Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կանգնած են իրենց ժողովրդավարութեան դէմ սպառնալիքի առջեւ, որուն պատճառը նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Հանրապետական կուսակցութեան մէջ ունեցած համախոհներն են: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու նախագահի արտասանած խօսքին, որուն մէկ հատուածը հրապարակած է Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը:
«ՄԱԿԱ-ի (Թրամփի եւ անոր համակիրներու հիմնական կարգախօս «Մէյք Ամերիքա կրէյթ ըկէյն»` «Ամերիկան կրկին հզօր դարձնենք», «Ա.») ուժերը հաւատարիմ են մեր երկիրը կրկին վերադարձնելուն այն Ամերիկային, ուր չկայ ընտրութեան իրաւունք, չկայ տեղ գաղտնիութեան, չկայ տեղ հակաբեղմնաւորիչներուն եւ սիրելի մարդու հետ ամուսնանալու իրաւունքին», յայտարարած է Պայտըն:
Անոր կարծիքով` տուեալ պայմաններուն մէջ պէտք է ամերիկեան ժողովրդավարութիւնը պաշտպանել այն սպառնալիքներէն, որոնց կը բախի ազգը:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներու ժողովրդավարութիւնը բնաւ երաշխաւորուած չէ, թէեւ ամերիկացիները տարիներ շարունակ իրենք զիրենք ատով կը համոզեն:
ԱԶԴԱԿ