Ս. Մահսէրէճեան
Ուքրանիոյ քաղաքներուն վրայ տեղացող հրթիռներէն աւելի հնչեղ «ռումբ» մը պայթեցաւ Հինգշաբթի, 20 Հոկտեմբերին, դարձեալ Լոնտոնի մէջ. 45 օր առաջ վարչապետի պաշտօնը ստանձնած Լիզ Թրաս հրաժարական տուաւ, յայտարարելով, որ անկարող է իրականացնելու այն խոստումները, որոնց հիմամբ յաջորդած է Պորիս Ճոնսընի:
Լոնտոնէն հնչած քաղաքական ռումբը բնականաբար իր վրայ կեդրոնացուց թէ՛ Բրիտանիոյ եւ թէ աշխարհի մեծերուն ու փոքրերուն ուշադրութիւնը: Բրիտանիոյ քաղաքական ելեւէջներուն հետեողներ ըսին, որ պատահած է անխուսափելին, եւ բացին յաջորդի մը «ընտրութեան» սակարանը: Յաւակնորդներուն շարքին է նոյնինքն… Ճոնսըն (ինչպէս որ Թրամփը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ…):
Մեկնաբանութիւններու հեղեղն ալ վարարած գետի նման է: «Պրեքզիթ», տնտեսական-հարկային ձախորդ քաղաքականութիւն, Պահպանողական կուսակցութեան մէջ ներքին հակամարտութիւններ, այսինքն՝ աթոռակռիւ, Ուքրանիոյ տագնապէն տարածուող «թափօններու» կուտակում եւ… շարքը երկար է:
Պէտք չունինք մտնելու եղածին մանրամասնութիւններուն մէջ, ո՛չ ալ իտէալականացնելու պատահածը: Մէկ բան յստակ է ըստ ամենայնի: Թրասի հրաժարումը պահպանողականներուն որոշումով տեղի ունեցաւ (միայն յիշատակենք, որ վերջին շաբաթներուն, այժմ հրաժարեալ վարչապետը ի միջի այլոց կացինահարեց երէկի իր գործակիցներէն քանի մը պարագլուխներ, ասֆալթին փռեց շահատուրքերու փոփոխութեան իր ծրագիրը արգելակել-բարելաւել ուզողները եւ այլն): Բացայայտ է, որ մարդիկ տեղ մը տեսան, որ իրենց ընտրեալը սխալներու շարանով մը կը կիրարկէ վնասարար ընթացք, հետեւաբար, ընդդիմադիրներէն առաջ, իրե՛նք քայլ առին եւ մերժեցին անոր պաշտօնավարութեան շարունակումը:
Ստեղծուած տագնապներուն միակ պատասխանատուն Թրասը չէր, բնականաբար: Նախկիններն ալ՝ Ժոնսըն, Մէյ եւ ուրիշներ մեծ բաժին ունէին, սակայն եզրակացութիւնը այն է, որ անկախ բոլոր մեկնաբանութիւններէն եւ հակամարտութիւններու փոթորիկէն, վարչապետը նկատուեցաւ գլխաւոր պատասխանատուն եւ ան գոնէ քաջութիւնը ունեցաւ յայտարարելու իր անկարողութիւնը, 10 Տաունինկ Սթրիթի (վարչապետարան) դուռը բացաւ եւ դուրս եկաւ: Ան ո՛չ իր երկիրը անդառնալի կործանումի տարած էր, ո՛չ հողատարածքներ կորսնցուցած էր, ո՛չ ալ յամառօրէն կառչած մնաց իր վնասարար երթին, սպասելով, որ ծափահարո «ուսապարկեր» գտնուին: «Խոստացայ, անկարող եմ խոստումս յարգելու, մնաք բարով, թող գործէ հասկցողը գայ եւ շարունակէ երթը»:
Երկրորդական է, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ յաջորդը: Այսինքն, պահպանողականները պիտի յաջողի՞ն նոր ղեկավարի մը շուրջ համաձայնիլ, թէ երկիրը պիտի իյնայ նոր խորհրդարանի մը ընտրութեան ոլորապտոյտին մէջ, շատ աւելի լայն բանալով «Փանտորայի տուփ»ին կափարիչը: Վաղը սեւ ու սպիտակ ծուխերկրնան իրարու յաջորդել եւ նոր հաւասարակշռութիւն բերել, ԵՐԿՐԻՆ ՈՒ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՇԱՀԵՐԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ խորագիրին տակ: Այլ երկիրներ բացայայտ դարձուցած են որ (եւ ատիկա բնական ընթացք է) Բրիտանիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները կախեալ չեն վարչապետի անձէն, ո՛չ իսկ երկրին ղեկը ստանցնող կուսակցութեան գոյնէն: Յարաբերութիւնները ՊԵՏՈՒԹԵԱՆՑ ՄԻՋԵՒ կը շարունակուին անփոփոխ ընթացքով, միշտ եւ մի՛շտ հասարակաց շահերու հաշուարկով ու անոնց միջեւ ներդաշնակութիւն ստեղծելու նախանձախնդրութեամբ (իսկ երբ տեղ մը շահերը խաչաձեւուին, կ’ունենանք, օրինակի համար, Ուքրանիա…):
***
Լոնտոնն ու Ուքրանիան ձգենք արեւմտեան կողմն աշխարհի եւ պահ մը դիտենք մեր «փոքր ածու»ի նորագոյն իրադարձութիւնները:
Նորագոյն – եւ համեմատաբար դրական – զարգացումը՝ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի Հայաստան այցելութիւնն էր, որ յանգեցաւ Ղափանի մէջ (կանխորոշուած) իրանեան հիւպատոսարանի բացման: Նկատի ունենալով Հայաստանի հարաւային գօտիին եւ անոր սահմանամերձ շրջանին մէջ վերջին շաբաթներու ուշագրաւ զարգացումները, ապա նաեւ՝ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նկատմամբ Իրանի կեցուացքին մէջ արձանագրուած նորութիւնները (որոնք յամենայնդէպս նորութիւն չեն, սակայն հակադրութիւնները աւելի յստակ բառերով եւ գործքով արտայայտուեցան), Ապտոլլահեանի այցելութիւնը հարցում ստեղծեց, թէ արդեօք Հայաստանպի վարիչները ի վերջոյ սկսա՞ծ են մօտենալ իրականութիւնները պարզ աչքով տեսնելու վիճակին: Պոլթընի այցելութենէն ետք, ու ամերիկեան իրերայաջորդ պատուիրակութեանց այցելութիւններու առիթով, ապա նաեւ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի հետ արեւմտեան հովանոցի տակ երեւանցիներուն աշխուժացուցած բանակցութիւններուն լոյսին տակ (այլ մանրամասնութիւններ զեղչենք պահ մը), Իրան բացայայտ մտահոգութեամբ հետեւած էր երեւանցիներուն շարժումներուն: Նորագոյն մտահոգութիւնը արձանագրուեցաւ քանի մը օր առաջ, երբ եւրոպացի դէտեր Հայաստան հասան: Երեւանի մէջ Ապտոլլահեանի յայտարարութիւնները ցոլացումն էին այդ մտահոգութիւններուն, մանաւանդ զինք Հայաստանէն խզելու արեւմտեան (ներառեալ Իսրայէլի) ճիգերուն ստեղծած մտավախութեանց:
Բնական է, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք չէ ինքզինք հարկադրուած զգայ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵԼՈՒ Իրանի (կամ ոերեւէ այլ երկրի) քմահաճոյքներուն, սակայն կայ այլ իրականութիւն մը. պէտք է որդեգրել յարաբերութիւններու հաւասարակշռեալ ուղի մը, որմէ առաւելագոյնս (եւ ըստ կարելւոյն) օգտուի Հայաստանը, սկսելու համար՝ ետդարձ կատարել կոստաբեր հեռացումներէ: Մինչդեռ, վերջին ամիսներուն (եթէ ո՛չ՝ աւելի երկար ժամանակէ ի վեր), Հայաստան բացայատօրէն իր նաւուն առագաստները աւելի լայն բացած է Արեւմուտքէն փչող հովերու դիմաց: Պրիւքսէլեան բանակցութիւններ, եւրոպացի դէտերու հիւրընկալում, առանց ապահով ըլլալու, որ այդ խմբակը ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ ապահովութիւն պիտի բերէ մեր հայրենիքին: (Պորէլ մը յստակ պատգամ տուաւ. կը բաւականանանք Ազրպէյճանի չարագործութիւնները դատապարտելով, սակայն գործակցութիւնը պիտի չխզենք ձեր սեւ աչքերուն սիրոյն): Անդին, փորձեր ընել՝ ՀԱՊԿին հետ թուլացած կապերը որոշ չափով վերաշխուժացնելու եւ յայտարարել՝ որ արեւելեան զինակցութենէն ալ կարելի է դէտեր հիւրընկալել սահմանին վրայ (անոնց խաթրին ալ չդպնանք)…: Այս բոլորը եթէ պահ մը կարելի է իբրեւ «վարպետի հարուած» դիտել, միւս կողմէ, կարելի չէ լիովին փարատած տեսնել Հայաստանի շուրջ-բոլորը «ծաղկող» միջազգային փոթորիկը, որ ահա պատճառ է գլխապտոյտին (եթէ ոչ հետեւանք՝ գլխապտոյտի մատնուածներու վարմունքին): Այօ, Իրան չի յայտարարեր թէ յաւակնութիւններ ունի Հայաստանի հողերուն նկատմամբ, բայց վստահաբար տեղ մը արթուն կը մնայ այն յուշը, թէ 1828՛էն առաջ Երեւանն ու այլ շրջաններ խանութիւններ էին, այսինքն՝ իրանեան ազդեցութեան գօտի պէտք է մնան… բարեկամաբար, չվերածուին Իրանի դէմ իսրայէլեան, թրքական եւ արեւմտեան կապանքներու յենարանի:
***
Գլխապտոյտի վիճակին մէկ այլ դրսեւորումն ալ՝ Հայաստանի վարիչներուն հակասական կեցուածքներն ու յայտարարութիւններն են: Մէկ կողմէ, Ազրպէյճանը արդա՛րօրէն եւ իրաւացի՛օրէն կը դատապարտեն իբրեւ նախայարձակ, խաղաղութեան ճիգերը խափանող, իբրեւ անընդունելի՝ առաւելագոյնը պահանջող կողմ, իսկ միւս կողմէ, յամառօրէն կը պնդեն, որ վաղը-միւս օր բանակցութիւնները պիտի շարունակեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ:
Պարզ խօսքով, ստեղծուած է պատկեր մը, որ ընդհանուր գիծերու մէջ կը յիշեցնէ… Արշակ թագաւորը: (Վստահ ենք թէ ո՛չ ոք մոռցած է Շապուհի արքունիքին մէջ, հայկական եւ պարսկական հողի վրայ կոխելու պահուն, Արշակ թագաւորի կեցուածքի փոփոխութեան մանրավէպը): Հիմա, մէկի փոխարէն, բազմաթիւ Արշակ թագաւորներ ունինք Երեւանի իշխանական խմբակին մէջ…: Եւ նոյն Արշակ թագաւորները վերջերս կը կարծեն նոր գիւտ մը ըրած ըլլալ. հակադրութիւններ տեսնել — եւ քաջալերել – Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ, մոռնալով, որ Ազրպէյճանը ո՛չ միայն լիարժէքօրէն կլանուած է Թուրքիոյ կողմէ, այլ անոր հետ գործակցութեան նորանոր քայլեր կ’առնէ ամէն օր. Ապտոլլահեանի Երեւան այցելութեան զուգահեռ, Էրտողան եւ Ալիեւ Արցախէն խլուած հողի վրայ նոր օդակայան մը կը բանային…
***
Ճիշդ է. շատեր մտահոգ են, որ Հայաստանը հետզհետէ աւելի՛ խորը կը մխրճուի միջազգային մրցակցութիւններու տիղմին մէջ, ամէն օր կը շեշտուի, թէ Հայաստան պէտք է իր եղունգները սրէ եւ նախ իր գլուխը քերէ իր ձեռքով (յիշենք Խրիմեան հայրիկը), յետոյ նաեւ այդ գործիքը ի սպաս դնէ իր շուրջ սաստկացող փոթորիկին հովերը քիչ թէ շատ մեր շահերուն պաշտպանութեան լծելու – եւ սա քաղաքական ու դիւանագիտական հասունութիւն կ’ենթադրէ -, սորվի կարդալ տեսանելի եւ անտեսանելի պատգամները:
Թուրքիա եւ Ազրպէյճան ամէն օր կը կրկնեն, թէ Հայաստանէն առնելիքներ ունին, տալիք չունին, Հայաստանը կ’ամբաստանեն իբրեւ յարձակապաշտ, համաձայնութիւններէն ետդարձ ընող, մինչդեռ կրակողն ու ռմբակոծղողը միշտ ալ Ազրպէյճանն է (տեսնենք վաղը դէտերը որքա՞ն արդար պիտի ըլլան), իսկ Երեւան ընդհանրապէս կրաւորականութեամբ կ’արձագանգէ, չի մտածեր իսկ իսկական վարպետի խաղ մը խաղալ եւ յայտարարել, որ կրնայ բանակցութիւնները դադրեցնել, եթէ թշնամանքն ու (այլապէս անարդար) համաձայնութեան կէտերուն անտեսումը շարունակուի:
Փոխարէնը՝ կը թմբկահարուի ընթացք, որ իրողապէս կը նուիրականացնէ Ազրպէյճանի բոլոր անիրաւութիւնները, սահմանազատման սեղանի պատրաստութիւնը կը շարունակուի այն տրամաբանութեամբ, որ Արցախն ու Հայաստանէն պատառիկներ վերջնականապէս ու պաշտօնապէս պիտի ընդունուին իբրեւ Ազրպէյճանի (ըսել է նաեւ Թուրքիոյ) հող, եւ փորձ կը կատարուի այս բոլոր ծախելու իբրեւ Հայաստանը փրկելու քայլ, Հայաստան մը, որ (կ’ըսեն: «երանի թէ ունենայ») 29 800 քառ. քլմ. տարածք, պարզ խօսքով, նուիրականացնել ո՛չ միայն 44-օրեայ պատերազմին աղէտալի հետեւանքները, այլ նաեւ Հայաստանին պարտադրուող (այս հանգրուանին) սահմանները: Եւ տակաւին, կը խոստովանին, թէ Ազրպէյճանի ախորժակները կրնան հոն կանգ չառնել, որովհետեւ կայ… համաթուրանական ծրագիրը: Կրկնելով կը կրկնեն, թէ Հայաստան այլեւս ընելիք չունի Արցախի իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար, ատիկա ռուսերուն գործն է (ինչպէս որ Հայ Դատի հետապնդումը Սփիւռքի պարտականութիւնն է, հոն ալ ձեռքերը լուալու խաղ եղաւ…)
***
Հայաստան-Արցախն ու Սփիւռքը կը տուայտին Արշակ թագաւորներու վարմունքին ստեղծած թմբիրին մէջ: Կան «իմաստուններ», որոնք (ընդդիմադիրները ձաղկելու կոյր մոլուցքով) քմծիծաղով հարց կու տան, թէ «Լաոն ե՞րբ պիտի արթննայ», մոռնալով, որ Լաոն նստած է իւրաքանչիւր հայու էութեան մէջ, եւ թէ՝ ԲՈԼՈՐ ԼԱՈՆԵՐՆ են որ պիտի գտնեն հանելուկին պատասխանը, առաջին հերթին փակելով նորօրեայ Արշակ թագաւորներուն «դարաշրջանը»:
20 Հոկտեմբեր 2022