ՀՕՄի Հայաստանի մեծ ընտանիքը հրաժեշտ տուաւ իր շատ սիրելի ատենապետուհի Շաղիկ Մարուխեանին, որ իր ժպիտով, աշխոյժ աշխատանքով եւ իրատեսութեամբ շատ կարճ ժամանակի ընտացքին գրաւեց բոլորին սրտերը։
Հոգեհանգստի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2022ին ժամը 18:00-ին, Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, իսկ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը Շաբաթ, 8 Հոկտեմբեր, ժամը 13:00-ին, Երեւանի Քաղաքային գերեզմանատունը, իր սիրելի հօր՝ Հրայր Մարուխեանի կողքին։
Ոչինչ կարելի էր ընել, բացի ափ մը հող նետել եւ «Վերքերով Լի…» երգել անոր աճյունի վրայ։ Ոչ եւս է մեր սիրալիր ընկերուհին։ Ան շատ կանուխ հրաժեշտ տուաւ իր հարազատներուն, միութենական եւ կուսակցական ընկեր-ընկերուհիներուն, որոնց հետ այնքան սիրալիր էր։ Դժուար էր անկանխատեսելի այս հրաժեշտը, սակայն անխուսափելի։ Մենք քեզ միշտ պիտի յիշենք սիրելի ընկերուհի։ Հողը թեթեւ գայ աճիւններուդ վրայ անգին ընկերուհի։
Ստորեւ ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան փոխ-ատենապետուիհի ընկհ. Սիլվա Եուզպաշեանի դանբանականը, հանգուցեալ Շաղիկ Մարուխեանի Թաղման արարողութեան ընթացքին.
-«Սիրելի սգակիր Մարուխեան ընտանիք, «Հարազատներ, ընկեր-ընկերուհիներ ու հայրենակիցներ, «Առաջին հերթին, կ՚ուզեմ ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան եւ մեծ ընտանիքի անունով խորազգաց ցաւակցութիւններ յայտնլ, Մարուխեան ընտանիքին ու հարազատներուն, մեր սիրելի ատենապետուհի՝ Շաղիկ Մարուխեանի անդառնալի կորուստին համար։
Բառեր չկան, որոնք ամբողջութեամբ կարենան բնութագրել զինք։ «Մեր պատմութեան ամբողջ տեւողութեան, հայու ճակատագրի ցուպը շալկած ընկհ. Շաղիկը երկրէ-երկիր անցնելով, ի վերջոյ կայք հաստատեց հայրենի հողին վրայ, տէր կանգնելով հայկական սրբազան աւանդութեանց, բարքերու պաշտպանութեան եւ պահպանման, աներկիւղ ու աննահանջ ղեկավարը։ «Բարոյական սկզբունքներով եւ հայրենասիրութեամբ սնած, դաստիարակուած Շաղիկը իր մէջ կը խտացնէր մարդկային եւ ազգային ազնուագոյն յատկանիշները.- համեստութիւն, զոհաբերութիւն, անսակարկ սէր, նուիրում եւ անսպառ կենսունակութիւն։ «Ընկհ. Շաղիկը եղաւ պայքարող կին, զինուած նախաձեռնութեան ոգիով եւ ազգային գիտակցութեամբ։ Ան մասնակից եղաւ հայ ժողովուրդի մղած ամէնօրեայ պայքարին եւ ունեցաւ իր դերակատարութիւնը։ «Շաղիկը միայն իր ընտանիքին նուիրուած դուստրը կամ մայրը չէր, այլ նաեւ ազգին նուիրուած զինուոր մը, որ կրցաւ դուրս գալ ընտանեկան յարկի չորս պատերէն եւ լաւիմանալով իր առաքելութիւնը, Հայ Դատի արժէքը եւ քաջածանօթ՝ հայակերտման համար անհրաժեշտ եղող բոլոր տուեալներուն։ «Ընկերուհի Շաղիկը հաւատալով Հայ Օգնութեան Միութեան մարդասիրական ու բարեսիրական գործի վսեմ առաքելութեանը՝ «Ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս համար» նշանաբանին, մեծ սիրով միացաւ այս մեծ ընտանիքին, իր գործօն ներկայութեամբ շարունակելու ծրագրել եւ իրագործել բարեգործութիւններ։
«Ընկերուհի Շաղիկին համար բարեգործութիւնը գերագոյն վարձատրութիւնն էր իր ծառայութեան, ո՛չ շնորհակալական խօսքեր կը սպասէր, ո՛չ ալ երախտագիտական արտայայտութիւններ։ «Ան ունէր յատուկ ծառայութեան «կոչում» եւ այդ կոչումին նուիրականութեան գիտակից, ստանձնել պատասխանատուութիւն՝ աննկուն կամքով ու կորովով շարունակելու մարդակերտման մեծ գործը։ «Անվերապահ գնահատանք եւ յարգա՛նք մեր սիրելի Շաղիկին։
Դժուար է քեզի հրաժեշտ տալը, սակայն անխուսափելի։ «Երթաս բարով Շաղիկ ճան։ Գնա՛ հանգիստու ու խաղաղ։ Գնա՛ միացիր ազգանուէր այն փաղանգին, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին՝ մեր հայրենիքի փրկութեան համար։
«Ննջէ խաղաղութեամբ, մեր անմոռաց ընկերուհի Շաղիկ, թող քու պայծառ, մաքուր հոգին՝ յաւերժ լոյսերու մէջ սաւառնի»։