Մելոնի Իտալիոյ Առաջին Կին Եւ Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն Ի Վեր Ծայրայեղ Աջակողմեան Առաջին Կառավարութեան Վարչապետ

Մելոնի Իտալիոյ Առաջին Կին Եւ Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն Ի Վեր Ծայրայեղ Աջակողմեան Առաջին Կառավարութեան Վարչապետ

Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլայի նստավայրին մէջ, Ճիորճիա Մելոնին շաբաթ օր հանդիսաւոր երդումով ստանձնեց Իտալիոյ վարչապետի պաշտօնը: Ան այդպիսով դարձաւ Իտալիոյ պատմութեան ընթացքին առաջին կին վարչապետը:

Աւելի՛ն, 45 տարեկան Մելոնին պիտի ղեկավարէ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր առաջին ծայրայեղ աջակողմեան կառավարութիւնը:

«Մելոնին «Իտալիոյ եղբայրներ» ազգայնական կուսակցութեան ղեկավարն է: Անոր կուսակցութիւնը նախընտրական դաշինք կնքած է նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնիի ղեկավարած «Ֆորցա Իթալիա» (Յառա՛ջ, Իտալիա, «Ա.») կուսակցութեան եւ ազգայնական ղեկավար Մաթէօ Վալվինիի ղեկավարած «Լիկա»-ին հետ:

Ասիկա արդէն 21-րդ դարուն մէջ Իտալիոյ 12-րդ կառավարութիւնն է:

Մելոնիի խումբը պէտք է լուծէ շարք մը բարդ խնդիրներ, որոնք առնչուած են ուժանիւթի գիներու բարձրացման, տնտեսական դժուարութիւններու եւ ռուս-ուքրանական պատերազմին մէջ միասնական դիրքորոշումի որդեգրման:

Մելոնին խոստացած է աջակցիլ Ուքրանիոյ, սակայն Վլատիմիր Փութինի բարեկամը նկատուող Պերլուսքոնին քանի մը առիթներով Քիեւը մեղադրած է պատերազմին համար:

«Լիկա»-ի ղեկավար եւ ներքին գործոց նախկին նախարար Սալվինի դարձած է փոխվարչապետ եւ ենթակառոյցներու նախարար:

Իտալիոյ առաջին կին վարչապետ Մելոնիի կառավարութեան մէջ վեց կիներ նախարարական պաշտօններ ստացած են:

Կառավարութեան մաս կը կազմեն Մելոնիի 9 կուսակիցներ, իսկ «Ֆորցա Իթալիա»-յէն եւ «Լիկա»-էն հինգական նախարարներ:

24 նախարարներէ կազմուած կառավարութեան մէջ մնացեալ պաշտօնները ստանձնած են թեքնոքրաթներ:

Նոր կառավարութեան մէջ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնած Անթոնիօ Թայանի յայտնած է, որ իր առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քոլեպայի հետ պիտի ըլլայ, եւ ինք իր համերաշխութիւնն ու աջակցութիւնը պիտի յայտնէ իր ուքրանացի պաշտօնակիցին:

Թայանի, որ «Ֆորցա Իթալիա»-ի փոխնախագահն է եւ Եւրոպական խորհրդարանի նախկին նախագահը, երէկ հաստատուած է նաեւ Իտալիոյ փոխվարչապետի պաշտօնին:

Թայանի ըսած է, որ Հռոմը պիտի չփոխէ Ուքրանիոյ հարցին մէջ քաղաքականութիւնը եւ պիտի շարունակէ հետեւիլ այդ երկրին սատարելու Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի քաղաքական գիծին:

Նոր վարչապետ Ճիորճիա Մելոնի ըսած է, որ Իտալիան պիտի պաշտպանէ իր ազգային շահերը, սակայն միեւնոյն ժամանակ պիտի հետեւի եւրոպական համարկման եւ հիւսիսատլանտեան քաղաքականութեան, յատկապէս Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ:

AZTAG

Share