը:
Ի տես այս բոլորին, Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին սեմին կու գանք վերհաստատելու, որ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան վրայ հիմնուած մեր պայքարը աննահանջ է ու մեր իրաւունքները անժամանցելի՛ են, ինչքա՛ն ալ Հայաստանի ներկայ վարչախումբը՝ ցեղասպանութեան գծով համակերպութեան եւ զիջումներու միտող աններելի ու թրքահաճոյ յայտարարութիւններով հանդէս գայ:
Գանատահայութեան կարողականութիւնն ու մարդուժը Հայաստանի ու Արցախի բազմակողմանի զարգացման ծառայեցնելը մեր առաքելութիւնն է: Արցախի պետականութեան ամրակայման, պատերազմէն ետք դժուարութիւններու յաղթահարման եւ կենսական կարիքներուն անսալու ուղղութեամբ` ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը կը վերահաստատէ իր ամբողջական ներուժը ի գործ դնելու Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ իր յանձնառութեանց գծով։ Այս բոլորով հանդերձ, կը դատապարտե’նք ու երի’ցս կը մերժենք իշխող վարչախումբի դաւադիր վարքագիծն ու կեղծ խաղաղութեան իր օրակարգը:
Այնքան ատեն որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը շարունակեն իրենց թշնամանքը մեր ազգի ու հայրենիքի հանդէպ, մենք կը շարունակենք մեր յարատեւ պայքարը՝ անոնց սադրանքներուն ու փանթուրքիստական ախորժակներուն դէմ:
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ
Ապրիլ 5 2021
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի
(Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու մասին)
Երկու ամիսէ ի վեր, Հայաստանի այսպէս կոչուած «իշխանական» շրջանակէն կը հնչեն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատման բացայայտ կոչեր, առեւտրա-տնտեսական բարելաւման եւ սահմանի բացման քօղին տակ, որ սակայն խորքին մէջ կը միտի մեր ժողովուրդի պատմական անցեալը մատնել մոռացութեան, հրաժարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային պահանջէն, ինչպէս նաեւ՝ արցախեան հիմնահարցէն: Այլ բացատրութիւն չունին արտաքին գործոց նախարարի, Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարի, Ազգային Ժողովի փոխ նախագահի այս գծով կատարուած իրերայաջորդ յայտարարութիւնները: Աւելի՛ն: Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին կառչած անձը կը շարունակէ քարոզել իր ծանօթ ու նախապէս տարբեր առիթներով արտայայտած թեզը՝ երկու ժողովուրդներու թշնամական վերաբերմունքի պատճառներուն մասին, ուր ոչ թէ տողատակի, այլ հականէ անուանէ ան մատնացոյց կ‘ընէ հայկական կողմի «սխալներ»-ը … Մինչդեռ յստակ է բոլորին համար, նոյնիսկ միջազգային կարծիքին համար, որ հայութեան դիրքորոշումը հետեւանք է ոչ թէ երկու ժողովուրդներուն պատմական համահաւասար առճակատումի, այլ՝ Թուրքիոյ կողմէ մեր ժողովուրդին դէմ ծրագրուած ու կազմակերպուած դարաւոր հալածանքին, բնաջնջման եւ հայրենազրկման, իսկ Թուրքիոյ թշնամական քաղաքականութիւնը պայմանաւորուած է ոչ թէ հայութեան կողմէ թուրք ժողովուրդին նկատմամբ ֆիզիքական հաշուեյարդարներու յերիւրածին ու երեւակայածին ծրագիրներով, այլ իբրեւ անմիջական շարունակութիւն՝ փանթուրքիզմին:Անգարա անշեղօրէն կը շարունակէ ցեղապաշտ իր տուեալ քաղաքականութիւնը մինչեւ օրս, մինչեւ պահս, անթաքուն ու անարգել: Եւ ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ համայն հայութեան դէմ:
