ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէն կը դատապարտէ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգելումը

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէն կը դատապարտէ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգելումը

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէն եւ իր համայն շարքերն ու անդամները՝ Ֆրանսա, Հոլանտա եւ Պելճիքա, զարմանքով եւ միաժամանակ խոր ընդվզումով խստիւ կը դատապարտեն ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգելումը:

Ազգային-կուսակցական պարտականութիւններով Հայրենիք մեկնած ընկերոջ Երեւանի օդակայան ժամանման պահուն առանց պաշտօնական որեւէ բացատրութեան երկիր մուտքի արգելքը այլ բան չէ եթէ ոչ Դաշնակցութեան նկատմամբ յստակ կեցուածք: Մուրատ Փափազեան անկախութեան առաջին օրէն տարբեր առիթներով բազմաթիւ անգամներ այցելած է Հայրենիք, որոնց շարքին նաեւ ֆրանսական պետական բարձրագոյն մակարդակի պատուիրակութեանց մաս կազմելով եւ երբեք նման վերաբերմունքի չէ ենթարկուած: Լեւոն Տէր Պետրոսեանական օրերու խունդայի վարքագիծը յիշեցնող այս կեցուածքը, սակայն, անպատասխան պիտի չմնայ իրաւական առումով: Հայ մարդուն եւ ի մասնաւորի դաշնակցական գործիչին նկատմամբ նման ոճ միայն թշնամի Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կը կիրարկեն, որուն վարժ ենք ու ծանօթ, սակայն սեփական Հայրենիքի կողմէ ստացուած այսպիսի վատոգի հարուած անընդունելի է ու անմարսելի՝ ոեւէ հայու համար անխտիր:

Այս բոլորին զուգահեռ, սոյն երեւոյթը հարուած է նաեւ ժողովրդավարութեան հասկացողութեան եւ ըմբռնումներուն, որոնց անունով այնքա՜ն կը ճամարտակեն Հայաստանի այսպէս կոչուած չակերտեալ իշխանութիւնները: Ընդդիմադիր ուղղութիւն եւ հայեացքներ ունենալ եւ ամենուր դրսեւորելը խօսքի ազատութեան եւ ազատ շրջագայութեան մարդու տարրական իրաւունք է, զոր փաստօրէն կ‘ոտնահարեն արար աշխարհին ժողովրդավարութեան կեղծ պիտակով ներկայացող փաշինեանական յորդաները: Քաղաքական այս «կաֆ»-ը անհետեւանք չի մնար, եւ ոստիկանական բռնատիրութիւն հաստատած ապազգային վարչախումբը կը վճարէ գինը իր վրէժխնդրական փոքրոգի ու ճղճիմ արարքին:

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ

14 Յուլիս 2022

Փարիզ

Share