Հազարաւոր քաղաքացիներ կը պահանջեն Փաշինեանի հրաժարականը

Հազարաւոր քաղաքացիներ կը պահանջեն Փաշինեանի հրաժարականը

Հազարաւոր քաղաքացիներ հաւաքուած են Հայաստանի Ազգային Ժողովի գլխաւոր մուտքին դիմաց եւ կը պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։

 Նշենք, որ բողոքի այս ինքնափուխ ալիքը ընթացք առաւ այն պահէն ետք, երբ Փաշինեան ելոյթ ունեցաւ Ազգային Ժողովի դահլիճէն ու արտայայտութիւններ կատարեց փաստաթուղթի ստորագրել-չըստորագրելու մասին։

 Փաշինեան նախազգալով նաեւ, որ փողոցին մէջ դժգոհութեան ալիք կը զարգանայ արագօրէն «լայվ» ձեւաչափով ելոյթ մը ունեցաւ եւ հերքեց իր խօսքերը։

Իրավիճակը կը շարունակէ մնալ խիստ մտահոգիչ Հայաստանով մէկ տրուած ըլլալով, որ հայոց բանակը խիզախօրէն կռիւ կու տայ թշնամիին դէմ, իսկ երկրին մէջ կը տիրէ քաղաքական անվստահութեան խոցելի մթնոլորտ մը, որուն պատասխանատուն այսօրուայ իշխանութիւններն են։

arevelk.am

Share