Ա՜Խ այս ամենազօր նախկինները…

Ա՜Խ այս ամենազօր նախկինները…

Սլաքներ

Ս. Մահսէրէճեան

                Հայաստանի մէջ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը արդէն աւելի քան 4 տարեկան է, իսկ 44-օրեայ պատերազմէն ետք սահած է աւելի քան մէկ ու կէս տարի, սակայն աւելի քան տարի մը առաջ վերարտադրուած իշխանութեան բառամթերքով՝ «նախկիններ»ը այնքա՜ն ուժեղ նստած են, որ կը խանգարեն բարեմիտ եւ խաղաղասէր ՔՊ-ականներուն իւրաքանչիւր քայլը, կը մնան աղբիւրը բոլոր պատուհասներուն:

                Փա՞ստ կ’ուզէք նախկիններուն կարողութիւններուն: Խնդրե՜մ: Թուենք մէկ քանին, մնացեալը թողունք ընթերցողի երեւակայութեան:

***

                Նախկինները այնքա՛ն հզօր նստած են, որ պատճառ դարձան 44-օրեայ պատրեազմին, Արցախի մեծ մասին կորստեան, բազմահազար զոհերու եւ վիրաւորներու: Անոնք է որ իրենց լռութեամբ ու կրաւորականութեամբ՝ ազերիները կը քաջալերեն, որպէսզի խլուած շրջաններուն մէջ փճացնեն հայութեան հետքերը՝ մշակութային կոթողները: Նախկիններն էին, որ կազմաքանդեցին դիւանագիտական համակարգը, բանակն ու յառաջապահ դիրքերը, հիմա ալ թոյլ չեն տար, որ սահմանագիծը պաշտպանուի, բանակը զինուի եւ ունենայ կարգին հրամանատարութիւն:

                Նախկիններն էին, որ Շուշիէն, Հատրութէն, Քարվաճառէն եւ ամբողջ հարաւային Արցախէն ետք, Գորիս-Կապան ճամբան, Սեւ լիճն ու այլ հողամասեր նուէր տուին Ազրպէյճանի, եւ դեռ ալ կը համարձակին վարչապետը ամբաստանել, ըսելով, որ ան ազերիական անուններով կը կոչէ նա՛եւ Հայաստանի որոշ շրջանները: Նախկիններն էին, որ ճնշում բանեցուցին վարչապետին ու «ուսապարկերուն» վրայ, որպէսզի յայտարարեն, թէ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ կան անվիճելիօրէն հայկական հողամասեր, որոնք խորքին մէջ Ազրպէյճանի պատկանած են հին-հին դարերէ ի վեր, հիմա ժամանակը եկած է, որպէսզի մեր խլած բոլոր հողերը վերադարձնենք: Նախկիններն են, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ համաձայնութեան եկած են… գաղտնօրէն, «ժողովուրդի կռնակ»էն, որպէսզի մեր դարաւոր թշնամիները ձեռնարկեն իրենց դարաւոր երազներուն իրականցաման, սկսելով «Զանգեզուրի միջանցք»էն: Ո՛չ մէկ կասկած, որ 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրը շատո՜նց ստորագրուած էր նախկիններուն կողմէ, որոնք այսօր կը ստեն, ըսելով, որ նախորդ պատրեազմներուն, արեան գնով ու կենաց-մահու ճակատումներով պահպանած են Արցախն ու Հայաստանը: Նախկիններն էին, որ Արծրուն Յովհաննիսեանի մը բարեմտաբար ներշնչում տուին սուտերով կերակրելու ամբողջ հայութիւնը:

                Նախկիններուն տնտեսական կարողութիւններն ալ արհամարհելի չեն. անոնք է որ այսօր պատճառ կ’ըլլան տնտեսական-ընկերայն տագնապներու ծանրացման, մինչդեռ իշխանութիւնը ոգի ի բռին կը փորձէ համոզել, թէ սղաճ չկայ, արտադրողականութիւնը աճ կ’արձանագրէ, մանաւանդ արտաքին առեւտուրը պատմական վերելքի մէջ է, իսկ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ բարեկամութեան էջին բացումը իրականութիւն պիտի դարձնէ «Հայաստան երկիր դրախտավայր»ը, մեզմէ խլուած ջուրի աղբիւները պիտի վերաբացուին (ով գիտէ ի՞նչ գինով): Նախկիններն են, որ արգելք կ’ըլլան դրացիին եւ հեռաւորին, մանաւանդ բնական դաշնակիցներու հետ դիւանագիտական յարաբերութեանց հեզասահ ընթացքին: Ալ ի՜նչ խօսք, որ նախկիններն էին ժողովուրդը բաժնեցին սեւի ու սպիտակի, յեղափոխականի եւ հակայեղափոխականի:

                Ամենազօր նախկինները թափանցած կը մնան բանակին եւ դատական համակարգին մէջ: Անոնք է որ մերթ ընդ մերթ զինուորներու սպանութեան-անձնասպանութեան պատճառ կ’ըլլան, անոնք է որ դատական համակարգէն ներս սպրդեցուցած են Ջհանկիրնեաններն ու նմանները, որպէսզի մուր քսեն իշխանութեան ճակատին:

                Մէկ խօսքով, եթէ այսօր Հայաստան պատուհասէ-պատուհաս կը վազէ, անոր ապագան «Դամոկլեան սուր»ի տակ է (դուք ըսէք՝ սուրերու), այդ բոլորին պատճառը նախկիններն են: Անոնք էին, որ կրնային պատերազմը նման աղէտալի ելքի չհասցնել, այսօր կը փորձեն արգելակել խաղաղութիւնն ու տնտեսական բարգաւաճումը:

                Մէկ խօսքով, նախկինները շա՜տ աւելի մեծ յանցանքներ ունին, դաւեր նիւթած են, քան ինչ որ ծանօթ է, եւ գիտենք, թէ երկիրը մինչեւ ո՛ւր կրած է անոնց այլազան ձախլիկութիւններուն հետեւանքները:

***

Այս ու նման վնասարար արարքները բաւ չըլլային կարծէք, հիմա ալ ելեր են եւ «գող բռնող»ի դեր կը խաղան իշխանութեան դէմ, մատնացոյց ընելով կամ յիշեցնելով այս կամ այն պահանջը:

Որո՞ւն օգուտ կը բերէ յիշեցնելը, թէ հարիւրաւոր գերիներ կը մնան Ազրպէյճանի մօտ, որոնց ազատ արձակման համար վարչապետն ու իր «Մատեան զօրագունդ»ը ցերեկը գիշերին խառնած են: Ո՞վ ի՞նչ կը շահի՝ յիշեցնելով, որ վարչապետը աւելի քան տարի մը առաջ, երբ ընտրապայքար կը մղէր, ճակատաբաց յայտարարեց, որ գերիները կը ներեն՝ եթէ զիրենք մէկ-երկու ամիս ալ թողունք ազերիներուն ձեռքին: Հայաստան ու հայութիւնը ի՞նչ շահ ունի, երբ նախկինները կը յիշեցնեն, որ խորհրդարանի պերճաշուք նախագահը «մտերմօրէն» կը խոստովանէր, թէ գերիները իրենց համար հարց չեն: Ինչո՞ւ յիշեցնել մանաւանդ, որ գերիներու եւ զոհերու մասին կարելի է կիրարկել «փլիւս-մինիւս 50» մտածողութիւնը: Ու դեռ կ’ուզեն՝ որ այս նուիրեա՜լ մարդիկը կենսոլորտի համաշխարհային տագնապը անտեսեն ու գործ-բան ձգած՝ դիւանագիտութիւնը լծեն այս ու նման պահանջներու հետապնդման գործին:

Ինչո՞ւ այդքան աղմուկ կը բարձրացնեն, երբ նահատակ ինկած զինուորներուն մարմինները կը վերածուին աճիւնի, թողլքուած են անփոյթ վիճակով, զանոնք քննութեան ենթլարկելու ծնողներուն պահանջը «ասֆալթին կը փռուի»:

Ամէնէն զարմանալին այն է, որ ընդդիմադիրները, որոնք իշխանութիւններուն կողմէ կը յորջորջուին «նախկիններ» (այսինքն՝ չորն ու թացը նոյն տոպրակին մէջ կը լեցուին), աղմուկ կը բարձրացնեն, երբ իշխանական դասը երկրին կողոպուտը կը վերածէ պաշտօնական եւ օրինական գործողութեան: Իսկապէս. ո՞վ կը շահի, երբ կրկին ու կրկին յիշեցում կ’ըլլայ, թէ մարդիկ պարգեւավճարներ կը բաշխեն… իրենք իրենց, յաւելեալ յատկացումներով կը պարարտացնեն իրենց դրամատնային հաշիւները, վարչապետին եղբայրը կամ իշխանութեան սերտակցած «օլիկաք»ներ շահաբեր ձեռնարկութիւններու տէր կը դառնան: Ընդդիմադիրները ինչո՞ւ կը պահանջեն, որ «ժողովուրդէն երկաթէ մանտաթ» ստացած հերոսները պէտք է մտածեն նաեւ սահմանափակ եկամուտով ապրողներուն, չքաւորութեան մատնուածներուն մասին: Սա կարելի՞ բան է. իշխանութեան դասուն պատկանող մը իրաւունք չունի՞ ըսելու, որ տեսէ՛ք, կարօտեալներուն թիւը որքա՜ն աւելի մեծ է, քան պարգեւավճար ստոացողներունը (որո՞ւ հոգը, թէ չքաւորութեան մատնուողներուն թիւը արագօրէն կը բարձրանայ: Ասանկ բաներ յիշեցնելն իսկ յանցանք է եւ նախկիններու մէկ սադրանքը):

Ինչո՞ւ մեծ հարցի վերածել ժողովրդային ընդվզումի դրօշակիրները հալածելը, հրապարակաւ ծեծի ենթարկելը, ընդդիմադիր ղեկավար դէմքի մը Հայաստան մուտքը արգիլելը, բողոքողները բանտարկելն ու մինչեւ իսկ մահուան մատնելը: Տեսէ՛ք. աշխարհի ամէնէն մեծ ժողովրդավար երկիրներուն մէջ իսկ, սկսելով Միացեալ Նահանգներէն ու Իսրայէլէն եւ հասնելով այլ երկիրներ, նման բռնարարքներ ամէն օր կ’արձանագրուին: Հայաստան ինչպէ՞ս կրնայ պահպանել «ժողովրդավարութեան պասթիոն»ի իր դիրքը, եթէ չհետեւի անոնց օրինակին (ընտանիքի, աւանդութեանց քանդումին մասին ալ գանգատողներ կան տակաւին): Եւ կը զարմանա՞ք, որ այդ երկիրներէն ծպուն չի լսուիր Հայաստանի յիշեալ իրադարձութիւններուն մասին…

Նախկինները, իմացէք՝ ընդդիմադիրները չափազանցութիւններու կը հասնին, երբ լուսարձակի տակ կը բերեն Գորիս-Կապանի «փոխընտրանք ճամբուն» անգործածելի վիճակի մատնուիլը՝ կառուցումէն հազիւ քանի մը ամիս ետք: Վարչապետի ի՜նչ ազնիւ կեցուած ունի, երբ կը նախընտրէ լռութիւն պահել այս իրականութեան դիմաց…: Չափազանցութիւն չէ՞ գերիներու ծնողներուն անտեսուած, արհամարհուած վիճակը արծարծելը: Չափազանցութիւն չէ՞ վարչապետին կառաշարին կողմէ կնոջ մը սպանութիւնը յիշեցնելը: Անմարդկային չէ՞ կրկնելն ու կրկնելը, թէ Արցախէն բռնի հեռացուածներ կը մնան անօթեւան, կը մատնուին փողոց նետուելու վտանգին, խոստացուած հատուցումն իսկ չեն ունենար, որպէսզի ապահով ծածկ մը ունենան իրենց գլխուն վերեւ: Նման «փոքրամասնութիւններո՞վ» պիտի զբաղի «հպարտ քաղաքացիներ»ու պաշտպան իշխանութիւնը: Եւ դեռ՝ նոյն ընդդիմադիրները «գլուխ կ’արդուկեն», որ վարչապետն ու իր «գունդը» որոշած են Արցախը Հայաստանին կապող գօտին Ազրպէյճանի յանձնել, փոխարէնը ստանալով ազերիներու հսկողութեան – եւ քմայքին — ենթակայ փոխընտրանք ճամբայ մը, «ազերիապատկան կղզեակներ» վերադարձնել Ազրպէյճանին, եւ ուրո՞ւ հոգը, թէ նման գօտիներու յանձնումով, Հայաստանի ռազմական դիրքերը պիտի վերադառնան «զրոյական կէտի», հոն՝ ուրկէ փորձեց հանճարե՜ղ վարչապետը վերսկսիլ Արցախի հարցին հետապնդումը: Ինչո՞ւ ահազանգել, որ Լաչինի գօտիին յանձնումը Ազրպէյճանի պիտի տայ Արցախը ուշ կամ կանուխ հայաթափելու լիազօրագիրը…: Եւ տեսէք թէ ինչպէ՜ս՝ այս բոլորը պատճառ կ’ըլլան, որ իշխանաւորներուն խաղաղասիրական ծրագիրները խափանուին, իրականացումը ուշանայ (չհաւատաք, որ Հայաստանն ալ պիտի հասնի… զրոյական կէտի):

***

                Սա նախկինները, իմանալ ընդդիմադիրները, ե՞րբ պիտի հասկնան, որ երբ խաղաղութեան էջը բացուի (պէտք չէ մտահոգուիլ, որ Թուրքիոյ ճշդած պայմաններով), այլեւս բան-հոգ պիտի չունենանք: Փրկարար Փաշինեանն ու իր գործակիցները պիտի բանան իշխանութեան նոր դարաշրջան մը, առանց… ընտրութիւններու տաղտուկին: Պիտի բացուի Հայաստանի բարգաւաճման դարաշրջանը եւ Յիսուսի մեծադիր արձանը միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ պիտի բերէ Հայաստան, սնեմացնելով… Ուքրանիոյ տագնապին հետեւանքով օտար դմամանիշներու դէպի Հայաստան հոսքը:

                Մերոնք կը պնդեն ու կը պնդեն, թէ բանակցութիւնները յառաջ կը տարուին առանց նախապայմանի: Ընդդիմադիր «նախկիններ»ը, հակառակ իրենց ամենազօրութեան, չեն հասկնար, որ հայկական կողմն է նախապայման չունեցողը, կը նախընտրէ մոռնալ հո՛ղն ալ, զոհե՛րն ալ, գերինե՛րն ալ, քանդումնե՛րն ալ: Անդին, բացայայտ է, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան նախապայմաններու դէզերով կը նստին բանակցութեան սեղան: Բառացիօրէն չ’ըսուիր, սակայն արեւու լոյսին չափ յստակ է, թէ նախապայմաններուն շարքին են Արցախի վերջնական խլումը, Հայաստանի հարաւային գօտիին իրողական, ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ իրաւական բռնակցումը, Նախիջեւանին, Արեւմտեան Հայաստանի (Շահումեանի եւ Գետաշէնի պէս մանրուքներն ալ միասին) մոռացումը, Ցեղասպանութեան համար ցեղասպանը հաշուետուութեան եւ արդար հատուցման կանչելէ հրաժարումը:

***

…Երբ խաղաղութիւն հաստատուի թուրք-ազերիական պայմաններով, նախկինները այլեւս «գլուխ ուռեցնելու» պատճառ պիտի չունենան: Ի՜նչ տարբերութիւն, թէ Արցախն ու Հայաստանը լիովին կամ իրողապէս անցնին թուրք-ազերիական ազդեցութեան, տիրապետութեա՛ն տակ: Երբ ժողովուրները եղբայրանան, կարեւո՞ր է, թէ ուր կ’ապրիս. Կրնաս Թուրքիան երազել իբրեւ փոխարինող հայրենիք, թուրքը արդէն իրը կը նկտէ Հայաստանը:

 Առաջին անկախ հանրապետութիւնը ապրեցաւ երկուքուկէս տարի: Հիմա արդէն աւելի քան 30 տարի ապրած ենք իբրեւ անկախ պետութիւն: Ի՞նչ վնաս, եթէ անկախ հայրենիք-պետութիւն կորսնցնենք: Դարեր շարունակ ապրած ենք օսմանեան, ռուսական եւ այլ տիրապետողներու «խնամքին» տակ: Վաղը դարձեալ կրնանք նման «խմանք» վայելել: Ի՞նչ կ’ըլլայ, եթէ Թուրքիա իր բազուկները դարձեալ տարածէ մեր հայրենիքին (մնացեալ) հողերուն վրայ, մեզ փրկէ ռուսական ազդեցութենէ եւ մէկդի նետել տայ անոր հետ մեր դաշինքները, ինչպէս որ փորձած է մոռացութեան մատնել Սեւրը, կ’աշխատի վերարտադրել Կարսի ու Մոսկուայի համաձայնագիրները, այս անգամ՝ Հայաստանի պաշտօնապէս ճանչցուած իշխանութեան հետ ձեռք-ձեռքի տուած: Ի վերջոյ, Թուրքիան մէկ անդամն է «նախկիններ»էն աւելի՛ հզօր ՆԱԹՕ-ին, եւ եթէ Արեւմուտքի ծրագիրը յաջողի, ճամբան բացուած պիտի ըլլայ… Հայաստանի վերջնական կորուստին:

Ու զարմանալի՞ է, որ Հայաստանի մէջ ցնծացողներ կան (իշխանաւորներու ճպոտին հետեւելով), թէ՝ ընդդիմադիրները յաջողութեան չեն հասնիր իշխանափոխութեան դիտաւորութեան ճամբուն: Արդեօք մէկը կ’անդրադառնա՞յ (բացի ընդդիմադիր ճակատէն), որ նման «ձախողութիւն» աւելի կը լայնցնէ Հայաստանի ու պետականութեան կորուստի ճամբաները, համազօր է ան-գիտութեան, ինքնալքումի, ՀԱՅՐԵՆԱԼՔՈՒՄԻ:

Բայց տեսէ՜ք, թէ Ուքրանիան ինչպիսի՜ բարիքներ կը վայելէ ՆԱԹՕ-ի պոչէն կախուելով: (Եկէ՛ք, հարցը մեր սահմաններէն շատ հեռու չտանինք եւ չմեղադրուինք իբրեւ «համաշխարհայնացումի համակիր»):

15 Յուլիս 2022

Share