Վարուժ Բաբումեան
Կիրակի 17 Յուլիս 2022-ին Պըրպէնքի Հայ Կեդրոնեն ներս տեղի ունեցաւ Ռոման Մուշեղեանի բեմադրութեամբ եւ Ալեքսանդր Խաչատրեանի կեդրոնական դերակատարութեամբ ԳԱՐՈՒՆ Ա… ֆիլմի շնորհանդէսը:
Վեց երկար տարիներու արհեստավարժ աշխատանք մը, որ արդարօրէն կարելի է ըսել նորագոյն Հայ ֆիլմարուեստի գլուխգործոցներէն մին է:
Մաքուր հայերէն լեզու, արհեստավարժ խաղարկութիւն, գրեթէ անթերի սինեմատոգրաֆի, մարդկային յարաբերութիւններու հարազատ ու անկաշկանդ ներկայացում, բարձր հայրենասիրութեան դրսեւորում ուր ներկայ է Կոմիտաս, հայ ժողովուրդի յաւերժական լեռ՛ Արարադ, ազգային մշակոյթի ու տեսակի հարազատ դրսեւորում եւ ամէնէն կարեւորը՝ հայոց բանակի հերոսական մարտնչումը ընդդէմ թուրքին ու թշնամիին:
Եզակի ստեղծագործութիւն մը, որ անկասկած պիտի արժանանայ Հայ հանդիսատեսի բարձր գնահատանքին ու քաջալերանքին:
Հակառակ անոր որ ֆիլմի պատասխանատուներու պնդմամբ ֆիլմը պէտք չէ քաղաքականացնել, բայց եւ այնպէս ֆիլմի հիմնական բաժինը յատկացուած է թուրքի եւ ազերիի թէ՛ քառօրեայ եւ թէ՛ 44 օրեայ պատերազմներու ընթացքին կատարած բարբարոսութիւններուն:
Կը մնայ շնորհաւորել ֆիլմի երիտասարդ բեմադրիչ Ռոման Մուշեղեանին իր բարձր արհեստավարժութեան համար իսկ Ալեքսանդր Խաչատրեանին ալ իր անզուգական դերակատարութեա համար: