Օգոստոս 14
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այսօր կը նշէ Տէրոջ մօր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի վերափոխման տօնը։
Տօնը, որ կը համարուի մեր եկեղեցւոյ տաղաւար տօն եւ որուն ընթացքին կը մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ կը նշանաւորուի Խաղօղօրհնէքի իմաստալից արարողութեամբ։
Բարօրութեան խորհրդանիշ հանդիսացող խաղօղը մեր ժողովուրդին համար միշտ ալ հանդիսացած է առատ բերքի, խաղաղութեան եւ Քրիստոսի արիւն հանդիսացող գինիի խորհրդանիշ։
Ուշագրաւ է նաեւ, որ այսօր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողքին խաղօղօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւններ պիտի կատարուի համայն աշխարհի մէջ։
Իսկ Անթիլիասի նուիրապետական Աթոռէն ներս խաղօղօրհնէքի արարողութիւնը վերջին տարիներուն ամրագրուած աւանդոյթին համաձայն տեղի ունեցած երէկ գիշեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի հովւոցին մէջ։
Յիշեցնենք նաեւ, որ այսօրուան խորհուրդին մէջ է Մարիամ անուան անուանակոչութեան տօնը, որուն շնորհիւ ալ մեր ժողովուրդը իր յարգանքի տուրքը կը մատուցէ Սուրբ Մարիամ Աստուածամօր։