«Պէտք Է Հասկնանք, Որ Այս Երկիրը Փրկելու Միակ Միջոցը Երկխօսութիւնն Է, Ո՛չ Զէնքը, Ո՛չ Պատերազմը Եւ Ո՛չ Ալ Սադրանքը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Պէտք Է Հասկնանք, Որ Այս Երկիրը Փրկելու Միակ Միջոցը Երկխօսութիւնն Է, Ո՛չ Զէնքը, Ո՛չ Պատերազմը Եւ Ո՛չ Ալ Սադրանքը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին երէկ անդրադարձաւ երկրին մէջ տիրող իրավիճակին, ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքներուն, ծովային սահմանագծումին, նախագահական ընտրութեան եւ այլ հարցերու:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ եթէ Լիբանանի պատմութեան վերջին 10, 15 կամ 20 տարիները նկատի ունենանք, ապա պիտի տեսնենք, որ մարդիկ` քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ ուժեր ներկայացնող պատասխանատուներ յարձակողական յայտարարութիւններով, իրենց պահանջներուն առաստաղը բարձրացնելով հրապարակ կ՛ելլեն, եւ ապա կը մեղմացնեն իրենց օգտագործած քաղաքական բառամթերքը եւ կը նահանջեն, որպէսզի կարենան համաձայնութիւն մը գոյացնել:

«Լիբանան հիմնուած է զիջումներու եւ համաձայնութիւններու վրայ, սակայն դժբախտաբար վերոնշեալ մարտավարութիւնը կը գործադրուի` ի վերջոյ միացեալ ենթահողի մը վրայ գտնուելու նպատակով: Առաջին անգամը չէ, որ այս կը պատահի, յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ, որպէսզի ընտրութիւններուն յաջորդ առաւօտն իսկ բոլորը յայտարարեն, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն էջը փակած են», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ երկիրը կարիքը ունի մեծ ճիգերու եւ ջանքերու` վերականգնելու համար: «Քաղաքացիներ կան, որոնք օրուան հացը դժուարութեամբ կը գտնեն, ոմանք անօթի են, ոմանք իրենք զիրենք կը հրկիզեն: Կան մեծ հարցեր, զորս իբրեւ լիբանանցիներ կարողութիւն չունինք լուծելու: Այս բոլորին մէջ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իմաստուն է եւ գիտէ ճիշդ կարդալ տիրող կացութիւնն ու իրավիճակը: Հետեւաբար ողջունելի է, որ ան վերադարձաւ Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան: Պէտք է բոլորս հասկնանք, որ այս երկիրը փրկելու միակ միջոցը երկխօսութիւնն է, ո՛չ զէնքը, ո՛չ պատերազմը եւ ո՛չ ալ սադրանքը», հաստատեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական բոլոր ղեկավարները կը գործեն իրենց կուսակցութեան եւ համայնքին շահերը ապահովելու ուղղութեամբ. ճիշդ է, որ  իրականութիւնը լեղի է, սակայն կը մնայ ճշմարտութիւն եւ կը պարտադրէ ինքզինք, այնքան ատեն որ Լիբանան չի կրնար համայնքային դրութիւնը ջնջել:

Անդրադառնալով հաղորդավարին կողմէ կատարուած այն հաստատումին, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը մաս կը կազմէ Մարտ 8-ի առանցքին, Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ այլեւս Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի առանցքներ գոյութիւն չունին:

Ան նշեց, որ ճիշդ է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը մաս կը կազմէ Հզօր Լիբանան համախմբումին, սակայն ան ունի իր իւրայատուկ կեցուածքները: «Ասիկա նորութիւն չէ, որովհետեւ ՀՅԴ-ն 2005-էն ի վեր համախմբումին մաս կը կազմէ եւ այդ օրէն սկսեալ ունի իր կեցուածքներն ու տեսակէտները: Ինչո՞ւ իբրեւ լիբանանցիներ պիտի մտածենք այնպէս մը, որ այս տարբերութիւնները, որոնք հարստացնող են, անպայմանօրէն մէկուն դէմ ուղղուած են: Ինչո՞ւ ամէն ինչ կա՛մ սեւ, կա՛մ սպիտակ պէտք է ըլլայ, կարծիքի ազատութիւնը ո՞ւր է, խորհրդակցելու կարեւորութիւնը եւ ազատութիւնը ո՞ւր է: Եթէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը իր հայեցողութեամբ որոշում մը կամ կեցուածք մը ճիշդ կը գտնէ, իսկ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը նախընտրէ տարբեր կեցուածք մը որդեգրել` հիմնուելով իր աւանդութեան եւ սկզբունքներուն վրայ, որոնց կառչած կը մնայ 1943-էն ի վեր: ՀՅ Դաշնակցութիւնը ընդհանրապէս հեռու կը մնայ սուր բախումներէ, որպէսզի աւելի ուշ չստիպուի նահանջել: ՀՅ Դաշնակցութիւնը վարժ է սկիզբէն իր կեցուածքը եւ միտքը արտայայտելու ինչպէ՛ս որ է, որովհետեւ համոզուած է, որ այդ ձեւով է, որ կրնայ օգնել Լիբանանին եւ լիբանանցիին», շեշտեց ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայկական երեսփոխանական պլոքը Լիբանանին օժանդակած կը նկատուի՞ Նեպիհ Պըրրին խորհրդարանի նախագահ վերընտրելով, Յ. Բագրատունի հարց տուաւ, թէ արդեօք այլ թեկնածու կա՞ր: «Այսինքն` կեցուածք արձանագրած կ՛ըլլայինք, եւ Լիբանանի պատմութեան մէջ կ՛արձանագրէինք, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը մերժեց քուէարկել շիի համայնքին թեկնածուին», հեգնեց ան:

Իսկ անդրադառնալով այն իրականութեան, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կեցուածք ճշդեց Պըրրիի թեկնածութենէն, Յ. Բագրատունի նշեց, որ Պըրրի օժանդակեց խորհրդարանի փոխնախագահի ընտրութեան:

Անդրադառնալով վարչապետի թեկնածութիւն առաջադրելու ընթացքին Հայկական երեսփոխանական պլոքին որդեգրած կեցուածքներուն, որոնք չէին համապատասխաներ Ազգային ազատ հոսանքի կեցուածքներուն, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նախորդ անգամ Հայկական երեսփոխանական պլոքը մերժած էր Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութիւնը առաջադրել: «Օրին Միքաթիի դէմ ժողովրդային ցասում գոյութիւն ունէր, եւ անկարելի էր անտեսել այդ բարկութիւնը: Այսօր սակայն տարբեր կացութիւն կայ. 31 հոկտեմբերը հանրապետութեան նախագահի պաշտօնավարութեան վերջին օրն է, վարչապետ Միքաթիի եւ այլ թեկնածուի միջեւ մրցակցութիւն չկայ, Միքաթի Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին ու Միջազգային դրամատան միջեւ բանակցութիւնները շարունակած է, եւ գրեթէ համաձայնութիւն կայ, որ վարչապետ Միքաթի շարունակէ իշխանութիւնը, հետեւաբար հակառակ մեր դիտողութիւններուն եւ վերապահութեան, համաձայն գտնուեցանք անոր թեկնածութեան: Եթէ մերժէինք, ի՞նչ ըրած պիտի ըլլայինք: Պէտք է ժողովուրդին յոյս տալ», յայտնեց ան:

Կառավարութեան կազմութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ հանդիպած են խորհրդարանին մէջ` վարչապետին կատարած ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններուն շրջագիծին մէջ, եւ պայմանաւորուած են անոր հետ խորհրդակցիլ եւ գործակցիլ, երբ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը լուրջ փուլի հասնին:

Վարչապետ Միքաթիի կողմէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին ներկայացուած կառավարութեան կազմին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ անիկա բանակցելու կազմ մըն էր, սակայն աւելի ուշ յստակ դարձաւ, որ այդ մէկը կառավարութիւն չկազմելու անուանացանկ մըն էր:

«Կարծէք այս եղանակը գործադուլի եղանակ է. վարչապետը որոշած է կառավարութեան կազմութեան ջանքերը գործադուլի ենթարկել, պետական մարզի պաշտօնէութիւնը գործադուլի մէջ են, դրամատուները, որոնք կը մերժէին գործադուլն ու տօներուն արձակուրդները, մետասաներորդ պահուն կ՛որոշեն գործադուլը, իսկ հանրապետութեան նախագահը գործադուլի ենթարկած է վարչապետին հետ հանդիպումը: Հետեւաբար ընդհանուր մթնոլորտը այն է, որ կառավարութիւն կազմելու միտում գոյութիւն չունի», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպած է նախքան վարչապետի նշանակումը եւ նշանակումէն ետք ու անոր մօտ շօշափած է կառավարութեան կազմութեան նկատմամբ վճռականութիւն:

«Ոչինչ կ՛արգիլէ, որ վարչապետ Միքաթի ուղղուի նախագահական պալատ եւ հանրապետութեան նախագահին հետ խորհրդակցի կառավարութեան նոր կազմի մը շուրջ: Սակայն երկրին հսկայ փորձանքը կը գտնուի այն իրականութեան մէջ, որ Լիբանանի բոլոր գործընթացները դուրսը կը քննարկուին` կառավարութեան կազմութեան եւ նախագահական ընտրութեան առումով: Կը սպասենք օտար պաշտօնատարի մը այցելութեան, որպէսզի սկսինք խօսիլ կառավարութիւն կազմելու եւ նախագահ ընտրելու մասին: Յանցաւորը մենք ենք, մենք առիթ տուինք, որ այդպէս վարուին մեզի հետ», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ Հարիրի անիրաւուեցաւ` պայմաններուն կողմէ, հաւանաբար անոր բարի տրամադրութիւնը, կամ շուրջինները, կամ կատարած խոստումները, զորս կարելի չէր իրականացնել, անոնք ալ դերակատարութիւն ունեցան: «Կը կարծեմ, որ մօտիկ ապագային Սաատ Հարիրի վերստին քաղաքական ասպարէզ չի վերադառնար», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ կառավարութիւնը զանազան պատճառներով չկրցաւ աշխատիլ, եւ աւելցուց, որ ելեկտրականութիւն ապահովելու հարցով Լիբանան պէտք եղածէն աւելի վստահեցաւ Արեւմուտքի խոստումներուն:

Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապները հսկայական են` աւելցնելով, որ նոյնիսկ եթէ կարելի ըլլայ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրել, ոչ ոք պէտք է հաւատայ, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապները կարելի կ՛ըլլայ լուծել:

Ծովային սահմանագծումի առումով Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ կարելիութիւն կայ եւ կացութիւնը դրական է, «հետեւաբար մինչեւ սեպտեմբերի աւարտ սահմանագծումի գործադրութիւնը կը կատարուի, որովհետեւ ատիկա կարեւոր է թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ Իսրայէլի համար», յայտնեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց նաեւ սահմանագծումին իմաստով Լիբանանի ցուցաբերած միացեալ կեցուածքը` աւելցնելով նաւթ եւ կազ արտահանելու Լիբանանի կարիքը: «Այնպէս մը չէ, որ սահմանագծումը կատարելէ ետք յաջորդ օրն իսկ մենք ծորակները պիտի բանանք եւ նաւթ արտահանենք, սակայն Լիբանանի հանդէպ միջազգային վստահութիւնը պիտի վերականգնուի եւ տնտեսական ներդրումները պիտի բազմանան: Սակայն պէտք է նաեւ իրականութիւններու մասին խօսիլ, այսինքն` անդրադառնալ ուժի հաւասարակշռութեան, որուն շնորհիւ Լիբանան կրցաւ ներկայացնել թիւ 23 սահմանագիծի, Կանայի նաւթահորին եւ նաւթահորը հորատելու իրաւունքի երաշխաւորման պահանջները, եւ պարտադրել, որ Իսրայէլ իր կարգին չսկսի նաւթ արտահանելու, այլապէս` Իսրայէլ կը սկսէր այդ հոլովոյթին: Ուրեմն մենք պէտք է այս բոլոր տուեալներէն օգտուինք եւ պնդենք ծովային սահմանագծում կատարելու կարեւորութիւնը», շեշտեց ան:

Անդրադառնալով Հըզպալլայի ինքնագլուխ քայլերուն մասին հաղորդավարին ակնարկութեան` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Լիբանանի բոլոր կառավարութիւնները իրենց աշխատանքային ծրագիրին մէջ որդեգրած են «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազը, այսինքն` ոչ ոք կրնայ միւսին դէմ յաւելաբանութիւններ կատարել: «Հըզպալլա պատերազմ չ՛ուզեր, սակայն անոր փոխարէն կը կարծէ՞ք, որ Իսրայէլ պատճառաբանութեան կարիք ունի` որեւէ պատերազմ սանձազերծելու: Եթէ Իսրայէլ որոշեց պատերազմիլ, ան պատճառաբանութիւնը կը ստեղծէ եւ անօդաչու թռչող սարքերու կարիք չունի», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ բանակցութիւնները կը վարեն անոնք, որոնք զօրաւոր են եւ ուժ ունին, «եթէ լիբանանեան բանակը հզօր ըլլար այնքան մը, որ կարենար ուժի հաւասարակշռութիւն պարտադրէր, ապա Հըզպալլայի անօդաչու թռչող սարքերուն եւ անոնց զօրութեան կարիքը չէր ըլլար, սակայն դժբախտաբար մեծ պետութիւնները կ՛արգիլեն լիբանանեան բանակին հզօրացումը եւ կը մերժեն զայն օժտել այնպիսի զէնքերով, որոնցմով կրնայ դիմադրել Իսրայէլին եւ ուժի հաւասարակշռութիւն պարտադրել», յայտնեց ան:

