Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Հանդիպումը Միջին Արեւելեան Երկիրներու Խորհրդարաններու Անդամներուն Հետ

Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Հանդիպումը Միջին Արեւելեան Երկիրներու Խորհրդարաններու Անդամներուն Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրանի խորհրդարաններու անդամներ Յակոբ Բագրատունիի, Ժիրայր Ռէիսեանի եւ Արա Շահվերդեանի հետ:

Խորհրդակցական այս հանդիպումին առանցքը կազմեցին միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը եւ շրջանի քաղաքական գործընթացները:

Խորհրդակցութիւնը կը ներառէր հայաստանեան խնդիրները, Արցախի կացութիւնը եւ սփիւռքի մէջ հայկական գործօնի դերակատարութեան հետ կապուած հարցերը:

Share