2022-2024 երկամեակի նոր Շրջանային վարչութիւն` Վիքի Մարաշլեան՝ ատենապետ, Ժարմէն Միրզախանեան՝ փոխ-ատենապետ, Մարալ Մանուկեան՝ ատենադպրուհի, Քրիսթին Խանճեան՝ գանձապահ, եւ խորհրդականներ` Էմմա Կարապետեան, Շուշան Թաշճեան, Սեդա Խոճայեան, Հայկօ Պարսամեան եւ Անուշ Չալեան:
Յուլիս, 8-էն 10, 2022-ին, Մօնթրօզի «Հայ Քոյրերու Վարժարանի» սրահին մէջ գումարուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան շրջանի 98-րդ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովը ներկայութեամբ՝ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Նայիրի Տէրտէրեան եւ անդամներ շրջանիս կապը՝ Մարալ Մաթոսեան եւ Արուսեակ Մելքոնեան, 19 մասնաճիւղերէ ընտրուած 59 պատգամաւորներու, ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան եւ հրաւիրեալներու:
Բացումը կատարուեցաւ ԱՄՆի դրօշակին հաւատարմութեան երդումով, Հայաստանի հիմներգի եւ ՀՕՄի քայլերգի խմբերգներով: ժողովի բացումը կատարեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Սիլվա Փօլատեան եւ հրաւիրեց ներկաները մէկ վարկեան յոտնկայս յարգելու 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով զոհուած հերոսներու յիշատակը ապա հրաւիրեց Հոգեշնորհ Տէր Սմբատ վրդ. Սապունճեան փոխանցելու ԱՄՆ Արեւմտեան թեմիս առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի խօսքը: Տէր Սմբատ Սապունճեան տէրունական աղօթքէն ետք յաջողութիւն մաղթեց ժողովի աշխատանքներուն եւ հեզասահ ընթացք մաղթեց ժողովին:
Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Նայիրի Տէրտէրեան եւ շնորհակալութեան յայտնեց ժողովականներուն նիւթապէս եւ բարոյապէս ՀՕՄի ծրագիրներուն թիկունք կանգնելու համար: Շրջանային Վարչութեան խօսքը փոխանցեց Սիլվա Փօլատեան ու երախտագիտութիւն յայտնեց մասնաճիւղերուն եւ անդամներու, որ անսակարկ նուիրումով կը շարունակեն գործել՝ «Ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս համար» նշանաբանով:
Յետոյ ժողովը անցաւ իր աշխատանքներուն։ Ընտրուեցան հայերէնի ատենապետ՝ Յասմիկ Տէրտէրեան եւ անգլերէնի ատենապետ՝ Սօսի Ճապրայեան, հայերէնի ատենադպիրներ՝ Նունէ Ժամագործեան եւ Վարդուկ Թաշճեան, անգլերէնի ատենադպիրներ՝ Մարալ Փօլատեան եւ Ճուտի Ճինկիրեան:
98-րդ Պատգամաւորական ժողովը երեք օրերու ընթացքին, լսեց ընթացաւարտ վարչութեան նիւթա-բարոյական տեղեկագիրը, քննարկեց կատարուած աշխատանքը, քննեց ՀՕՄ-ի անցնող եռամեակի բազմերես գործունէութեան տարբեր բնագաւառները, անդրադարձաւ գաղութիս ընկերային, առողջապահական, կրթական, դաստիարակչական, կազմակերպական, յարաբերական, մանաւանդ տնտեսական կարիքներուն՝ Հայաստանի-Արցախի-Ջաւախքի-Լիբանանի-Սուրիոյ մէջ, գնահատեց գործունէութիւնը եւ համապատասխան արժեւորումներ ու առաջարկներ կատարեց:
Անցնող եռամեայ գործունէութեան մասին Ժողովը անդրադարձաւ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակներու մատուցած զանազան ծառայութիւններուն, գլխաւորութեամբ՝ գործադիր տնօրէն Դալար Այնթապլեանին եւ Հոգեբանական Կեդրոնին, որ օգտակար կը հանդիսանայ իրեն դիմողներուն, գլխաւորութեամբ՝ Իտա Գարայեանին, որոնք բարձր գնահատանքի արժանացան: Ժողովականները նաեւ բարձր գնահատեցին Շրջանային Վարչութեան գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Ժասիկ Ջառահեանին եւ իր անխոնջ աշխատանքը:
Շրջանիս բարձրագոյն Ժողովը հանգամանօրէն անդրադարձաւ ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան Արցախի մէջ Արեւային Ջրատաքացուցիչ Սարքերու տեղադրման նոր ծրագրին, որ տաք ջուր պիտի ապահովէ: Ժողովականները յուզումնախառն արտայատութեամբ ոգեւորուեցան եւ տեղւոյն վրայ դրամահաւաքը սկսաւ, մասնաճիւղերն ու անդամները անհատապէս մասնակցեցան սոյն ծրագրի դրամահաւաքին եւ գոյացաւ $85,000.00 գումարը, ապա Շրջանային Վարչութիւնը ամբողջացուց գումարը բարձրացնելով $100,000.00-ի, յատկացնելու համար Աշանի եւ Ականաբերդի «Սօսէ» մանկապարտէզներուն, որ ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանը կը հովանաւորէ, նաեւ Ստեփանակերտի «Սօսէ« մանկապարտէզին, անմիջական օժանդակութեամբ աջակցելու արցախի հայրենակիցներուն, որպէսզի անոնք կառչած մնան մեր պապենական հողերուն:
Ժողովի աւարտին ժողովականները բանաձեւեցին իրենց առաջարկները, որոնց գործադրումը վստահեցան ընտրելի Շրջանային վարչութեան, որմէ ետք անոնք ընտրեցին 2022-2024 երկամեակի նոր Շրջանային վարչութիւնը, որուն մաս կազմեցին`
Վիքի Մարաշլեան՝ ատենապետ,
Ժարմէն Միրզախանեան՝ փոխ-ատենապետ,
Մարալ Մանուկեան՝ ատենադպրուհի,
Քրիսթին Խանճեան՝ գանձապահ,
եւ խորհրդականներ` Էմմա Կարապետեան, Շուշան Թաշճեան, Սեդա Խոճայեան, Հայկօ Պարսամեան եւ Անուշ Չալեան:
Թղթակցութիւնը՝
ՀՕՄի ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի 98-րդ
Շրջանային Պատգամաւորական Ժողովէն