Չաւուշօղլուն քննադատած է արեւմուտքի դիտորդական առաքելութիւնները հայ-ազրպէյճանական հանդիպման վայրին Վրայ

Չաւուշօղլուն քննադատած է արեւմուտքի դիտորդական առաքելութիւնները հայ-ազրպէյճանական հանդիպման վայրին Վրայ

2023-ի համապետական ընտրութիւններուն ընդառաջ՝ «Քաղաքային հանդիպումներ»-ու ծիրէն ներս՝ Մերսին մեկնած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրած է Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ առկայ խնդիրներուն վերաբերեալ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Hurriyet-ը։

Չաւուշօղլուն ԵԱՀԿ-ը մեղադրած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրը 30 տարի շարունակ յետաձգելու եւ չլուծելու մէջ։ Հիմա ալ կը քննադատէ ԵԱՀԿ-ի դիտորդական առաքելութիւնը հայ-ազրպէյճանական հանդիպման վայրին վրայ։

«Դիտորդներ կամ որեւէ այլ պատւիրակութիւն ուղարկելով տարածաշրջան՝ դուն անգամ Ազրպէյճանի կարծիքը չես հարցներ։ Ակնյայտօրէն անոնք (ԵԱՀԿ-խմբ.) ունին Հայաստանին աջակցելու նպատակ։ ԵԱՀԿ-ն փակուղիի մէջ է։ Ընդունուած որոշումները հիմա կը հակասեն ԵԱՀԿ-ի գործող կանոններուն»,- ըսած է Թուրքիոյ ԱԳՆ ղեկավարը։

ԵԱՀԿ-ն պաշտօնապէս հաստատած էր, որ Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով Հոկտեմբեր 21-27 կարիքներու գնահատման առաքելութիւն կը գործուղէ Հայաստան։ Եւրոմիութիւնը (ԵՄ) նոյնպէս Հայաստանի առաջարկով դիտորդական առաքելութիւն պիտի տեղակայէ Ազրպէյճանի հետ հանդիպակաց վայրի երկայնքով։

ԵԱՀԿ-էն յետոյ Չաւուշօղլուն թիրախ դարձուցած է Եվրոմիութիւնը` վերջինս մեղադրելով խոստմնազանցութեան եւ անազնւութեան մէջ։

«Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ եղած իւրաքանչիւր դրական քայլ կ՝ազդէ նաեւ մեր յարաբերութիւններուն վրայ։ Այդ իսկ պատճառով մենք կ՝աջակցինք ամէն մէկ դրական քայլին։ Եւրոպայի համար եւս ասիկա շատ օգտակար պիտի ըլլայ»։

Share