ՀՕՄի Սեւան մասնաճիւղի ձեռնարկը ի նպաստ շաբաթօրեայ դպրոցի

ՀՕՄի Սեւան մասնաճիւղի ձեռնարկը ի նպաստ շաբաթօրեայ դպրոցի

Սանթա Անա, Քալիֆ,.- Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի Սեւան Մասնաճիւղը 2022-2023ի տարեշրջանի շաբաթօրեայ դպրոցի վերամուտի առիթով նիւթական ապահովելու ակնկալութեամբ կազմակերպեց հանգանակային նախաճաշ մը, Օգոստոս 28, 2022-ին, Յարութ Պարսամեան Հայ Կեդրոնի շրջափակէն ներս։

Ձեռնարկին ընթացքին ակումբ հանդիպեցան, իրենց նուիրատուութիւնը կամ կամաւոր աշխատանքը տրամադրեցին, կամ իրենց ընտանեկան պարագաներուն կամ բարեկամներուն հետ ժամանակ անցուցին Հոգեւոր Հովիւ Տ. Գարեգին քհնյ. Պետուրեան, ՀՅԴ Արմէն Գարօ Կոմիտէի հերթապահ ընկ. Կարօ Մատէնլեան, մօտակայ ՀՕՄի Գառնի մասնաճիւղէն ընկերուհիներ, մասնաճիւղիս շաբաթօրեայ դպրոցի հանգստեան կոչուած ուսուցչուհիներ, մասնաճիւղիս անդամներ եւ համակիրներ՝ շուրջ հարիւր հոգի։

Ձեռնարկի հովանաւորութիւնը վեհանձնօրէն ստանձնած էր մասնաճիւղիս անդամուհիներէն ընկերուհի Մատլէն Քէշիշեանը։

Վարչութեան նորընտիր ատենապետուհի ընկհ. Զարուհի Տէր Դաւիթեան, դրուատեց ՀՕՄի Շաբաթօրեայ դպրոցներու հայապահպանման առաքելութիւնը որ կը հասնի ամէնօրեայ հայկական դպրոց չյաճախող աշակերտութեան հայ լեզուն ու մշակոյթը ջամբելու։ Շաբաթօրեայ դպրոցներու կարեւորութիւնը շեշտելէ ետք, ընկերուհին կոչ ուղղեց նեցուկ կանգնիլ ՀՕՄի համահայկական աշխատանքներուն որ ամէն ձեւով ձեռք կ՚երկարէ ոեւէ կարօտեալի։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն որ իրենց մասնակցութեամբ եւ նուիրատուութիւններով թիկունք կանգնեցան ՀՕՄին, մասնաւորաբար ընկհ. Մատլէն Քէշիշեանին, ձեռնարկին հովանաւորութեան համար եւ հանգստեան կոչուած նախկին ուսուցչուհիներուն։

Ձեռնարկը մեծ յաջողութեամբ վերջ գտաւ։

Սեւան Մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոցի վերամուտը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 10ին, առաւօտեան ժամը 9։30-ին, Արի Կ. Մինասեան Ազգային Վարժարանի շէնքէն ներս, 5311 W. McFadden Ave., Santa Ana, CA։

Անոնք որոնք կը փափաքին այս առիթը օգտագործել իրենց նուիրատուութիւններով սատարել ՀՕՄի գործը Օրէնճ Քաունթիէն, մասնաճիւղիս հասցէն է.- ARS Sevan Chapter, 5305 W. McFadden Ave., Santa Ana, CA 92704-1729, իսկ ե-նամակի հասցէն է՝ SevanChapter@ARSwestUSA.org։

Թղթակցութիւնը՝ Սեւան Մասնաճիւղի Վարչութիւն

Share