Արցախեան վերջին պատերազմին Էրտողանի նէօ-օսմանական մեծապետական ախորժակները, յարձակողապաշտ յայտարարութիւններն ու սպառնալիքները, Թուրքիոյ վարչական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ զինուորական օժանդակութիւն-մասնակցութիւնը Պաքուի կողքին՝ բարացուցական ապացոյցն է ընդգծուած հաստատումին:
Հայաստանի վարչապետի աթոռին յամառօրէն կառչած հեղինակազրկուած, ձախողած ու պարտուած պաշտօնեան ու անոր նոյնքան դասալիք ու ապազգային վարչախումբը ամէն կերպ կը փորձեն մեր ժողովուրդին ու յատկապէս հայրենի մեր ժողովուրդին ազգային գիտակցութիւնը շեղել՝ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ համակեցութեան մասին անհիմն ու կեղծ մեկնաբանութիւններով եւ վարդագոյն ճառերով, պատուիրատուի մը հաճոյանալու ողորմելի ճիգով: Ինչպէս կ‘ըսուի այս գծով ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի յայտարարութեան մէջ, «Հայաստանը տարածաշրջանին մէջ միակ երկիրն է, որ եղած է տարածաշրջանային խաղաղութեան կայուն երաշխաւորը. խաղաղութիւնը տարածաշրջանին մէջ խախտած է մեր հանդէպ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումներուն պատճառով, հետեւաբար Հայաստանը այն վերջին երկիրն է, ուր պէտք է խաղաղութիւն քարոզել:
Ինչ կը վերաբերի հայ-թրքական սահմանի ճակատագիրին, ապա պէտք է հաշուի առնել, որ սահմանը անօրինական ձեւով եւ իբրեւ թշնամական գործողութիւն փակուած է թրքական պետութեան կողմէ: Հայաստան-Թուրքիա սահմանի փակման գործին մէջ Հայաստանը որեւէ դերակատարութիւն չէ ունեցած»:
* * * * *
24 Ապրիլին ընդառաջ խմորուող այս հոլովոյթը միամիտ զուգադիպութիւն չէ անշուշտ, եւ աշխարհով մէկ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման պատրաստուող պահանջատէր հայութիւնը ըստ ամենայնի կը մերժէ ազգադաւ այս վարքագիծը: Թշնամի Թուրքիոյ հետ յարաբերութեան կամ երկխօսութեան որեւէ փորձ պիտի մերժուի ու հաստատ պիտի տապալուի հայ ժողովուրդին կողմէ: Թուրքիան ու անոր արբանեակ Ազրպէյճանը Հայաստանի ու հայութեան թշնամին են ու պիտի մնան թշնամի, այնքան ատեն որ չեն դադրիր իրենց էապէս ու գործնապէս վարած հակահայ քաղաքականութենէն, այնքան ատեն որ կը շարունակեն ուրանալ ու ժխտել իրենց գործադրած Ցեղասպանութիւնը եւ այնքան ատեն որ չեն հատուցեր հայ ժողովուրդի բոլոր իրաւունքները՝ նիւթական, բարոյական եւ հողային:
Հետեւաբար, ՀՅԴ Արեւմտեան Երոպայի (Ֆրանսա, Պեճիքա, Հոլանտա) մեր շարքերուն անունով կը զգուշացնենք անխտիր ԲՈԼՈՐԻՆ, որ Հայ Դատի մեր կազմակերպական, երիտասարդական եւ միութենական ամբողջ ցանցով ու ներուժով, ինչպէս նաեւ տուեալ համայնքներու մեր ժողովուրդի յանձնառու լայն զանգուածով կը մերժենք ազգադաւ նման փորձ, ոչ մէկ ձեւով կ‘արտօնենք զայն ու ոգի ի բռին եւ մեր բոլո՛ր միջոցներով ու կարողականութեամբ պիտի պայքարինք անոր դէմ, յանուն մեր ազգային արժանապատուութեան ու մեր Սրբազան նահատակներու դեռ թաց արեան: Հակաթուրք մեր պայքարը աննահանջ է, մեր արդար Դատին պահանջատիրութիւնը անտեղիտալի է ու անսակարկելի: Մենք կը շարունակենք ու կը հետապնդենք պայքարը՝ բանիւ եւ գործով, աննկուն կամքով, մարտունակ ոգիով, անխախտ համոզումով ու աներեր հաւատքով:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
