#անմարմնայմերգլխին

#անմարմնայմերգլխին

Ցողիկ Աշըգեան

ՀՅԴ ՀԵՄի անդամ

Դաշնակցութիւնը խօսքի ազատութեան ամենամեծ ճատագովն է եւ պաշտպանը Հայկական քաղաքական իրականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող կուսակցութիւններէն, բայց խօսք կայ որ իր հակառակութեան մէջ իմաստ ունի, խօսք ալ կայ որ դատարկումտութենէ կը տառապի:

ՔՊ-ական ուսապարկի մը խօսքը այնքան կշիռ ունի, բովանդակային առումով, ինչքան փուչիկ մը կրնայ ունենալ։

Ոչ մէկ առարկայական վէճ կամ փաստ կայ իրենց խօսքերուն մէջ, ուսումնասիրել բառն ալ իրենց համար սիվիլ նէթի թաթուլյակոբեանական մեկնաբանութեամբ յօդուածի մը ընթերցումն է։ Gossip (բամբասանք) էր երէկուայ հարցազրոյցը առաջին ալիքին վրայ: Իսկ իսկական թեման՝ թուրքիոյ եւ ազրպէյճանի հետ նոր համաձայնութեանց մասին՝ ջրուեցաւ, ըսելով որ «ոչ մէկ փաստաթուղթ չենք ստորագրեր կոր թուրքին հետ», եւ սուտլիկ Միհրանին ցանկին վրայ մէկ սուտ ալ աւելցաւ։

Իսկ Դաշնակցութեան «արկածախնդրութեան» անդրադարձը , հարցազրոյցի գլուխգործոցներէն էր։ Դաշնակացութեան յօրինուած «արկածախնդրութեան» գոյութեան մասին առաջինը դուք պիտի զգայիք: Քաղաքական տհասութեան նոր ռեքորտ կ’արձանագրէք կոր։

Եւ ուրիշ գլուխգործոց մը, հայ քաղաքական միտքը ապականողները , կը քննարկեն անոր տիտաններուն գործերը։

Սիմոն Վրացեանի ժառանգութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, անոր «կեանքի ուղղիներով» մեծարժէք վաւերագրական պատումն է իր անցած ճանապարհին։ Անոր ժառանգը Լիբանանի հայկական ճեմարանն է իր հարիւրաւոր սաներով։ Ան դաստիարակած է հայեցի եւ հայրենապաշտ սերունդներ որպէս ուսուցիչ եւ ապա որպէս ճեմարանի տնօրէն: Ժամանակ մը երբ եռագոյնը Հայաստանի երկնքին վրայ արգիլուած էր ծածանիլ, ինք զայն բարձր պահած էր սփիւռքի հայ դպրոցի բարձրունքին վրայ։

Գոնէ կը գիտակցիք ձեր չնչինութիւնը։

Ձեր թողած ժառանգութեան մասին խօսողներուն բանտարկողներ, մահ ու դասալքում քարոզողներ, մեր եղբայրները արիւնարբու թշնամիին ճիռաններուն մէջ պահողներ, մատ անգամ չի շարժեցիք անոնց վերադարձին համար, պարգեւավճարներով լեցուն գրպանները արգիլեցի՞ն ձեզի, իսկ մեր հողերը՝ Արցա՞խը, Սիւնիք, Արցա՜խը…

Դաշնակցութիւնը պիտի պայքարի ձեր դէմ, ձեր տէրերուն դէմ, հակահայ բոլոր տարրերուն դէմ եւ ամենակարեւորը՝ ցեղասպանին դէմ , որ հարիւր տարի ետք կրկին անգամ , դո՛ւք, հագեցուցիք անոր ծարաւը հայու արեան, դո՛ւք, այո դո՛ւք, ձեր ժառանգութիւնը հայ ցեղասպանողին ծափ տալն է։

Վերջապէս, հայ ըլլալը խօսքով չէ, հայ ըլլալը գործ է, եւ այդ գործը պայքարի մշտական օղակ մը եղած է, դարերով, ձեր գործերը վառ ապացոյց են որ հայութեան հետ աղերս անգամ չունիք եւ այդ իսկ պատճառով Դաշնակցութեան էութիւնը դժուար ըմբռնելի է ձեր նմաններուն համար։

Հայութեան սիրելի զաւակներ՝

Շատ են պոռոտախօսները, զրպարտողները , ցեխարձակողները, ատողները…

Միշտ ալ եղած են, սակայն կենդանի գործի օրինակն է որ իսկականն է։ Դաշնակցութիւնը ձեզմէ ծնած է, ձեզի համար։ Մեր մետաղը դուք գիտէ՛ք, (քարէ հոգի, երկաթէ մարդ) եւ վստահ եմ , որ ձեր սրտին խորհքը մեր հետ յոյս կը կապէք, մի՛ վարանիք եւ մի՛ խաբուիք պարապ խօսքերէ, մեր պայքարը արդար է , մեր եզրակացութիւնները՝ ճիշդ:

Այս վարչախումբը թուրքի գործակալ է եւ կեղեքումի ու շահագործման մարմնացում, եւ աս երկուքը հայ արժանապատիւ մարդուն հարուածած երկու մեծագոյն չարիքներն են, մէկը խլեց մեր թուաքանակի 1.5 միլիոնը եւ մեր Հայրենիքին կէսէն աւելին, միւսը խլեց մնացածին օրուայ հացը եւ հայրենիքի մէկ այլ կենսական մասը յանձնեց առաջինին, 5000 կտրիճներ մոռթուելու ղրկելէ ետք։

Դաշնակցութեան պայքարը թուրքին եւ հայութեան կեղեքողներուն դէմ է։

Իսկ աս երկուքին յաղթելու համար՝ սատանային հետ ալ պատրաստակամ ենք համագործակցիլ, ո՞վ պիտ ըլլայ մեզ մեղադրողը երբ յաղթենք։

Share