ՀՅԴ Երիտասարդական գրասենեակի ֆէյսբուքեան էջից տեղեկացնում են, որ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի պատասխանատուներէն Արշակ Մեսրոպեան աշխատանքային այցով կը գտնուի ԱՄՆ արեւմտեան շրջան, ուր մասնակցութիւն ունեցաւ ՀՅԴ ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի Երիտասարդական Միութեան (ՀԵԴ) տարեկան համագումարին։
Ժողովի ընթացքին ընկեր Արշակ զեկուցեց ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի կառուցուածքին, որդեգրած երիտասարդական ռազմավարական սկզբունքներուն, յանձնախումբերուն եւ համահայկական ծրագրիրներուն մասին, անդրադառնալով յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ նախատեսուած աշխատանքներուն։
Յատկապէս քննարկուեցան Արցախի մէջ ծրագիրները, Դէպի Սիւնիք համապարփակ ծրագիրը եւ Վերելք ձեռներէցութեան նախագիծը Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ։ Հայրենիքի մէջ տիրող իրավիճակին հետ կապուած ՝ փոխանցուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդականի առաջնային եւ էական ներագրաւուածութիւնը դիմադրութեան շարժման պայքարին որպէս առաջամարտիկ, սփիւռքի երիտասարդութեան մասնակցութիւնը եւ համագործակցութիւնը հայրենի Երիտասարդ ընկերներուն հետ եւ ընդհանուր առմամբ թուրք ազրպէյճանական թանտեմին դիմակայելու միասնական երիտասարդական ջանքերու խտացումն ու կրկնապատկումը։ Ընկերները ուղղեցին իրենց մտահոգող եւ հետաքրքրող հարցումներ։
«Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՅԴ ԱՄՆ արեւմտեան շրջանի համագումարին եւ բարի ընթացք անոր գալիք միամեայ գործունէութեան»-ասուած է յայտարարութեան վերջում: