Իրան կը շեշտէ. «Դէմ ենք սահմանային որեւէ փոփոխութեան»

Իրան կը շեշտէ. «Դէմ ենք սահմանային որեւէ փոփոխութեան»

Իրանի պաշտօնական դիրքորոշումն այն է, որ Հարաւային Կովկասի միջազգային եւ աշխարհաքաղաքական սահմանները պէտք է յարգուին իրադարձութիւններու ցանկացած զարգացման պարագային, եւ պէտք չէ տեղի ունենան փոփոխութիւններ, որոնք կը հակասեն Իսլամական Հանրապետութեան շահերուն։ Սա մեր պաշտօնական եւ թափանցիկ դիրքորոշումն է։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Նասէր Քանաանին։

Ան նշած է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կ’աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարաձայնութիւններու խաղաղ կարգաւորման եւ կը կարծէ, որ լաւագոյն ճանապարհը դիւանագիտութիւնն ու բանակցութիւններն են։

Խօսելով Կապանի մէջ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութեան մասին՝ Քանաանին նշած է, որ այն բացուած է՝ ելլելով երկու երկիրներու միջեւ պայմանաւորուածութիւններէ եւ ընդհանուր շահերէ։ Ան յիշեցուցած է, որ գլխաւոր հիւպատոսը նշանակուած է երկու շաբաթ առաջ եւ արդէն սկսած է աշխատանքը։

Share