Մեր կարգն է պատերազմ յայտարարելու

Մեր կարգն է պատերազմ յայտարարելու

Սեդօ Պոյաճեան

Տագնապալի օրեր են։

Բայց նաեւ լաւագոյն օրերն են մեր Նպատակի իրագործման համար։ Միայն Նպատակի ճիշդ, անխառն ու անխարդախ հետապնդումով է, որ վերջ կը դրուին տագնապներուն ու կը լուսագծուին լաւագոյն օրերը։

Եւ ո՞րն է մեր նպատակը։

Մենք կը նպատակադրենք՝

«Ա.- Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտում: Միացեալ Հայաստանի սահմաններուն մէջ պիտի մտնեն Սեւրի դաշնագրով նախատեսուած հայկական հողերը. ինչպէս նաեւ` Արցախի, Ջաւախքի եւ Նախիջեւանի երկրամսերը:

«Բ.- Թուրքիոյ կողմէ հայութեան դէմ գործադրուած եւ ցարդ անպատիժ մնացած Ցեղասպանութեան ոճիրի միջազգային դատապարտում, բռնագրաւեալ հողերու վերադարձ եւ վնասուց հատուցում հայ ազգին:

«Գ.- Տարագիր ու աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբում ամբողջական Հայաստանի հողին վրայ:

«Դ.- Հայաստանի պետականութեան հզօրացում, ժողովրդավարութեան եւ իրաւական պետութեան նուիրագործում, ժողովուրդի բարօրութեան ապահովում եւ ընկերային արդարութեան հաստատում:»

                                                                      Հ.Յ.Դ. ԾՐԱԳԻՐ

Ան որ, հայ թէ ոչ-հայ, չի հաւատար այս Նպատակին, ան մեր բարեկամը չի կրնար ըլլալ։

Ան որ, հայ թէ ոչ-հայ, դէմ է այս Նպատակին, ան մեր գործակիցը չի կրնար ըլլալ։

Ան որ, հայ թէ ոչ-հայ, կը ձգտի խափանել այս Նպատակը, ան կրնայ միայն մեր թշնամին ըլլալ։

Տագնապալի օրերը լաւագոյն օրերու վերածելու միակ ճանապարհն է այս դիրքորոշումը՝ հայու թէ ոչ-հայու նկատմամբ։

Այսօր մեր Նպատակին դէմ պատերազմ յայտարարած են որոշ շրջանակներ՝ հայ թէ ոչ-հայ։

Բայց մենք պատերազմէ վախցողը չենք։

Մենք գիտենք, բազմաթիւ անգամներ ապացուցած ենք, մեր Նպատակը ապրեցնելու համար նաեւ մեռնիլ։

Ուստի, այսօր մեր կարգն է պատերազմ յայտարարելու՝ ի սպաս մեր Նպատակի նուիրագործման։

Մենք կը սկսինք թօթափել հանգստաւէտութեան խաբկանքը եւ մաշեցնել տարածուող քաղքենիացումի ախտը։

Մենք կը սկսինք քաղաքականանալ ու քաղաքականացնել՝ յանուն մեր Նպատակի ճշմարտութեան։

Մենք կը սկսինք յեղափոխականանալ ու յեղափոխականացնել՝ ի սպաս մեր Նպատակի կենսագործման։

Մեր Նպատակը մեր էութիւնն է, մեր գոյութեան իմաստն է։

Նպատակը մենք ենք, մենք՝ նպատակինը։

Մեր տեսլականը պայծառ է, մեր հաւատքը՝ պինդ, մեր յոյսը՝ վառ, մեր պայքարի կամքը՝ աներեր։

Մենք պատրաստ ենք մեր լաւագոյն օրերու կերտման համար։

Յուլիս 13, 2022

Share