Նախագահական ընտրութիւն կատարելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց, որ մինչեւ 31 հոկտեմբեր հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրուի` ի՛նչ ալ ըլլան միջազգային եւ շրջանային պայմանները:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահի ընտրութեամբ Վիեննայի բանակցութիւնները, Իրան-Սէուտական Արաբիա խորհրդակցութիւնները պիտի չազդուին, Սուրիան ամբողջութեամբ պիտի չազատագրուի, «որովհետեւ այս իրողութիւնները չեն ազդուիր Լիբանանով, այլ Լիբանան կ՛ազդուի անոնցմէ: Հետեւաբար պէտք է մինչեւ 31 հոկտեմբեր հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրուի, որպէսզի կարելի ըլլայ վերոնշեալ հոլովոյթներուն ունենալիք լաւատեսական զարգացումներէն օգտուիլ կամ նուազագոյնը մեծ վնասներ չկրել, եթէ այդ հոլովոյթներուն ազդեցութիւնը յոռետեսական ըլլայ: Այդպիսով ապահոված կ՛ըլլանք սահմանադրական իմաստով երկրին Ա. պաշտօնը, կը նշանակենք վարչապետ մը եւ կը կազմենք կառավարութիւն մը, որպէսզի կարենանք այս երկրին մէջ մեր կեանքը շարունակել», աւելցուց ան:

Հանրապետութեան նախագահի յատկանիշներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հիմնականը թեկնածուի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելն է, «որովհետեւ եթէ թեկնածուն յստակ է եւ անոր անձին շուրջ համաձայնութիւն կայ, ապա այդ յատկանիշները պատրաստ կ՛ըլլան պատշաճեցուելու սոյն անձնաւորութեան», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ անշուշտ բոլորը կը պահանջեն, որ հանրապետութեան նոր նախագահը ըլլայ ատակ, կարող, պարկեշտ անձնաւորութիւն մը, որ քաղաքականութեամբ զբաղիլ գիտէ եւ ծանօթ է երկրին պայմաններուն, տնտեսութենէ հասկցող է եւ այլն:

«Իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութիւն մենք համաձայն ենք հանրապետութեան նախագահի մը, որ ըլլայ կառավարիչն ու իրաւարարը եւ իմաստութեամբ ղեկավարէ երկիրն ու զայն դուրս բերէ իր տագնապէն` կարենալ օգտագործելով հանրապետութեան նախագահին տրուած եւ տակաւին պահպանուող սահմանադրական իրաւասութիւնները: Նախընտրաբար հանրապետութեան յաջորդ նախագահը քրիստոնէական համաձայնութեան արժանանայ եւ ընտրուի կարելի եղածին չափ մեծաթիւ քուէներով, որպէսզի նախագահը ժողովրդականութիւն ունենայ եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովէ: Մենք այսպէս կը պատկերացնենք հանրապետութեան յաջորդ նախագահը, որ բոլոր արաբական երկիրներուն մէջ միակ քրիստոնեայ նախագահն է», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ վերոնշեալ յատկանիշները ունի, իսկ լիբանանեան բանակի հրամանատարին մասին հարցումի մը պատասխանելով` ան նշեց, որ ինք անձամբ` իբրեւ Յ. Բագրատունի դէմ է, որ զինուորական մը հանրապետութեան նախագահ դառնայ:

Ան աւելցուց, որ նախագահ Աուն իմաստուն էր եւ իրաւարար: «Անոնք, որոնք մօտէն չեն ճանչնար հանրապետութեան նախագահը եւ անոր յայտարարութիւններուն ընդմէջէն կը դատեն զայն, կրնան տարբեր տպաւորուած ըլլալ», շեշտեց երեսփոխան Բագրատունի:

Անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահի այն յատկանիշին, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ առաջարկուած է, Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ հոգեւորականները` բոլորը, պէտք է չէզոք ըլլան, սակայն քաղաքական անձնաւորութիւն մը` հանրապետութեան նախագահը չի կրնար չէզոք ըլլալ:

Օր մը առաջ «Ֆետերըլ» դրամատուն մուտք գործած եւ պաշտօնեաներն ու յաճախորդները պատանդ վերցուցած Պասսամ Հիւսէյնի մասին հարցումի մը պատասխանելով Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անիկա լիբանանեան հակադրութիւններէն օրինակ մըն է:

«Բոլորս զգուշացուցած էինք նման դէպքերէ: Ճիշդ է, որ Պասսամ Հիւսէյն իրաւունք ունի, որովհետեւ դրամատան մէջ գումար ունի եւ հօր բուժման համար նիւթականի կարիք ունի, սակայն անոր արարքը օրէնքին դէմ է: Դրամատուներու սեփականատէրերը խախտա՞ծ են օրէնքը, այո՛ խախտած են, եւ օրէնքը զանոնք կը պաշտպանէ՞, այո՛ կը պաշտպանէ: Կամ օրէնքը փոփոխութեան պէտք է ենթարկել եւ կամ նման դէպքերու կրկնութեան ականատես ըլլալ: Նման դէպքեր պատահեցան նաեւ դեղարաններու, հիւանդանոցներու, փուռերու եւ այլ վայրերու մէջ», հաստատեց ան:

Share