«Թուրքիան Պէտք Է Իմանայ, Որ Կրակի Հետ Կը Խաղայ» Կ՛ըսէ Իրանցի Դիւանագէտ Մը

«Թուրքիան Պէտք Է Իմանայ, Որ Կրակի Հետ Կը Խաղայ» Կ՛ըսէ Իրանցի Դիւանագէտ Մը

Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկիչներուն Սուրիայէն դէպի Ազրպէյճան տեղափոխումն ու անոնց Իրանի սահմաններուն մօտ ներկայութիւնը անընդունելի է: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այդ մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտարարած է իրանցի դիւանագէտ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի նախկին դեսպան  Քազեմ Սաժատի` այդ գրառումին կից հրապարակելով այդ մասին տեսանիւթ:

«Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Հայաստանէն, Սուրիայէն եւ Իրաքէն ետք, Թուրքիան հիմա ալ չարամիտ գործողութիւններ կը ծրագրէ Իրանի սահմաններուն մօտ: Թուրքիան պէտք է իմանայ, որ ասիկա կրակի հետ խաղալ է», գրած է Քազեմ Սաժատի:

Share