5 Ապրիլ 2021
Փարիզ
Յայտարարութիւն Հ․Յ․Դ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի
2021-ի Ապրիլ ամիսը թեւակոխած ենք արդէն ու համայն հայութեան հետ միատեղ կը պատրաստուինք նշելու՝ հայ ազգին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցը։ Մեր ազգի հաւաքական-պատմական յիշողութեան, բայց նաեւ վերածնունդի ու պահանջատիրութեան կարեւոր թուականը։
Հայութեան համար անհանգստացնող ու վտանգաւոր պայմաններու մէջ պիտի նշենք Ապրիլը այս տարի, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ու անոր հետեւանքներու ծանր մթնոլորտին մէջ եւ յամեցող բարդ իրավիճակներու առջեւ, որ այսօր, աւելի քան երբեք, հրամայական պահանջ կը դարձնեն հայ ժողովուրդի պայքարին աշխուժացումը։ Նո՛յն մեր քաջարի ժողովուրդին, որ ամենայն վճռակամութեամբ դէմ յանդիման պէտք է կանգնի բոլոր մարտահրաւէրներուն առջեւ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի մէջ։
24 Ապրիլին ընդառաջ՝ ականատես դարձանք Հայաստանի իշխանութիւններու ապակողմնորոշող յայտարարութիւններուն, երբ հանդէս եկան հայ-թրքական եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ «ճշգրտումներ կատարելու» մտադրութեան բացայայտումով, անոնց տալով բոլորովին սխալ ուղղութիւններ եւ արկածախնդրութիւններու նոր ու վտանգաւոր ճանապարհ բանալով հայութեան առջեւ։
Կարելի՞ է չփոթորկիլ, լսելով ապաշրջափակման թրքահաճոյ լոզունգները որ հրապարակ կը նետուին, այն պահուն, երբ Թուրքիա բացայայտօրէն կը շարունակէ իր թշնամական քաղաքականութիւնը Հայաստանի, Արցախի ու համայն հայութեան հանդէպ, երբ կը յոխորտայ իր դերակատարութեամբ Արցախեան վերջին պատերազմին մէջ, ուր Թուրքիոյ վարչական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ զինուորական օժանդակութիւնը Պաքուի կողքին էր, երբ թուրք-ազերիական յարձակողապաշտ սպառնալիքները շարունակական են, կրկնուող հայատեայցութեամբ ու ցեղապաշտական զտումներու քաղաքականութեամբ։
Արդեօք կարելի՞ է երբեք նժարի վրայ դնել իրաւունքը, ազգային մեր արժանապատուութիւնը եւ պատմութիւնը։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէն, մեր շարքային ու երիտասարդականի ընկերներով, մեր ուղեկից միութիւններով ու գաղութային կազմակերպական ամբողջական ներուժով, յանձնառու կը մնանք մեր ազգային պայքարներուն առջեւ, խստօրէն դատապարտելով Հայաստանի իշխող վարչակարգին կողմէ միտումնաւոր արարքները, որ թրքական շահերու սպասարկման կը ծառայեն։
Պահանջատէր հայութեան համար փոթորկալից վերիվայրումներով յատկանշուած են երկար տարիներու ջանքերը, որոնց շնորհիւ հայութիւնը յարգանք ու ակնածանք կը վայելէ օտար քաղաքական շրջանակներուն մօտ, հպարտութեան ազնիւ զգացումներով։ Մենք բոլորս լաւապէս կը գիտակցինք, թէ պայքարներու խստապահանջ ճամբուն վրայ մեր ժողովուրդը կրնայ կազմակերպուած ուժի վերածուիլ, միայն եթէ հաւատարիմ մնայ մեր ազգային արժէքներուն հանդէպ եւ բարձր պահէ ու պահպանէ իր ազգային արժանապատուութիւնը։ Եւ այդ պատճառով է, որ կը շեշտենք, թէ ամբողջովին մերժելի է Հ.Հ. գործող իշխանութեանց որեւէ փորձ կամ մտադրութիւն, որ կրնայ վտանգի տալ առնել կամ բացասական արդիւնքներ բերել հայութեան իրաւունքներու վերականգման ուղղուած Հայ դատի պահանջատիրական երկարամեայ պայքարներուն։
Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
Ապրիլ 9 2021
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Շուէտի առանձնակի կոմիտէի
Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկին կառչած հողատու իշխանութիւնները՝ իշխանութեան որոշ ներկայացուցիչները, վերջերս հանդէս կ՛ուգան «տարածաշրջանային համագործակցութիւն» թուրքիոյ հետ «չթշնամանք»ի և Հայոց ցեղասպանութիւնը նսեմացնլու յայտարարութիւններով, մինչեւ իսկ կասկածի տակ առնելով հայրենիքի պատմական տարածքներու պատկանելութեան իրողութիւնը:
Վերջերս աւելի յստակ կը դառնայ, որ Արցախեան երրորդ պատերազմի մեղքի և ամօթի սեւ խարանը իրենց ճակտին կրող այդ խմբակը, բացայայտօրէն ժխտելով Արցախը, որպէս հայկական հողատարածք, ի գործ դրեց նոյեմբեր 9-ի անձնատուուական համաձայնութեան իր մութ պայմանաւորւածութիւնները, որոնց հետեւանքը եղան Արցախեան 44 օրեայ պատերազմի ողբերգական ելքը, 5000 նահատակները, հարիւրաւոր գերիները և հազարաւոր անօթեւանները՝ որոնք լքեցին իրենց հայրենի օճախները, Հայաստանի և Արցախի որոշ տարածքներ այսօր կը գտնուին ազերի և թուրք զինւորներու սպառնալիքի տակ: 5000 նահատակներու արիւնը դեռ չչորցած, աթոռին կառչած այս իշխանութիւնները կը բարբաջեն համագործակցութեան ու բարի դրացիական յարաբերութիւններու մասին, ինչը դժուար ըմբռնելի է որեւէ հայու հասկացողութեամբ:
Քանի մը օրերէ ետք կը թեւակոխենք 24 ապրիլը, որը իւրաքանչիւր զտարիւն հայու մտքի և խղճի մէջ ոչ միայն յիշատակելի պարզ օր մընէ, այլեւ պայքարի, պահանջատիրութեան օր կը համարենք: Սակայն երբ հակահայ արշաւի յորձանքը դիմակայելու առաքելութեան հաւատարիմ Հայ Դատի հանձնախումբերը ամէնուր անհաւասար պայքար կը մղեն թուրք ազերիական քարոզարշաւի մեքենայի դէմ, անդին «իմ քայլական» իշխանութեան ներկայացուցիչները թշնամիին քծնող և ազգադաւ ելոյթներով կը փորձեն լուրջ հարուած հասցնել տարիներու հետեւողական ճիգով ձեռք բերուած Հայ Դատի նուաճումներուն և օտարման սեպ կը խրեն Հայաստանի և Սփիւռքի միջեւ:
Առաւել, անոնք լրջագոյն սպառնալիք կը հանդիսանան մեր հայրենիքի ազգային անվտանգութեան: Ցեղասպանութիւնն ու պահանջատիրութիւնը մոռացութեան տալով «իրապաշտութիւն» խաղալու նման փորձերը, կը սասանեն Հայաստանի գոյութիւնը: Այս բոլորով հանդերձ Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցի սեմին կուգանք հաստատելու՝ Հայաստան – Արցախ և Սփիւռք միասնութեան վրայ հիմնուած մեր պայքարը աննահանջ է ու մեր իրաւունքները անժամանցելի են, ինչքան Հայաստանի ներկայ վարչակազմը Ցեղասպանութեան գծով, համակերպութեան և զիջումներու միտող աններելի թրքահաճոյ յայտարարութիւններով հանդէս գա:
Շուէտիոյ հայութիւնը իր բոլոր միութիւններով և մարդուժով պիտի ծառայէ Հայաստանի և Արցախի պետականութիւններու ամրապնդման և ամրակայման, յաղթահարելու պատերազմէն ետք ծագած դժուարութիւնները:
Շուէտիոյ ՀՅԴ կառոյցը կը վերահաստատէ՝ ամբողջական ներուժը ի գործ դնել Հայաստանի և Արցախի հանդէպ իր յանձնառութեանց իրականացման նպատակին:
ՀՅԴ Շուէտի առանձնակի կոմիտէ
09.04.2021