Հայաստանի Ազգային ժողովը փակ գաղտնի քուէարկութեամբ Աննա Վարդապետեանը ընտրեց Հայաստանի ընդհանուր դատախազ: Զայն առաջադրած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը:
Ազգային ժողովի 107 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցեցան 70 պատգամաւորներ, որոնք բոլորն ալ թեր քուէարկեցին:
Ընդհանուր դատախազի ընտրութեան հարցի քննարկման ու քուէարկութեան ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւններու պատգամաւորները չմասնակցեցան:
Ընդհանուր դատախազը իր պաշտօնը կը ստանձնէ Ազգային ժողովի նիստին տրուած երդումով, որ տեղի պիտի ունենայ 15 սեպտեմբերին: