Պօղոս Սնապեանի Բարձրաքանդակի Բացում` Այնճարի Մէջ

Պօղոս Սնապեանի Բարձրաքանդակի Բացում` Այնճարի Մէջ

Հայ ժամանակակից գրականագիտութեան զարգացման մէջ իր ուրոյն ներդրումը ունեցած վաստակաւոր մտաւորական, «Բագին» ամսագիրի երկար տարիներու վաստակաւոր խմբագիր եւ ՀՅ Դաշնակցութեան գրական անդաստանին մէջ հանրածանօթ հեղինակութիւն Պօղոս Սնապեանի ծննդեան 95-ամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ Պ. Սնապեանի տուն-թանգարանին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, Կիրակի, 14 Օգոստոս 2022-ին, գրողին տուն-թանգարանին դիմաց պաշտօնական հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ Պօղոս Սնապեանի բարձրաքանդակի բացումը:

Պօղոս Սնապեան ծնած էր 1927 թուականին պատմական Մուսա լերան մէջ, ապա իր հայրենակիցներուն հետ բռնած տարագրութեան ուղին ու հաստատուած Լիբանանի Այնճար գիւղաքաղաքին մէջ: Աւարտած էր Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանը, ուսանած Փարիզի Սորպոնի համալսարանը:

1951-էն աշխատակցած է սփիւռքի տարբեր պարբերականներու: 1958-էն` Պէյրութի մէջ հրատարակուող համասփիւռքեան “Բագին” հանդէսի խմբագրակազմի հիմնադիր-անդամ էր Կարօ Սասունիի եւ Եդուարդ Պոյաճեանի հետ, 1966-2006-ին` գլխաւոր խմբագիրը: Դասաւանդած է Լիբանանահայ շարք մը ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:

Հեղինակ է “ժամանակ չկայ” վիպակի, “Յեղափոխութեան համար”, “Ես այդ շունն եմ”, “Կորստեան թոյներ”, “Աղքատներուն աւանդութիւնը”, ժողովածուներու եւ այլ գիրքերու, գրականագիտական մենագրութիւններու, դիմանկարներու, տարեգիրքերու, բազմաթիւ գրախօսական յօդուածներու:

Արժանացած է Հայաստանի գրողներու միութեան Միքայէլ Նալբանդեանի անուան մրցանակին, ՀՀ Մովսէս Խորենացիի մետալին:

Share