Օրերս Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) գործադիր տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեան յայտարարեց, թէ Արէն Տէյիրմէնճեան նշանակուած է, ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ։
Այս մասին յայտնել է ԱՀԱԸ-ի Հայաստանի մարմնի պաշտօնական էջը։
Լիբանանահայ երիտասարդ գործիչը, որ վերջին երկու տարիներուն հաստատուած է Երեւանի մէջ, արդէն իսկ յառաջիկայ 1 Սեպտեմբեր, 2022-ին պիտի ստանձնէ իր պաշտօնը։
Այս առթիւ ալ «Արեւելք» լիապէս յաջողութիւն կը մաղթէ պրն. Տէյիրմէնճեանին, յուսալով, որ ան իր ամբողջանուէր մօտեցումներով եւ երիտասարդ շունչով պիտի շարունակէ իր նախորդին, մեզի շատ սիրելի Տիար Յարութ Ներսէսեանի առաքելութիւնը։
Մեր ընթերցողներուն հետ կը կիսենք, այս առթիւ ԱՀԱԸ-ի կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը։
Արէն Տէյիրմէնճեան, երեք տարի առաջ, իր ծննդավայր՝ Պէյրութէն տեղափոխուեցաւ Երեւան՝ Հայաստան, միանալով ԱՀԱԸ-ի, Բաղրամեան պողոտային վրայ գտնուող՝ կեդրոնատեղիի կազմին, իբրեւ ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչի տեղակալ։
Արէնին՝ հաւատքով անցած անձնական ուղին, զինք տարաւ «արթնութեան ճանապարհով», ինչպէս ինք կը նշէ, եւ զինք մղեց ետին ձգելու իր տան հանգիստը եւ ուղուելու դէպի անյայտը՝ իմաստ եւ նպատակ գտնելու համար։
2013-ին,Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը աւարտելէն եւ հողատարածքային ճարտարապետութեան վկայականը ստանալէն ետք, Արէնը աշխատեցաւ ընտանեկան՝ արտադրական ընկերութեան մէջ։ Ան նաեւ խորապէս ներգրաւուած էր, Պէյրութի՝ ԷշրէՖիէ շրջանի, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ աշխատանքներուն մէջ՝ իբրեւ երիտասարդական խումբի գլխաւոր առաջնորդ եւ քրիստոնէական «Ջանից» ընկերակցութեան անդամ։
2016-ին, ան իր բարձրագոյն ուսումը շարունակեց Զուիցերիոյ՝ Մոնթրօ քաղաքի համալսարանին մէջ՝ 2018-ին ստանալով մագիստրոսի աստիճանը։
Մէկ տարի ետք, երբ ԱՀԱԸ-ի, Հայաստանի ներկայացուցիչի տեղակալի պաշտօնը իրեն առաջարկուեցաւ՝ ան մտածեց, թէ ճիշդ ժամանակն է իր ընտանիքին պատկանող արտադրական ընկերութենէն դուրս գալու եւ իր ղեկավարութեան փորձառութիւնն ու հոգեւոր աճը ծառայեցնելու բարեգործական եւ քրիստոնէական առաքելութեան իրագործման։
Իբրեւ Հայաստանի ԱՀԱԸ-ի ներկայացուցիչի տեղակալ՝ Արէնի ամէնօրեայ պարտականութիւնները կը ներառէին շինարարական նախագիծերու տնտեսումը, ֆինանսական կազմի հետ կապը, պիւտճէի եւ դրամաշնորհային առաջարկներու պատրաստութիւնը։
Ան նաեւ պարբերաբար կ՚այցելէր ԱՀԱԸ-ի զանազան կեդրոնները՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, մօտէն ծանօթանալու համար իւրաքանչիւր տարածաշրջանի համայնքներուն կարիքներուն ։ Ան սերտօրէն համագործակցած է ԱՀԱԸ-ի, Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեանին հետ՝ ռազմավարութիւնները նախանշելու, ինչպէս նաեւ ընթացիկ եւ նախկին ծրագիրները, շահագրգիռ կողմերու հետ գնահատելու համար։
Արէնը նաեւ երաժիշտ է։ Ստացած է դասական եւ Ճէզ դաշնամուրի գիտական աստիճան եւ նուագած՝ «Նոր Երգ» հոգեւոր երգերու երաժշտական խումբին հետ։ Ան իր ազատ ժամանակները կ՚օգտագործէ դաշնամուր նուագելով, վայելելով Հայաստանի հարուստ երաժշտական աշխարհը, ճամբորդելով, մարզանքով, կարդալով եւ համտեսելով տարբեր խոհանոցներու ճաշատեսակներ:
Անոր ծառայութեան մղիչ ոյժն է մնալ հնազանդ ծառայ եւ փորձել իրականացնել այն, ինչ Տէրը դրած է իր առջեւ։
«Ես խանդավառ եմ Արէն Տէյիրմէնճեանի նշանակումով ՝ իբրեւ ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ, որովհետեւ ան՝ Հայաստանի մէջ, ցուցաբերած է նուիրուածութիւն եւ եռանդով ծառայած է, ԱՀԱԸ-ի առաքելութեան յառաջխաղացման համար»,- ըսած է ԱՀԱԸ-ի գործադիր տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեան։ Ան աւելցուցած է. «Մենք համոզուած ենք, որ անոր կառավարման փորձառութիւնը եւ հոգեւոր հասունութիւնը պիտի նպաստեն ԱՀԱԸ-ի գործունէութեան առաջխաղացման՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ»: