Հինգշաբթի 25 Օգոստոս, 2022 ին « Zoom» հարթակի միջոցով տեղի ունեցաւ բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեանի գրականութեան նուիրուած՝ Գրական Երեկոն, կազմակերպութեամբ՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան Գրական Միաւորին։
Քաջալերելի ձեռնարկ մը, երբ կը նուիրուի մեր մէջ գտնուող եւ տակաւին ստեղծագործող բանաստեղծի մը ու անոր գրականութեան, ուստի այս ձեռնարկը գիրքի մը լոյս տեսնելու առիթով շնորհանդէս մը չէր, որու ընթացքին հեղինակն ու գործերը կը յիշենք, այլ ստեղծագործող գրականութեան նուիրեալի մը գնահատելու եւ զինք լսելու երեկոյ մը։ Այդ առումով իսկ այս ձեռնարկը կ՛արժեւորենք։
Այսօր կոկիկ թիւով ստեղծագործող գրողներ կ՛ապրին մեր համայնքէն ներս, որոնց նկատմամբ անտարբերութիւնը նկատելի է, ուստի անհրաժեշտութիւն է զանոնք յիշել ու ներկայացնել մեր գրասէրներուն եւ հասարակութեան, ինչպէս նաեւ գնահատել անոնց գործերը, որովհետեւ անոնք մեր գիրն ու գրականութիւնը կենդանի պահող նուիրեալներն են։
Երեկոյի ծրագիրը սկսաւ Գրիշ Դաւթեանի «Ինչ Եմ Սիրում» բանաստեղծութեան խօսքերուն վրայ յօրինուած երգով։ Ձայնագրուած երգը ներկայացուեցաւ Գրիգոր Ստամպոլեանի կատարողութեամբ, ապա երեկոյին բացումը կատարեց Գրական Միաւորի ներկայացուցիչ Արմէն Քասեանը, ան հակիրճ ձեւով ներկայացուց ձեռնարկի նպատակը եւ հրաւիրեց Գրական Միաւորի անդամներէն Անահիտ Ասատուրեանը ներկայացնելու Գրիշ Դաւթեանի կենսագրութիւնը։
Ասատուրեան վերյիշելով Գրիշ Դաւթեանի անցած ճամբան, ծանրացաւ անոր գրական վաստակին ու այդ ասպարէզին մէջ իր ունեցած ներդրումը տարբեր տեսակի ձեռնարկներուն ինչպէս՝ Գրողներու Միութիւն կազմելը, Գրական թերթ հրատարակելը եւայլն։ Շեշտեց նաեւ ազգային կեանքի մէջ անոր երախտիքը, թէ՛ գրականութեան եւ թէ՛ հասարակական ազգային գործերէն ներս Պարսկաստանի, Անգլիոյ ու Միացեալ Նահանգներուն Մէջ։
Ապա, Արմէն Քասեան կարդաց Դաւթեանի « Գինեձօն» բանաստեղծութիւնը ու հրաւիրեց օրուայ բանախօս՝ Փրֆ․ Օշին Քէշիշեանը ներկայացնելու Գրիշ Դաւթեանի գրականութիւնը։
Փրֆ․ Քէշիշեան յատուկ իր ոճով ներկայացուց Գրիշ Դաւթեանի անձը եւ անոր գրականութիւնը յիշելով, որ Դաւթեան բեղուն ստեղծագործ մըն է,որ տակաւին կը շարունակէ գրել։ Անոր գործերը ընդհանրապէս հայրենասիրական, մարդկային, անձնական եւ սիրային թեմաներով է, ինչպէս նաեւ յիշեց, որ ան սփիւռքահայ միակ բանաստեղծն է, որուն գիրքերուն մեծամասնութիւնը տպուած եւ հրատարակուած են Հայաստանի մէջ։
Փրֆ․ Քէշիշեանէն ետք Գրական Միաւորի անդամներէն Սոնա Մատարեան ընկերակցութեամբ երիտասարդ Նայիրի Փանոսեանի, մաքուր առոգանութեամբ մէջ ընդ մէջ կարդացին Դաւթեանի « Հայրենատուր» բանաստեղծութիւնը, ապա Սոնա Մատարեան հրաւիրեց բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեանը ներկայացնելու իր մտորումներն ու ապրումները։
Գրիշ Դաւթեան նախ կարդաց փունջ մը իր բանաստեղծութիւններէն, ետքը տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի ձեւով հետաքրքիր զրոյց, ուր բանաստեղծը իր անցեալի յուշերու ընդմէջէն որոշ լուսաբանութիւններ տուաւ իր ստեղծագործութիւններուն մասին։ Ան կարդաց նաեւ անգլերէն լեզուով գրած բանաստեղծութիւններէն։ Յիշեցում եղաւ անոր «Աստուածապաշտութիւն» վերնագրով բանաստեղծութիւնը թարգմանուած իտալերէնի եւ Իտալիոյ Միլան քաղաքի կողմէ տարուայ լաւագոյն բանաստեղծութիւնը հռչակուելէ ետք, հատուած մը այդ բանաստեղծութենէն Միլան քաղաքը ներկայացնող բացիկի մը վրայ զետեղուած է եւ մինչեւ օրս այդ բացիկը շրջանառութեան մէջ է։
Գրիշ Դաւթեան ունի բանաստեղծութիւններու տպագրուած 15 գիրքեր, որոնցմէ երկուքը անգլերէն լեզուով գրուած են եւ քանի մը մանկական բանաստեղծութիւններ։
Երեկոն վերջ գտաւ Սոնա Մատարեանի շնորհակալական խօսքերով ու բարեմաղթութիւններով ուղղուած բանաստեղծ Գրիշ դաւթեանին, օրուայ բանախօս Փրֆ․ Օշին Քէշիշեանին եւ մասնակիցներուն։
Հաճելի գրական երեկոյ մը ապրեցանք, ուստի շնորհաւորելէ բացի շնորհակալութիւն կը յայտնենք Համազգայինի Գրական Միաւորին այս յաջող ձեռնարկին համար։
Թղթակից