Խաժակ Մկրտիչեան
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հայ իրականութեան մէջ ծանօթ է իբրեւ խստապահանջ եւ կարգապահ կառոյց: Իսկ այդ կարգապահութեան սահմանները ճշտուած են Հ.Յ.Դ. Կազմակերպական Կանոններով, աւելի ճշգրիտ՝ Կազմակերպական Կանոններու Կարգապահական բաժնին մէջ, ուր կանոնազանց ընթացքներուն համար նախատեսուած են կարգապահական տնօրինումներ, այլ խօսքով՝ դաշնակցական պատիժներ:
Պատիժ բառը կրնայ ոմանց համար դաժան հնչել, եթէ չեն գիտեր դաշնակցական պատիժի էութիւնն ու իմաստը: Ի տարբերութիւն այլ պատժական տնօրինումներու՝ Դաշնակցութեան տնօրինած պատիժը ունի դաստիարակչական բնոյթ, եւ երբեք չունի հալածանքի ու ատելութեան բաղադրիչներ: Այս իսկ պատճառով, տիպար դաշնակցականին համար պատիժի տնօրինումը ինքնասրբագրութեան կոչ մըն է: Այս գիտակցութեամբ մօտենալով՝ դաշնակցականը իր նկատմամբ եղած պատժական տնօրինումը պէտք չէ ընկալէ իբրեւ հաշուեյարդար կամ հալածանք: Դաշնակցական պատիժի տրամաբանութիւնը կազմակերպական կեանքէն մեկուսացնելն է, ինքնասրբագրման մասին մտածել տալու համար: Ուստի, մեկուսացուած ու կարգապահական տնօրինման ենթարկուած անհատը ինքնասրբագրումով կը վերագտնէ դաշնակցականի իր կարգավիճակը, դարձեալ կանոնագրով ճշտուած կարգով:
Կը պատմուի, թէ Լիբանան ապրած տարիներուն, Հ.Յ.Դ. Կանոնագրի մեծագոյն գիտակ Նիկոլ Աղբալեանի նկատմամբ մարմիններէն մին պատիժ տնօրինած է: Վաստակաւոր դաշնակցականին շուրջ կը հաւաքուին զայրացած երիտասարդ ընկերներ եւ կ’ըսեն, թէ ընկե՛ր Աղբալեան բողոքեցէ’ք, անարդար է այս պատիժը: Աղբալեան իրեն յատուկ ծանրութեամբ երիտասարդներուն կը պատասխանէ ըսելով. «Արդար պատիժները ամէն մարդ կրնայ տանիլ, իսկական դաշնակցականը ա՛յն է, որ անարդար պատիժներն ալ կրնայ տանիլ»:
Այսուհանդերձ, Դաշնակցութիւնը բծախնդրութեամբ կը մօտենայ պատժական տնօրինումներու հարցին, եւ ճիշտ ատոր համար, ի տարբերութիւն այլ որոշումներու, պատժական որոշումները կրնան առնուիլ միայն երկու-երրորդով:
Ընդունուած կարգ է նաեւ, որ պատիժի ենթարկուած ընկերոջ հետ բոլոր տեսակի կապերը, կազմակերպական կեանքի քննարկումները կը դադրին, ոչ թէ իբրեւ ատելութեան եւ քինախնդրութեան արտայայտութիւն, այլ իբրեւ զրկանք դաշնակցական ընկերական միջավայրէն ու մթնոլորտէն, որ պիտի նպաստէ ենթակայի ինքնասրբագրման ու կազմակերպական կեանքի վերադարձին:
Այստեղ հարց կը ծագի, իսկ եթէ՞ ենթական ինքնասրբագրման ճիգ չընէ եւ շարունակէ իր կանոնազանց ընթացքը: Այս պարագային, ենթական ընդմիշտ զրկուած կ’ըլլայ ընկերական միջավայրէն ու մթնոլորտէն: Հաւանաբար ան կրնայ մնալ դաշնակցականամիտ, Դաշնակցութեան գաղափարներուն ու սկզբունքներուն կրողը, բայց անատակ Դաշնակցութեան շարքերուն մաս կազմելու եւ անոր կազմակերպական կեանքին մասնակից դառնալու: Աղբալեանի օրինակով՝ պատժական տնօրինումի մը նոյնիսկ «անարդար» նկատելը, իրական դաշնակցականի մը բարոյական իրաւունք չի տար սուր ճօճելու եւ ինքնասրբագրման ուղին մերժելու, եթէ զինք առաջնորդողը դաշնակցականութիւնն է: Իսկ եթէ ուղեցոյցը դաշնակցականութիւնը չէ, ապա ենթակային դաշնակցականամտութիւնը, գաղափարներն ու սկզբունքները կրելը չեն կրնար փրկել դաշնակցականի իր պատկանելիութիւնը եւ շատ յաճախ զինք կը մօտեցնեն հակադաշնակցականութեան: Իսկ այդ պարագային, դաշնակցական պատիժի ընկերական ու դաստիարակիչ հանգամանքները տեղ չունին: