Վարչապետ Փաշինեան իրաւունք չունի արգիլելու ոեւէ հայու մուտքը Հայաստան

Վարչապետ Փաշինեան իրաւունք չունի արգիլելու ոեւէ հայու մուտքը Հայաստան

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

www.TheCaliforniaCourier.com

Անցեալ շաբաթ,  Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան ժամանելէ ետք, Ֆրանսայի հայկական համայնքի ղեկավար Մուրատ (Ֆրանք) Փափազեանի եւ անոր կնոջ թոյլ չեն տուած մուտք գործել Հայաստան։ Փափազեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համաշխարհային ղեկավարութեան (Բիւրոյի) անդամ է եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահներէն մէկը:

Անձնագրի ստուգման ժամանակ, Փափազեանի ըսած են, որ պէտք է սպասէ, մինչեւ որ իր տուալները ստուգուին: Ան ունէր ֆրանսական պատշած անձնագիր եւ Հայաստան մուտք գործելու համար վիզայի կարիք չունէր։ Մինչ ան կը սպասէր, մաքսաւորները հեռաձայնով կը խորհրդակցէին վերադաս պաշտօնեաներու հետ։

Այնուհետեւ Փափազեանը տարած են օդակայանի մեկուսացուած մէկ սենեակը, ուր զայն պահած են քանի մը ժամ: Ի վերջոյ, ԱԱԾ (ազգային անվտանգութեան ծառայութեան) պաշտօնեաները ըսած են, որ կ՛արգիլուի իրեն Հայաստան մուտք գործել։

Հակառակ Փափազեանի պահանջներուն՝ անոր երբեք չեն յայտնած Հայաստան մուտքի արգելքին պատճառը։ Զայն վռնտած են երկրէն՝ յաջորդ թռիչքով վերադարձնելով Փարիզ։

Ասիկա բարոյական, իրաւական, դիւանագիտական եւ ազգային լուրջ հետեւանքներով միջադէպ մըն է։

Բարոյական առումով․ եթէ հայ պաշտօնեաները կը փափաքին արգիլել ոեւէ մէկուն մուտքը Հայաստան, անոնք պէտք է ունենան նուազագոյն քաղաքավարութիւնը՝ անհատին յայտնելու նման լուրջ որոշման մը պատճառը: Այցելուն իրաւունք ունի գիտնալու, թէ ինչո՛ւ իրեն թոյլ չեն տար երկիր մտնել։

Հայաստանի օրէնսդրութեան առումով․ անկախ դէպի երկիր Փափազեանի մուտքը արգիլելու պատճառէն, հայ պաշտօնեաները իրաւունք չունին այսպիսի ինքնուրոյն քայլի մը դիմելու՝ անոնք ըլլան օդակայանի պաշտօնեաներ, ԱԱԾ գործակալներ, թէ վարչապետ։ Ոեւէ այցելուի, առաւել եւս հայրենակիցի՝ երկիր մուտքը արգիլելը շատ լուրջ որոշում է։

Եթէ Փափազեան խախտած էր Հայաստանի որեւէ օրէնք, օդակայանի պաշտօնեաները կրնային զայն կալանաւորել, մեղադրանք ներկայացնել

դատաւորին, որ երկու կողմերը լսելէ ետք, ապացոյցներու հիման վրայ օրինական որոշում մը կայացնէր։ Հայաստան երկիր մըն է, որ օրէնքո՞վ կը կառավարուի, թէ՞ վարչապետի վրիժառու որոշումներով։ Եթէ  մարդ մը կրնայ նոյն ատեն հանդէս գալ  իբրեւ  իշխանութեան  գործադիր,  օրէնսդիր  եւ  դատական  ​​մարմիններ, ապա Հայաստան հեռու է ժողովրդավարական երկիր ըլլալէ։ Ցաւալի է, որ չորս տարի առաջ՝ իբրեւ ժողովրդավար ներկայանալով, իշխանութեան եկած Նիկոլ Փաշինեան կ՛անտեսէ ժողովրդավարական բոլոր չափանիշները։ Փափազեանի միակ մեղաւորութիւնը Փաշինեանի ձախողած վարչակարգին ուղղուած քննադատութիւնն է։

Եւրոպական օրէնքներու առումով․ Հայաստան այս պարագային խախտած է Մարդկային իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան մասին համաձայնագիրի քանի մը սկզբունքներ, որոնց պարտաւորուած էր հետեւիլ։ Պահանջուող ընթացակարգը այն է, որ Փափազեան նախ վիճարկէ իր վտարումը Հայաստանի ներքին դատարաններու մէջ: Եթէ հոն յաջողութեան չհասնի, ապա Փափազեան կրնայ իր բողոքը յղել Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան: Համոզուած եմ, որ Եւրոպական դատարանը պիտի վճռէ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը խախտած է Փափազեանի «արդար դատաքննութեան իրաւունքը», «արտայայտուելու ազատութիւնը» եւ «տեղաշարժի ազատութիւնը»։ Աւելի՛ն. Փափազեանի վտարումը  ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագրի խախտում էր։

Ֆրանսայի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու վրայ այս միջադէպի հաւանական բացասական ազդեցութեան մասին. իբրեւ Ֆրանսայի քաղաքացի, Փափազեան բողոք ներկայացուցած է Երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատուն եւ Փարիզի մէջ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Իբրեւ յայտնի քաղաքական գործիչ՝ Փափազեան սերտ կապեր ունի Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի եւ ֆրանսացի բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու հետ։ Արդէն այս տարուան Մայիսի մէկին ուրիշ տհաճ միջադէպ մը տեղի ունեցած էր, երբ Փարիզի հայամէտ քաղաքապետ Անն Իտալկոյի՝ Հայաստան այցելութեան կ՛ուղեկցէր Փափազեան։ Քանի որ Փափազեան Փաշինեանի քննադատն է, այդ օրերուն ան վարչապետի աշխատակազմին տեղեկացուցած էր, որ պիտի չմիանայ Փաշինեանի եւ քաղաքապետի միջեւ նախատեսուող հանդիպման, որպէսզի հանդիպման ընթացքին տհաճ տեսարան չստեղծուի։ Առանց որեւէ բացատրութեան, վերջին պահուն, վարչապետը որոշած է ջնջել Փարիզի քաղաքապետին հետ հանդիպումը։ Ասիկա դիւանագիտական մեծ սխալ մըն էր։ Հայաստան չի կրնար իրեն թոյլ տալ՝ վանել ֆրանսացի պաշտօնեաները, որոնք իրեն ամէնէն ջերմ կողմնակիցներէն են։

Հայաստանի կառավարութեան  կողմէ  Հայ ժողովուրդի հաւաքական շահերը  խարխլելը արդիւնաւէտութեան հակառակ բան է.  մինչ Հայաստան շրջապատուած է արիւնարբու թշնամիներով, իսկ անոր գոյութիւնը՝ վտանգուած, անոր ղեկավարները զբաղած են Սփիւռքի դէմ ինքնաոչնչացման գործողութիւններով, ինչ որ աւելի եւս կը նպաստէ Հայաստանի թուլացման։ Եթէ Ատրպէյճան ունի հսկայական նաւթատոլարներ, Հայաստանը ունի մեծ Սփիւռք, որ սակայն չօգտագործուած հարստութիւն է:

Կը վախնամ, որ Փափազեանի վտարումը, եթէ արագ  չբեկանուի, բացասական ազդեցութիւն ունենայ եօթը միլիոն հոգի հաշուող Սփիւռքի հետ  Հայաստանի ունեցած յարաբերութիւններուն վրայ։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը, թիւով աւելի շատ սփիւռքահայերու Հայաստան այցելելը, ներգաղթելը եւ ներդրումներ ընելը քաջալերելու փոխարէն, զանոնք անխոհեմաբար կը  հեռացնէ իրենց հայրենիքէն:

Քանի որ Փափազեանի միակ մեղքը այն է, որ ան եղած է Փաշինեանի քննադատը, անոր վտարումը կրնայ պատճառ հանդիսանալ, որ ուրիշ շատ սփիւռքահայեր, որոնք դէմ են վարչապետին, խուսափին Հայաստան այցելելէ՝ մտավախութիւն ունենալով, որ զիրենք եւս  կը կասեցնեն Երեւանի օդակայանին մէջ եւ թոյլ չեն տար, որ  այցելեն իրենց հայրենիքը։

Շատ ցաւալի է, որ Փափազեան՝ մարդ մը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրաբերած է Հայաստանի եւ Հայ Դատի շահերու պաշտպանութեան, այսպիսի վիրաւորական վերաբերումի արժանանայ: Մեծ տխրութեամբ ան յայտարարած է. «Գիտէի, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա մուտքս արգելուած է։ Այսօր ինծի կ՛արգիլեն մուտք գործել Փաշինեանի Հայաստան»։

Թրգմ. Ռուզաննա Աւագեան

Share